Ս­փիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ծրագ­րած է 2018ին ձեռ­նար­կել հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան մա­սին հա­յե­ցա­կար­գի ու նաեւ օ­րէն­քի մշակ­ման: Այս մա­սին տե­ղե­կա­ցուց սփիւռ­քի նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեան՝ պա­տաս­խա­նե­լով «Ա­զա­տու­թեան» այն հար­ցին, թէ ար­դեօք ի­րա­տե­սա­կան կը հա­մա­րէ՞ նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի 2040ին 4 մի­լիոն բնա­կիչ ու­նե­նա­լու տես­լա­կա­նը:
­Յա­կո­բեան յայտ­նեց, որ պէտք է ման­րակր­կիտ ու­սում­նա­սի­րել, թէ ինչ­պէ՛ս կա­րե­լի է մար­դիկ շա­հագրգ­ռել՝ ­Հա­յաս­տան գա­լու, այս­տեղ աշ­խա­տե­լու եւ ապ­րե­լու հա­մար:
«Ես կը կար­ծեմ, որ ե­թէ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը յայ­տա­րա­րած է, ու­րեմն նաեւ հա­շո­ւարկ­ներ, մօ­տե­ցում­ներ, ճշգրտում­ներ կա­տա­րո­ւած են: Ինչ կը վե­րա­բե­րի սփիւռ­քին՝ մե­քա­նի­կա­կան ա­ճի ա­ռու­մով, ոչ միայն բնա­կան ա­ճի ա­ռու­մով, մենք 2018 թուա­կա­նին նա­խա­տե­սած ենք հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը, մենք, փաս­տօ­րէն, պի­տի մշա­կենք հա­յե­ցա­կարգ, ու­սում­նա­սի­րած ենք ու­րիշ­նե­րու փոր­ձը, պի­տի մշա­կենք օ­րէնք հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան մա­սին, մաս­նա­գի­տա­կան հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան հա­մար կը փոր­ձենք աշ­խա­տանք­ներ ի­րա­կա­նաց­նել»,- ը­սած է ­Յա­կո­բեան:
Ըստ սփիւռ­քի նա­խա­րա­րին՝ հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան հա­մար հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը բա­ւա­րար չէ: «­Մենք պէտք է կա­րե­նանք ­Հա­յաս­տա­նի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յաց­նել՝ ի՞նչ կրնանք ի­րենց ա­ռա­ջար­կել, ինչ­պի­սի՞ մաս­նա­գէտ­նե­րու կա­րիք մենք ու­նինք, ո­րո՞նց մենք պէտք է հրա­ւի­րենք, պայ­ման­ներ ստեղ­ծենք: Ե­թէ ա­նոնք այն­պի­սի մաս­նա­գէտ­ներ են, ո­րոնք պէտք են ­Հա­յաս­տա­նին եւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ նման մաս­նա­գէտ­ներ կա՛մ չկան, կա՛մ քիչ են, ի հար­կէ, պէտք է մտա­ծել ա­նոնց հա­մա­պա­տաս­խան աշ­խա­տա­վարձ տա­լու մա­սին, պայ­ման ստեղ­ծե­լու մա­սին, որ մար­դը գայ: ­Միայն հայ­րե­նա­սի­րու­թեան դրդու­մով գայ, կանգ­նի փո­ղո­ցը, ա­տի­կա հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւն չ­’ըլ­լար: ­Հե­տե­ւա­բար՝ ո­րոշ պայ­ման­ներ մենք պէտք է ա­ռա­ջար­կենք: Իւ­րա­քան­չիւր նա­խա­րա­րու­թիւն պէտք է իր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու սահ­ման­նե­րուն մէջ ա­ռա­ջարկ­ներ ներ­կա­յաց­նէ եւ մենք փոր­ձենք ընդ­հան­րաց­նել, ի մի բե­րել: ­Լուրջ բան է նա­խա­պատ­րաս­տա­կան, կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան»: