Ժագ Տամատեան
Աւարտող եւրոպական առաջնութեան` մարզասէր հասարակութեան ուշադրութիւնը գրաւեց Վրաստանի հաւաքականի յաջողութիւնը, որ անցաւ 16 լաւագոյն խումբերու հանգրուանին։ Մեր ազգայինը, թէեւ որակաւորման խաղերուն ցուցաբերեց բարձր մակարդակի խաղարկութիւն, դարձեալ չհասաւ նպատակին, «ծարաւ» ձգելով հայերուս աշխարհի չորս ծագերուն։ Յունական մէջբերումով`«հասանք աղբիւր, բայց ջուր չխմեցինք»։
Հայերը եւ վրացիները միշտ մրցակից եղած են ոտնագնդակի ասպարէզին` Խորհրդային Միութեան տարիներուն։
Հռչակաւոր էր Արարատ Երեւան եւ Տինամօ Թիֆլիսի ակումբներու լարուածութիւնը։ Ընկերական խօսակցութեան մը ընթացքին ծանօթ յոյն վեթերան մը, վրացական խումբին վաղեմի խաղցող, կը պատմէր. «Արարատ Երեւանի եւ Տինամօ Թիֆլիսի միջեւ խաղերու մթնոլորտը աւելի թէժ էր քան Օլիպիագոս — Փանաթինայգոս»։
Այս երկու խումբերն ալ նուաճեցին տիտղոսներ, երբեմն ալ յառաջանալով եւրոպական բաժակներու հանգրուաններուն։ Ծանօթ` 1975-ին հայկական ակումբը հասաւ ախոյեաններու բաժակի քարորդ եզրափակիչ, իսկ վրացականը 1981-ին հանդիսացաւ Եւրոպայի բաժակակիր։
Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, նոր պայմաններ ստեղծուեցան ոտնագնդակին համար, լրջագոյն խնդիրներով։ Նախկին «համայնավարական պլօք»-ի խումբերուն համար անհրաժեշտ էր յարմարուիլ նոր մարտահրաւէրներուն, գտնուելով նորանոր դժուարութիւններու առջեւ։
Հայաստանի հաւաքականը ժամանակ առ ժամանակ արձանագրած է յաջողութիւններ։ Երբեմն ալ ունեցած է հնարաւորութիւնը ստանալու ուղեգիրը Եւրոպական առաջնութեան աւարտականի մը համար, բայց մեր ազգային խումբը զիջեց. անուշադրութիւն մը, անակնկալ պարտութիւն մը, իրաւարարի սխալ մը… թերեւս ալ չհաւատացինք մեր ուժերուն թէեւ ակնյայտ է որ տաղանդը պակաս չէ մեր խաղցողներէն։
Վերջին որակաւորման խաղերուն Հայաստանը արժանավայել մրցակցութիւն ունեցաւ ուժեղ խումբերու դէմ` Թուրքիա, Խորվաթիա եւ Ղուէյլս, սակայն պարտութիւնը Լադվիայի մայրաքաղաքին մէջ հաւանաբար ճակատագրական էր։ Եւ այս ամէնը` Հենրիկ Մխիթարեանի բացակայութեամբ։ Մեր ոտնագնդակի արդի աստղը կը շարունակէ զերծ մնալ մասնակցելէ կազմին, առանց բացայայտելու պատճառը։ Մեր ազգային հիւանդագին պառակտումը…
Բաղդատելով Հայաստանի ու Վրաստանի ազգային խումբերը, ընդհանուր գետնի վրայ կրնանք նկատել որ նոյն մակարդակի են։ Սակայն մեր դրացիներու յաջող ներկայութիւնը պատահական չէ։
UEFA-ի պաշտօնական կայքէջին յատուկ նշում կ‘ըլլայ անոնց յաջողութեան համար։ Եւրոպայի Ֆետերասիոնի գրառումին կը բացայայտուի, որ «UEFA Hat Trick»-ի նիւթական օժանդակութեան օգտագործման շնորհիւ Վրաստանի մէջ նորոգուեցան մարզադաշտեր եւ կառուցուեցան նոր մարզական կեդրոններ։ Ոտնագնդակ խաղցողներու թիւը, գրանցուած տղամարդիկ ու կիներ, բազմապատկուած է վերջին տարիներուն ընթացքին։ Մշակուած ծրագիրով` եկան դրական արդիւնքներ։
Իսկ մեր հաւաքականին վերջին պատկերը կրնանք նկատել յուսադրիչ։ Յայտացուցակին ընդգրկուած են նաեւ սփիւռքահայեր, բարձրացնելով խաղարկութեան մակարդակը։
Առաւել` Ռուսաստանի արգելափակումը նոր «դուռ» մը կը բանայ. տաղանդաւոր ռուսաբնակ հայորդիներ նախընտրելով ներկայանալ մեր ազգային խումբերով, առիթը կ’ունենան երեւալու միջազգային գետնի վրայ։ Հայաստանէն ալ բազմաթիւ խաղցողներ մաս կը կազմեն եւրոպական ակումբներու, ձեռք բերելով փորձառութիւն։
Վերջին տարիներուն ընթացքին, մարզական ասպարէզին վրայ Հայաստանին համար արձանագրուած են բազմաթիւ յաջողութիւններ, բազմապատիկ քանակութեան մետալներով։ Ոտնագնդակը «մարզաձեւերու արքան» է, դրսեւորելով հասարակական ազդեցութիւն։ Հաւատալով մեր ազգային ներուժին, դասեր քաղելով մեր սխալներէն եւ յառաջացնելով հաւաքական կազմակերպչական աշխատանք, գուցէ կը մօտենայ այդ բացառիկ պահը, որ Հայաստանի գոյները պիտի ներկայանան միլիոնաւոր հանդիսատեսներու առջեւ, հպարտութիւն ոգեշնչելով աշխարասփիւռ հայութեան։