Ան­տոն ­Չե­խով, հայ ազ­գի մեծ բա­րե­կա­մը

0
47

ԺԱԳ ՏԱՄԱՏԵԱՆ 

­Վեր­ջերս, ­Հա­մազ­գա­յի­նի «Ար­շա­ւիր ­Գա­զան­ճեան» թա­տե­րա­խում­բը ներ­կա­յա­ցուց Ան­տոն ­Չե­խո­վի «Ա­մուս­նու­թեան ա­ռա­ջարկ» եւ «Ար­ջը»` մէկ ա­րա­րի կա­տա­կեր­գու­թիւն­նե­րը։ ­Սա­կայն, քի­չե­րը գի­տեն որ աշ­խար­հահռ­չակ ռուս գրո­ղը յա­տուկ սէր ու­նէր հայ ժո­ղո­վուր­դին հան­դէպ եւ բարձր կը գնա­հա­տէր հայ­կա­կան մշա­կոյ­թը, շփո­ւե­լով հան­դերձ հայ ա­րո­ւես­տի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րով։
Ան­տոն ­Չե­խով բա­րե­կա­մա­կան կա­պեր ու­նէր ­Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­կիի հետ, ի­րեն նկա­տե­լով «մեծ հան­ճար»։ Ա­մէն ան­գամ որ կ­՚այ­ցե­լէր Ղ­րիմ, կը հիւ­րըն­կա­լո­ւէր հան­րա­ծա­նօթ ծո­վան­կա­րի­չի բնա­կա­րա­նը։
Ա­տեն մը, ­Մոս­կո­ւա­յի մէջ պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւէր «­Ճա­յը», իր ա­մե­նա­ծա­նօթ թա­տե­րա­խա­ղե­րէն մէ­կը։ Բ­ծախն­դիր թա­տե­րա­գի­րը, դժգոհ նա­խորդ ձա­խո­ղած բե­մա­յար­դա­րու­թիւն­նե­րէն, բե­ման­կար­չու­թիւ­նը կը վստա­հի ­Վարդ­գէս ­Սու­րե­նեանց գծագ­րի­չին։ Ա­րուես­տի եր­կու անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ նոյն­պէս կը հաս­տա­տո­ւին բա­րե­կա­մա­կան կա­պեր։
Ազ­դե­ցիկ էր ­Չե­խո­վի հա­մար այ­ցե­լու­թիւ­նը` ­Ռու­սիոյ ­Ռոս­տով շրջա­նի ­Մեծ ­Սա­լա հա­յաբ­նակ գիւ­ղին։ Գ­րո­ղը կը հիա­նայ հայ աղ­ջիկ­նե­րու հմայ­քով ու գե­ղեց­կու­թեամբ։ ­Նաեւ կը ո­գե­ւո­րո­ւի հայ բնա­կիչ­նե­րու հիւ­րա­սի­րու­թեամբ։
Մթ­նո­լոր­տէն ներշն­չո­ւած` կը գրէ «­Գե­ղեց­կու­հի­ներ» պատ­մո­ւած­քը. կեդ­րո­նա­կան հե­րո­սու­հին է` «­Մա­րիամ (­Մա­շա) ­Գուն­տու­բեան», ո­րուն վրայ կը սի­րա­հա­րո­ւին տղա­մար­դիկ։
Ան­տոն ­Չե­խով ծա­նօ­թա­ցած էր հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու եւ կը սի­րէր հայ ա­րո­ւես­տը։ Լր­ջօ­րէն հե­տաքրք­րո­ւած էր Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ ապ­րող հա­յե­րու տան­ջանք­նե­րով։ ­Կը պատ­րաս­տէր յօ­դո­ւած­ներ, ո­րոնք պի­տի հրա­պա­րա­կո­ւէին յա­տուկ ժո­ղո­վա­ծո­ւի մը մէջ։ ­Հա­սոյ­թը պի­տի տրա­մադ­րո­ւէր քայ­քա­յո­ւած հա­յե­րուն։ ­Սա­կայն` ծրա­գի­րը մնաց կի­սատ, գրո­ղի ծանր հի­ւան­դու­թեան պատ­ճա­ռով։
Իր գոր­ծին մեծ մա­սը թարգ­մա­նո­ւած է հա­յե­րէ­նի եւ բազ­մա­թիւ թա­տե­րա­խա­ղեր բարձ­րա­ցած են հայ­կա­կան բե­մե­րուն վրայ։ Ե­րե­ւա­նի թիւ 55 դպրո­ցը կը կրէ «Ան­տոն ­Չե­խով» ա­նու­նը եւ իր կի­սանդ­րին տե­ղադ­րո­ւած է ա­նոր մօտ։
Ան­տոն ­Չե­խով հո­գա­տա­րու­թեամբ կա­տա­րեց իր բժշկա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, իսկ իբ­րեւ գրող խո­րա­ցաւ մարդ­կա­յին հո­գե­բա­նու­թեան մէջ, միշտ մար­դա­սի­րա­կան ո­գիով։ Իր վա­ղա­ժամ մա­հը զրկեց հա­յու­թե­նէն մեծ բա­րե­կամ մը, որ խօս­քով ու գոր­ծով կանգ­նե­ցաւ հայ ազ­գի կող­քին։