Loading Events

« All Events

  • This event has passed.

Բողոքի լուռ հաւաք եւ ինքնաշարժներով երթ

2 Նոյեմբեր 2020/ժամ-08:00 - 17:00

­Կի­րա­կի՝ 25 ­Հոկ­տեմ­բեր 2020-ի յետ­մի­ջօ­րէին, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. ­Միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս­պի­տակ Աշ­տա­րա­կի»ն­ առ­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ բո­ղո­քի լուռ հա­ւաք, ուր ե­րի­տա­սարդ-ե­րի­տա­սար­դու­հի­ներ, պա­տա­նի-պար­մա­նու­հի­ներ, ձեռ­քեր­նին ու­նե­նա­լով ե­ռա­գոյն դրօշ­ներ, ինչ­պէս նաեւ լո­զունգ­նե­րով պաս­տառ­ներ՝ ի­րենց բո­ղո­քը ար­տա­յայ­տե­ցին թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձակ­ման, զօ­րա­կից ե­ղան ­Հա­յոց բա­նա­կին, ինչ­պէս նաեւ աշ­խար­հէն պա­հան­ջե­ցին Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան ճա­նա­չու­մը՝ ազ­գա­յին եւ յե­ղա­փո­խա­կան յու­զիչ, միեւ­նոյն ա­տեն խրա­խու­սիչ եր­գե­րով։ ­Սոյն հա­ւա­քին ներ­կայ էին ­Թե­սա­ղո­նի­կէի կա­ռոյց­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վի­ւը, ինչ­պէս նաեւ գո­հա­ցու­ցիչ թի­ւով թե­սա­ղո­նի­կա­հա­յեր եւ օ­տար­ներ։
Մինչ այդ, տար­բեր խումբ մը, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Լանկա­տա շրջա­նէն, ա­ւե­լի քան 100 ինք­նա­շարժ­նե­րով, ե­ռա­գոյն դրօշ­ներ բարձր պար­զած, պե­տա­կան մար­մին­նե­րու հսկո­ղու­թեամբ, ի­րենց եր­թի սկիզ­բը դրին, շրջե­լով գրե­թէ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի կեդ­րո­նա­կան մայր պո­ղո­տա­նե­րէն եւ հա­սան «Ս­պի­տակ Աշ­տա­րակ»ի առ­ջեւ ու միա­ցան բո­ղո­քի լուռ հա­ւա­քին։ Տ­պա­ւո­րիչ էր տե­սա­րա­նը, երբ յատ­կա­պէս օ­տար­ներ, դի­տե­լով պար­զո­ւած ե­ղե­լու­թիւ­նը՝ ի­րենք եւս ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին ­Հայ ժո­ղո­վուր­դին։
Ս­կիզ­բէն «Ս­պի­տակ Աշ­տա­րակ»ին առ­ջեւ տե­ղադ­րո­ւած էր Ար­ցա­խի դրօ­շով զար­դա­րո­ւած դրա­մա­հա­ւա­քի փակ արկ­ղը, ուր հա­յոր­դի­ներ, ներ­կա­ներ, ան­հատ­ներ, յոյ­ներ եւ այլ օ­տար­ներ ձեռ­քեր­նին պար­զած ե­ռա­գոյն դրօ­շով ի­րենց սրտա­բուխ նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­ցին առ ի զօ­րա­ցու­թիւն մեր ­Հա­յոց բա­նա­կին։
­Սոյն ձեռ­նար­կին ա­մե­նէն յու­զիչ պա­հը այն էր, երբ ե­րի­տա­սարդ-ե­րի­տա­սար­դու­հի­ներ, 2 հատ բա­ւա­կան մեծ տա­րո­ղու­թեամբ ե­ռա­գոյն դրօշ­նե­րով «Ս­պի­տակ Աշ­տա­րակ»ի եր­կայն­քին ծա­ծա­նած ի­րենց անն­կուն հա­ւատ­քով, ան­կոտ­րում յոյ­սով ու վճռա­կամ տե­սիլ­քով ար­ժա­նա­պա­տուօ­րէն օ­տար­նե­րուն ցոյց տո­ւին ­Հա­յուն կա­պո­ւա­ծու­թիւ­նը իր ­Հայ­րե­նի­քին ու ­Հա­յոց ­Բա­նա­կին նկատ­մամբ։ ­Հուսկ, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի եր­կին­քին վրայ ծա­ծա­նո­ւե­ցաւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դրօ­շը, ուր ներ­կա­նե­րու ծա­փող­ջոյն­նե­րով եւ «ՅԱՂԹԵԼՈՒ ԵՆՔ» բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րով ըն­դու­նո­ւե­ցաւ։
Յայտ­նենք, որ նա­խա­պէս այս հա­ւա­քին տեղ ո­րո­շո­ւած էր ­Հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ բո­լոր շրջան­նե­րէն հա­ւա­քո­ւիլ ­Թե­սա­ղո­նի­կէեւ ա­ւե­լի մեծ տա­րո­ղու­թեամբ կա­տա­րել զայն, սա­կայն, դժբախ­տա­բար, վեր­ջին օ­րը պե­տա­կան մար­մին­նե­րուն կող­մէ առ­կա­խո­ւե­ցաւ՝ շրջա­նէն ներս «­Քո­րո­նա»-ի հա­մա­ճա­րա­կի տա­րած­ման ա­ռաջ­քը առ­նե­լու նպա­տա­կով։ ­Սա­կայն, հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ա­ռա­ջին տար­բե­րա­կի կող­քին մտա­ծած էին երկ­րորդ տար­բե­րա­կը, որ գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ ամ­բող­ջու­թեամբ։
­Ձեռ­նար­կը իր ա­ւար­տին հա­սաւ Հ.Հ. քայ­լեր­գով։
Ա­ւար­տին, արկ­ղը փո­խադ­րո­ւե­ցաւ «­Տէր-­Զա­քա­րեան» սրահ, ուր հա­ւա­քո­ւած պատ­շաճ ու օ­րի­նա­կե­լի գու­մա­րը հա­շո­ւե­լէ ետք, դրո­ւե­ցաւ տո­ւեալ «­Հա­յաս­տան ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րամ»ի հա­շո­ւե­հա­մա­րին։
«Ապ­րի՛ք, հա­զար ապ­րիք, ձեր բո­լո­րին վարձ­քը կա­տար»։

ԹՂԹԱԿԻՑ

Details

Date:
2 Նոյեմբեր 2020
Time:
08:00 - 17:00