Մալխաս (Արտաշէս Յովսէփեան, 1877-1962).

Մալխաս (Արտաշէս Յովսէփեան, 18771962). Հայոց Ազատամարտին նուիրեալն ու անկրկնելի յուշարարը Ն.

0
1939

Ս­փիւռ­քա­հայ սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան կազ­մա­ւոր­ման ու ինք­նա­ճա­նաչ­ման մէջ ան­փո­խա­րի­նե­լի է ներդ­րու­մը ­Մալ­խա­սի, ո­րուն մա­հո­ւան 56րդ ­տա­րե­լի­ցը կ­ÿո­գե­կո­չենք ­Յու­նո­ւար 4ի այս օ­րը։
­Վեց հա­տոր կազ­մող ­Մալ­խա­սի «­Զար­թօնք» վէ­պը բար­ձի գիրք ե­ղաւ օ­տար ա­փե­րու վրայ հա­սակ նե­տած մեր սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։
­Բա­ռին ա­մէ­նէն վա­ւե­րա­կան ի­մաս­տով փու­ռէն նոր դուրս ե­լած տաք հա­ցի պէս լա­փե­ցինք «­Զար­թօնք»ը։ Ոչ միայն պա­տա­նե­կան մեր ե­րե­ւա­կա­յու­թիւ­նը գե­րե­ցին ­Մալ­խա­սի կեր­տած հե­րոս­նե­րը՝ ­Վար­դանն ու ­Լե­ւո­նը, ­Սո­նիան ու Եւ­գի­նէն, Ա­ռիւծ ­Գե­ւոն ու ­Թո­փալ ­Սա­տա­նան, այ­լեւ՝ իւ­րա­քան­չիւ­րէն վա­րա­կիչ օ­րի­նակ մը, կեան­քը ի­մաս­տա­ւո­րող վար­քա­գիծ մը եւ գա­ղա­փա­րա­պաշ­տու­թեան ան­մեռ սեր­մեր ար­մատ նե­տե­ցին հա­ւա­քա­կան մեր էու­թեան մէջ։
­Մալ­խա­սի «­Զար­թօնք»ով ան­մա­հա­ցած կեր­պար­ներն ու ազ­գա­յին¬գա­ղա­փա­րա­կան ար­ժէք­նե­րը ընդգր­կե­ցին 19րդ ­դա­րա­վեր­ջէն մին­չեւ 1920ա­կան­նե­րը եր­կա­րած հա­յոց պատ­մու­թեան ա­մէ­նէն բախ­տո­րոշ, ող­բեր­գա­կան, այ­լե՛ւ հե­րո­սա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը։ «­Զար­թօնք»ը փաս­տօ­րէն հան­դի­սա­ցաւ վի­պա­կա­նա­ցո­ւած ժա­մա­նա­կագ­րու­թիւնն ու յու­շագ­րու­թիւ­նը հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման, ո­րուն թէ՛ նո­ւի­րեալ մաս­նա­կից­նե­րէն ե­ղաւ, թէ՛ իբ­րեւ ան­մահ կտա­կի՝ վի­պա­կան շուն­չով հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցող վկան ու պատ­մի­չը դար­ձաւ։
­Յե­ղա­փո­խա­կան իր ծած­կա­նունն ու հե­տա­գա­յին նաեւ գրչա­նունն էր ­Մալ­խաս, որ մկրտո­ւած էր Ար­տա­շէս ­Յով­սէ­փեան ա­նու­նով։ Ծ­նած էր 1877ին, Տ­րա­պի­զոն։ Ու­սու­մը ստա­ցած էր ­Կար­նոյ ­Սա­նա­սա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ, ուր եւ թրծո­ւած էին դաշ­նակ­ցա­կա­նի ա­նոր աշ­խար­հա­յեացքն ու նկա­րա­գի­րը։ Ու­սու­մը նոր ա­ւար­տած՝ հաս­տա­տո­ւած էր ­Սամ­սոն քա­ղա­քը, ուր ծա­նօ­թա­ցած էր հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման ու նո­րաս­տեղծ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ա­ռա­ջին գոր­ծիչ­նե­րէն Ե­գիպ­տա­ցիին (նոյն­պէս Տ­րա­պի­զո­նի զա­ւակ Ար­տա­շէս ­Դե­ւեան) հետ, ո­րուն ներշն­չու­մով ալ ե­րի­տա­սարդ այդ տա­րի­քին ան­դա­մագ­րո­ւե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան։
Իր սերն­դա­կից­նե­րէն շա­տե­րու պէս ­Մալ­խաս եւս ստի­պո­ւե­ցաւ պանդխ­տու­թեան դի­մե­լու։ Եղ­բայ­րը ար­դէն պան­դուխտ գա­ցած էր ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ։ ­Մալ­խաս հե­տե­ւե­ցաւ եղ­բօր, քա­նի մը տա­րի մնաց ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ, ուր նոր հիմ­նո­ւած Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «­Հայ­րե­նիք»ին կա­նո­նա­ւո­րա­բար աշ­խա­տակ­ցե­ցաւ՝ ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան յօ­դո­ւած­նե­րով։
1900ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան վե­րա­դար­ձաւ Եր­կիր ու իբ­րեւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան լիա­զօր գոր­ծիչ ու­ղար­կո­ւե­ցաւ յա­ջոր­դա­բար Ուր­միոյ շրջա­նը եւ ­Վան։ Ի­րեն վստա­հո­ւե­ցաւ ­Խո­յի եւ Ս. ­Դա­թէի վան­քի զէն­քե­րու փո­խադ­րու­թեան եւ պա­հես­տա­ւոր­ման գոր­ծը։ ­Մաս կազ­մեց նաեւ ­Սաս­նոյ օգ­նու­թեան փու­թա­ցող զի­նա­տար խում­բե­րուն։
1908ի Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մէն ետք հաս­տա­տո­ւե­ցաւ իր ծննդա­վայ­րը՝ Տ­րա­պի­զոն, ուր ձեռ­նար­կեց Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «­Խա­րիսխ» թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թեան։ Իսկ երբ պայ­թե­ցաւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը, ­Մալ­խաս ամ­բող­ջա­պէս նե­տո­ւե­ցաւ Տ­րա­պի­զո­նի հա­յու­թեան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան գոր­ծին մէջ։
Այ­նու­հե­տեւ, ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Շարժ­ման միա­նա­լով՝ ­Մալ­խաս իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կեր­տու­մի դիւ­ցազ­նա­կան ճա­կա­տա­մարտ­նե­րուն։ Ընտ­րո­ւե­ցաւ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր եւ պատ­նէ­շի վրայ ար­թուն հսկո­ղի իր նո­ւի­րումն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը շա­րու­նա­կեց մին­չեւ 1921ի ­Փետ­րո­ւա­րեան ապս­տամ­բու­թիւ­նը եւ, ա­պա, ­Զան­գե­զու­րի վրա­յով զան­գո­ւա­ծա­յին նա­հան­ջը դէ­պի ­Պարս­կաս­տան։
­Տա­րագ­րու­թեան մէջ եւս, ա­ւե­լի քան քա­ռա­սուն տա­րի, ­Մալ­խաս մնաց պատ­նէ­շի վրայ։ ­Վերջ­նա­կա­նա­պէս հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ, ուր աշ­խոյժ եւ ղե­կա­վար մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ինչ­պէս կազ­մա­կերպ­չա­կան, նոյն­պէս եւ ե­րի­տա­սարդ սե­րունդ­նե­րու գա­ղա­փա­րա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ։
­Կա­նո­նա­ւո­րա­բար աշ­խա­տակ­ցե­ցաւ «­Հայ­րե­նիք» ամ­սագ­րին։ Այդ շրջա­նին ամ­բող­ջա­ցուց իր կո­թո­ղա­կան գոր­ծը՝ «­Զար­թօնք»ը, ինչ­պէս նաեւ յու­շագ­րա­կան եր­կը՝ «Ապ­րում­ներ» խո­րագ­րով։
­Մալ­խաս 85 տա­րե­կան էր ­Դեկ­տեմ­բեր 1962ին, երբ հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյթ­նե­րու հա­մար հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ ­Պէյ­րութ։ Սր­տի կա­թո­ւա­ծը, սա­կայն, թոյլ չտո­ւաւ, որ հայ ազ­գա­յին¬ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման այս մեծ նո­ւի­րեալն ու ան­զու­գա­կան յու­շա­րա­րը ի կա­տար ա­ծէ նաեւ իր վեր­ջին ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։ ­Տա­րո­ւե­ցաւ ­Պէյ­րու­թի ­Սի.Էմ.­Սի. հի­ւան­դա­նո­ցը, ուր եւ առ­յա­ւէտ փա­կեց իր աչ­քե­րը՝ խոր սու­գի մատ­նե­լով ողջ հա­յու­թիւ­նը, հայ­րե­նա­մերձ գօ­տիի հա­յօ­ջախ­նե­րէն մին­չեւ անդր¬ով­կիա­նո­սեան ա­փե­րու մեր գա­ղութ­նե­րը։
Անկրկ­նե­լի ­Մալ­խա­սի մա­հո­ւան 56ա­մեա­կին ա­ռի­թով կ­þար­ժէ նշել, որ յու­նա­հա­յու­թիւ­նը օ­րին տաս­նօ­րեայ սուգ հռչա­կեց՝ յար­գե­լու հա­մար հա­յոց սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին¬գա­ղա­փա­րա­կան ինք­նա­ճա­նաչ­ման ի խնդիր այն­քան հիմ­նա­կան եւ ան­փո­խա­րի­նե­լի շունչ ու ո­գի նե­րար­կած ­Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի մեծ վկան։