Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի դի­ւա­նը հա­ղոր­դագ­րու­թեամբ մը կը ներ­կա­յաց­նէ, որ ե­րեք­շաբ­թի՝ 26 ­Սեպ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11:00ին, ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պան պրն. ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեան իր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը տո­ւաւ ­Յու­նաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին:
­Ներ­կայ էին Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը՝ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան եւ պրն. ­Կոս­տան Ե­զե­կիէ­լեան, ինչ­պէս նաեւ՝ ­Գո­քի­նիոյ ­Հո­վիւ ­Վահ­րիճ Վրդ. ­Ղա­րա­խա­նեան:
Պրն. ­Դես­պա­նը իր ե­րախ­տա­գի­տու­թեան պարտ­քը յայտ­նեց բո­լոր ներ­կա­նե­րուն եւ իր խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը՝ ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար:
Ան յայտ­նեց, որ Սր­բա­զան ­Հայ­րը բա­ւա­կան լայն հե­տաքրք­րու­թեամբ օ­ժան­դա­կած է ­Լի­բա­նա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան՝ այն ակն­կա­լու­թեամբ, որ նոյն թա­փը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան կող­մէ:
Ըն­թաց­քին, Սր­բա­զան ­Հայ­րը խօ­սե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի եւ, ընդ­հա­նուր առ­մամբ, հայ­րե­նի­քին նկատ­մամբ յու­նա­հա­յոց ա­մուր կա­պո­ւա­ծու­թեան մա­սին, նաեւ՝ սի­րոյ քաղ­ցին առ հայ­րե­նիք:
Ընդ­հա­նուր շրջա­գի­ծէն ներս խօ­սո­ւե­ցան ­Յու­նաս­տա­նի մէջ հա­յեւ­յոյն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք կրնան ի­րենց ար­դի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ու­նե­նալ գա­ղու­թա­յին կեան­քէն ներս:
Ա­ւար­տին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը եւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը շնոր­հա­կա­լա­կան խօս­քով յա­ջո­ղու­թեան բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ կա­տա­րե­ցին Հ.Հ. դես­պան պրն. ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեա­նին: