Ազ­գա­յին Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վի ա­ռի­թով

Ազ­գա­յին Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վի ա­ռի­թով

0
1167

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

­Դեկ­տեմ­բեր 5ին, Ան­թի­լիա­սի մայ­րա­վան­քին մէջ, պի­տի գու­մա­րո­ւի Ազ­գա­յին Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղով՝ քննե­լու հա­մար թե­մա­կան հար­ցեր եւ, բնա­կա­նա­բար, լու­սար­ձա­կի տակ պի­տի առ­նէ հա­յօ­ճախ­նե­րը յու­զող այ­լա­զան խնդիր­ներ:
­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան վար­չա­կան ու հո­գե­ւոր հո­վա­նին վա­յե­լող թե­մե­րու ե­րես­փո­խա­նա­կան ժո­ղով­նե­րը հա­յօ­ճախ­նե­րու ընդ­հան­րա­կան հար­ցե­րով զբա­ղա՞ծ են եւ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը հա­մա­պա­տաս­խան եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րով զի­նո­ւա՞ծ պի­տի ներ­կա­յա­նան հոն, թէ՞ ոչ, չենք գի­տեր: ­Գի­տենք սա­կայն, որ բո­լոր շրջան­ներն ալ քիչ-շատ կը գտնո­ւին միեւ­նոյն դժո­ւա­րու­թեանց առ­ջեւ եւ ու­նին միեւ­նոյն տագ­նապ­նե­րը, ինչ կը վե­րա­բե­րի սե­րուն­դին ազ­գա­յին ինք­նազ­գա­ցո­ղու­թիւ­նը խթա­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նին եւ մեր կա­ռոյց­նե­րը վե­րա­կազ­մա­կեր­պե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան:
­Լե­զուն նա­հան­ջած է, ազ­գէն ու ազ­գա­յի­նէն ար­տա­գաղ­թե­լու գա­հա­վէժ հո­սան­քին մէջն է սե­րուն­դը, մեր կա­ռոյց­նե­րը ինք­զինք­նին սպա­ռած կը թո­ւին ըլ­լալ եւ այ­լեւս ըն­թա­ցիկ կա­րիք­ներն իսկ կա­ղա­ցու­մով կը մա­տա­կա­րա­րո­ւին, իսկ սփիւռ­քը ամ­բող­ջու­թեամբ վա­րա­կո­ւած է ան­տար­բե­րու­թեան մա­հա­ցու ախ­տէն, որ կը կրծէ, կը կրծէ ու կը հիւ­ծէ մեր էու­թիւ­նը:
­Նո­րու­թիւն չեն ու բո­լո­րիս ծա­նօթ են ը­սո­ւած­նե­րը, ո­րոնց հա­մար Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս չորս բա­ռե­րու մէջ խտա­ցու­ցած՝ ­Հա­յաս­տան-սփիւռք հա­մա­գու­մա­րին տո­ւաւ շշմեց­նող ա­հա­զան­գը.- «Ս­փիւռ­քը կը մա­շի, իսկ հայ­րե­նի­քը կը պար­պո­ւի…»:
Ա­հա թէ ին­չո՛ւ կ’ակն­կա­լո­ւի, որ Ազ­գա­յին Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վը ինք­զինք դնէ դար­ձա­կէ­տի առ­ջեւ՝ թե­մա­կան կեան­քը վե­րա­կազ­մա­կեր­պե­լու եւ նոր թի­րախ­ներ հե­տապն­դե­լու կամ­քով:
­Վե­րա­կազ­մա­կեր­պո­ւիլ՝ ըստ հնա­րա­ւո­րի սփիւռ­քի մա­շու­մին ա­ռաջքն առ­նե­լու, միա­ժա­մա­նակ՝ հայ­րե­նա­թող հա­յե­րը լծա­կից դարձ­նել կա­րե­նա­լու հա­մար հա­յօ­ճախ­նե­րու կեան­քին ու աշ­խու­ժու­թեանց:
Կ­’ակն­կա­լո­ւի, որ ժո­ղո­վը անդ­րա­դառ­նայ նաեւ վեր­ջերս Ա­մե­րի­կա տո­ւած հո­վո­ւա­պե­տա­կան իր այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սի «ե­կե­ղե­ցին պա­ռակ­տո­ւած» տես­նե­լու ա­նըն­դու­նե­լի յայ­տա­րա­րու­թեան, ա­նոր դէմ դիր­քա­ւո­րո­ւե­լու եւ շեշ­տե­լու հա­մար, թէ մտքե­րու մէջ «պա­ռակ­տում»ի գա­ղա­փար սեր­մա­նե­լով ո­րոշ շրջա­նակ­ներ գրգռե­լու մի­տու­մը ոչ միայն ան­շահ ու ժա­մա­նա­կավ­րէպ է եւ ո­չին­չի կը ծա­ռա­յէ, այլ նաեւ վտան­գա­ւոր է նոյ­նինքն ե­կե­ղե­ցիին հա­մար, ինչ­պէս նաեւ հայ­րե­նի­քի եւ սփիւռ­քի դի­մագ­րա­ւած ա­հա­ւոր խնդիր­նե­րու ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թեանց ըմբռ­նու­մին հա­յե­ցո­ղա­բար:
­Տա­կա­ւի՛ն՝ նաեւ շեշ­տե­լու, թէ թե­մե­րը առք ու վա­ճառ­քի սե­փա­կան կա­լո­ւած­ներ չեն: ­Հա­մայնք­նե­րուն ի­րա­ւունքն է ո­րո­շե­լու վար­չա­կան ի­րենց կա­պո­ւա­ծու­թիւ­նը:
Ի հո­գե­ւորս մէկ ու միա­ձոյլ ե­կե­ղե­ցին ա­ւե­լի կ’աշ­խու­ժա­նայ, ա­ւե­լի կը կեն­սա­ւո­րէ իր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն­նե­րը, երբ աշ­խար­հագ­րա­կան իւ­րա­յա­տուկ կեդ­րոն­նե­րով կը գոր­ծէ եւ ու­նի վար­չա­կան ա­պա­կեդ­րոն դրու­թիւն ու ի­րա­ւա­սու­թիւն­ներ:
­Յա­մե­նայն­դէպս, առ­նո­ւազն զար­մանք կը պատ­ճա­ռէ Ա­մե­նայն ­Հա­յո­ցին օգ­տա­գոր­ծած «պա­ռակ­տում» բա­ռը: ­Ձե­ւա­կա՞ն էր ու­րեմն վեր­ջերս գու­մա­րո­ւած միա­ցեալ ե­պիս­կո­պո­սա­կան ժո­ղո­վը, միաս­նա­բար կա­տա­րո­ւած նա­հա­տակ­նե­րու սրբա­դա­սու­մը: Ո՞ւր եւ ի՞նչ աչ­քե­րով կը տես­նո­ւի պա­ռակ­տու­մը:
Ի՞նչ նպա­տակ կը հե­տապն­դէ ե­կե­ղե­ցին պա­ռակ­տո­ւած տես­նե­լու Ա­մե­նայն ­Հա­յո­ցին ան­ժա­մա­նակ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը:
Ե­կե­ղե­ցա­կան­ներ ներ­քին պա­ռակ­տում­ներ կ’ու­նե­նան, բայց ե­կե­ղե­ցին մէ՛կ է, մէ՛կ ե­ղած է ան­ցեա­լին, մէ՛կ է նաեւ այ­սօր: