Սր­տի մեծ կսկի­ծով տե­ղե­կա­ցանք, թէ ­Սեպ­տեմ­բեր 27ին, Զմ­մա­ռու դա­րա­ւոր վան­քին մէջ, իր հո­գին ա­ւան­դեց առ ­Հայր՝ Զմ­մա­ռեան ­Միա­բա­նու­թեան ան­դամ, մեծ հա­յա­գէտ, ծի­սա­գէտ, հրա­պա­րա­կա­խօս, լրագ­րող եւ նո­ւի­րեալ հո­գե­ւո­րա­կան Անդ­րա­նիկ Ծ. Վրդ. Կ­ռա­նեան:
Ան ծնած է 1929 ­Յու­նո­ւար 20ին, ­Լի­բա­նա­նի մէջ: Սկզբ­նա­կան ու­սու­մը ստա­ցած է ­Յի­սու­սեան ­Հայ­րե­րու Սբ. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ճե­մա­րա­նի մէջ, ա­պա՝ փոք­րիկ հա­սա­կին յա­ճա­խած է Զմ­մա­ռու դպրե­վան­քը, որ­մէ ետք փո­խադ­րո­ւած է Հ­ռոմ՝ ­Լե­ւո­նեան հայ­կա­կան վար­ժա­րան, ուր ա­ւար­տած է փի­լի­սո­փա­յա­կան եւ աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան մաս­նա­գի­տու­թիւ­նը՝ ­Յի­սու­սեան ­Հայ­րե­րու Գ­րի­գո­րեան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ:
­Կու­սակ­րօն քա­հա­նայ ձեռ­նադ­րո­ւած է 1954ին՝ դառ­նա­լով ան­դամ Զմ­մա­ռու ­Պատ­րիար­քա­կան ­Միա­բա­նու­թեան:
1973էն սկսեալ խմբագ­րած է ­Հայ ­Կա­թո­ղի­կէ ­Պատ­րիար­քա­րա­նի «­Մա­սիս» շա­բա­թա­թեր­թը, իսկ 1990էն՝ ­Հայ­կա­զեան ­Հա­մալ­սա­րա­նի «­Հայ­կա­զեան ­Հա­յա­գի­տա­կան ­Հան­դէս»ը:
Անդ­րա­նիկ Ծ. Վրդ. Կ­ռա­նեան ­Պէյ­րու­թի հա­յա­գի­տա­կան ամ­պիոն­նե­րուն ու յատ­կա­պէս ­Հայ­կա­զեան ­Հա­մալ­սա­րա­նին մէջ դա­սա­ւան­դած է գրա­բար, հայ մա­տե­նագ­րու­թիւն, հայ ե­րաժշ­տու­թեան պատ­մու­թիւն, հայ ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թիւն եւ ­Քաս­լի­քի ­Մա­րո­նի Ան­տո­նեան ­Հայ­րե­րու ­Սուրբ ­Հո­գի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ՝ հայ ե­կե­ղեց­ւոյ ծի­սա­գի­տու­թիւն, 1988-2011:
Հ­րա­պա­րա­կած է բազ­մա­թիւ գիր­քեր եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ:
­Հայր Անդ­րա­նիկ Ծ. վրդ. Կ­ռա­նեան հե­ղի­նակ է նաեւ վեց թա­տե­րա­խա­ղե­րու՝ «­Միայն լուս­նով կայ հա­յոց փրկու­թիւն», ­Թա­տե­րա­խաղ 3 ա­րար, 1997, ­Պէյ­րութ։ «­Պէտք չու­նինք քե­զի…», ­Վիեն­նա, 1988։ «­Մարզ­պա­նը», թա­տե­րա­խաղ 5 ա­րա­րով, ­Պէյ­րութ, 2015:
­Գերյար­գե­լի ­վար­դա­պե­տը սրբա­կեն­ցաղ, նո­ւի­րեալ, հայ­րե­նա­սէր հո­գե­ւո­րա­կան մըն էր, ո­րուն աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­նե­րը կա­րե­ւոր տեղ կը գրա­ւեն հա­յա­գի­տու­թեան, հայ գրա­կա­նու­թեան, բա­րո­յա­գի­տու­թեան, հայ ե­կե­ղե­ցա­գի­տու­թեան եւ հայ լրագ­րու­թեան մէջ։
Ա­նոր գրի­չը որ­քան ալ սուր էր, ազ­նիւ եւ ան­նա­հանջ, նոյն­քան ալ զուսպ, լա­կո­նիկ, շրջա­հա­յեաց էր եւ լի՝ հո­գե­ւոր, բա­րո­յա­կան ապ­րու­մով, լայ­նա­խո­հու­թեամբ ու յե­նած՝ ա­ղօթ­քի կեան­քի վրայ:
­Հայր Անդ­րա­նիկ, բա­ցի մտա­ւո­րա­կան իր աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­նե­րէն, մեծ նո­ւի­րու­մով աշ­խա­տած է ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հետ՝ ա­նոնց մէջ սեր­մա­նե­լով հայ­րե­նա­սի­րու­թեան եւ ե­կե­ղե­ցա­սի­րու­թեան ո­գին: Ան ե­ղած է հիմ­նա­դի­րը ­Հայ ­Կա­թո­ղի­կէ ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան։
«­Մա­սիս» շա­բա­թա­թեր­թի խմբա­գիր ­Սար­գիս ­Նա­ճա­րեան իր ու­սու­ցի­չին՝ ­Հայր Անդ­րա­նի­կի մա­սին գրած է.- «­Մարդ մը՝ ո­րուն կեան­քը ի­րեն չէ պատ­կա­նած, այլ` ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ազ­գին:
­Մարդ մը՝ ո­րուն ա­նու­նը բազ­մա­պատ­կո­ւած է միա­ժա­մա­նակ ու­սու­ցիչ, դաս­տիա­րակ, ի­մաս­տա­սէր, աս­տո­ւա­ծա­բան, դա­սա­խօս, լրագ­րող, խմբա­գիր, հրա­պա­րա­կա­գիր, թարգ­մա­նիչ, վեր­լու­ծա­բան, բա­նա­սէր, թա­տե­րա­գիր, բա­նաս­տեղծ, ծի­սա­գէտ եւ այս բո­լո­րէն ա­ռաջ եւ վեր` վար­դա­պետ ստո­րո­գե­լի­նե­րով:
­Մարդ մը՝ ո­րուն հա­մար ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ գե­րա­գոյն եւ բա­ցար­ձակ ար­ժէք է, վար­քա­գի­ծի նշա­նա­բան, պայ­քա­րի հզօ­րա­գոյն զէնք, ո­րով­հե­տեւ ան ճշմար­տու­թեան մէջ տե­սած է Աս­տո­ւած»: