­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 24 ­Յու­նո­ւա­րին, Ար­ցա­խի խորհրդա­րա­նին մէջ, Ա­շոտ ­Ղու­լեա­նի նա­խա­գա­հու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի՝ ­Ղա­րա­բա­ղեան ­Շարժ­ման 30րդ ­տա­րե­դար­ձի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան կազ­մա­կերպ­ման ու հա­մա­կարգ­ման պե­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի հեր­թա­կան նիս­տը, ո­րու ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան 30ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած ձեռ­նարկ­նե­րու ծրա­գի­րին հիմ­նա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րը եւ ամ­փո­փո­ւե­ցան խորհր­դա­նի­շի (լո­կօ) մրցոյ­թին ար­դիւնք­նե­րը:
­Բա­նա­լով նիս­տը՝ Ա­շոտ ­Ղու­լեան յայտ­նեց, որ ար­դէն իսկ կա­տա­րո­ւած է սկիզ­բը ձեռ­նարկ­նե­րու նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն, ո­րոնք չեն սահ­մա­նա­փա­կո­ւիր միայն ­Փետ­րո­ւար ա­մի­սով, այլ կ­՛ընդգր­կեն ամ­բողջ 2018 տա­րին եւ կ­՛ու­նե­նան հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին բնոյթ՝ սփռո­ւե­լով Ար­ցա­խի ամ­բողջ տա­րած­քով: ­Պե­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վը կ­՛ա­ռա­ջար­կէ ձեռ­նարկ­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման թի­րա­խա­ւոր եւ նպա­տա­կա­յին ծրա­գիր, ո­րուն ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար պի­տի ներգ­րա­ւուին հան­րա­յին, քա­ղա­քա­կան եւ գի­տա­կան շրջա­նակ­նե­րը, պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կը, ար­տա­քին աշ­խարհն ու հայ­կա­կան սփիւռ­քը:
Այ­նու­հե­տեւ, յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րը քննար­կե­ցին եւ ամ­փո­փե­ցին ­Ղա­րա­բա­ղեան ­Շարժ­ման 30ա­մեա­կի ձեռ­նարկ­նե­րու խորհր­դա­նի­շի մրցոյ­թին ար­դիւնք­նե­րը: Մ­շա­կոյ­թի, ե­րի­տա­սար­դու­թեան հար­ցե­րու եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րա­րի ներ­կա­յա­ցու­մով՝ 10-31 ­Դեկ­տեմ­բեր 2017ին յայ­տա­րա­րո­ւած մրցոյ­թի ըն­թաց­քին 26 մաս­նա­կից­նե­րու կող­մէ յանձ­նա­ժո­ղո­վին ու­ղար­կո­ւած են 77 խորհր­դա­նի­շի նմոյշ­ներ: Քն­նարկ­ման ըն­թաց­քին յաղ­թա­կան ճանչ­ցո­ւե­ցաւ ­Նի­նա ­Շահ­վեր­դեա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցած խորհր­դա­նի­շը եւ Ար­մէն ­Ղու­կա­սեա­նի պաս­տառ­նե­րու նա­խա­գի­ծը:
­Ձեռ­նարկ­նե­րու ծրա­գի­րով կը նա­խա­տե­սո­ւի նաեւ յո­բե­լի­նա­կան յու­շաշ­քան­շա­նի, նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ գիր­քե­րու եւ գրքոյկ­նե­րու, լու­սան­կար­չա­կան ալ­պո­մի, նա­մա­կա­նի­շի, վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէն­նե­րու, տե­սա­հո­լո­վակ­նե­րու պատ­րաս­տում, հան­րա­պե­տու­թեան ամ­բողջ տա­րած­քին ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու, տար­բեր մրցոյթ­նե­րու, մար­զա­կան ու մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րու կազ­մա­կեր­պում:
­Յո­բե­լի­նա­կան ձեռ­նարկ­նե­րը պի­տի սկսին 10-15 ­Փետ­րո­ւա­րի ըն­թաց­քին՝ պահ­պա­նե­լով ե­րե­սուն տա­րի ա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցը: ­Հան­դի­սա­ւոր ձեռ­նարկ­նե­րը պի­տի կազ­մա­կեր­պո­ւին 20 ­Փետ­րո­ւա­րին: ­Նիս­տի ըն­թաց­քին, յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րը՝ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Մա­սիս ­Մա­յի­լեան, կրթու­թեան, գի­տու­թեան եւ մարմ­նակր­թու­թեան նա­խա­րար ­Նա­րի­նէ Ա­ղա­բա­լեան, մշա­կոյ­թի, ե­րի­տա­սար­դու­թեան հար­ցե­րու եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րար ­Սեր­գէյ ­Շահ­վեր­դեան ներ­կա­յա­ցու­ցին հա­մա­լիր ձեռ­նարկ­նե­րու ծի­րին մէջ նա­խա­տե­սուած ո­լոր­տա­յին ծրա­գիր­նե­րը: