Ուրբաթ՝ 17 Նոյեմբեր 2017ի երեկոյեան ժամը 8։00էն սկսեալ, Թեսաղոնիկէի «Cristopher» ճաշարանէն ներս, տեղի ունեցաւ Յունաստանի հայոց թեմի Ազգային Վարչութեան եւ Թեսաղոնիկէի Թաղական Խորհուրդի միացեալ ժողովը, նախագահութեամբ թեմի բարեջան առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի, ներկայութեամբ Ազգային Վարչութեան Դիւանին, ինչպէս նաեւ՝ Թեսաղոնիկէի Հոգեւոր Հովիւին եւ Թաղական Խորհուրդի անդամներուն։
Առաջին հերթին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ժողովականներուն, որոնք ամենայն բծախնդրութեամբ կը կատարեն իրենց կամաւոր պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները։ Ան յոյս յայտնեց, որ կÿապահովուի շարունակականութիւնը թեմէն ներս արձանագրուած յաջողութիւններու վերսկսման, ինչպէս նաեւ՝ կոչ ուղղեց դիմակալելու բոլոր տեսակի մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները։
Իր կարգին, Յունաստանի հայոց թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց Թաղական Խորհուրդի անդամներուն, եկեղեցւոյ 114ամեակի տօնախմբութիւններու յաջող կազմակերպման համար։ Ան յայտնեց, որ ներկայ Ազգային Վարչութիւնը մէկ բռունցք ըլլալով՝ համախմբուելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր շուրջ՝ Հայրական թելադրութիւններ ստանալով անկէ, պիտի շարունակէ գործել բոլոր տեսակի յաջողութիւններու ձեռքբերման, թեմէն ներս բոլոր մարտահրաւէրներու դիմագրաւման ու դժուարութիւններու յաղթահարման ուղղութեամբ՝ վճռակամութեան միեւնոյն ոգիով։
Ժողովի ընթացքին, բնականաբար, տեղի ունեցան հարցում-պատասխաններու փոխանակում՝ Ազգային Վարչութեան եւ Թաղական Խորհուրդի անդամներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ՝ զանազան տեսակի հարցերու քննարկում, օրինակ՝ կալուածներու խնդիր, դպրոցներու եւ ուսուցիչներու հարց, գաղութներու վերականգնում, ազգային կառոյցներու եւ միութիւններու հետ փոխ-յարաբերութիւն, եւայլն…։ Բոլոր հարցադրումներուն շուրջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Ազգային Վարչութեան ատենապետը տուին յարմարագոյն եւ գոհացուցիչ պատասխաններ։
Աւարտին, Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս իր բարձր գնահատանքն ու գոհունակութիւնը յայտնեց բոլորին անխտիր եւ ներկաներուն յորդորեց կեդրոնանալ, այլ խօսքով՝ համախմբուիլ Ազգային Առաջնորդարանին շուրջ՝ միասնական ոգիով կապուածութիւն ցուցաբերելու թելադրութեամբ։
Ժողովէն ետք, տեղի ունեցաւ պատշաճ ընթրիք։