Oգոս­տոս 28ին, ժա­մը 13:10ին ա­հա­զանգ ստա­ցո­ւած է, որ Ե­րե­ւան քա­ղա­քի «­Նա­յի­րիտ» գոր­ծա­րա­նի տա­րած­քին պայ­թիւ­նի ձայն լսո­ւած է եւ հրդեհ բռնկած: ­Դէպ­քի վայր մեկ­նած են հրշէջ մե­քե­նա­ներ, տաս­ներ­կու մար­տա­կան հա­շո­ւարկ եւ ճգնա­ժա­մա­յին կա­ռա­վար­ման կեդ­րո­նի ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու ար­ձա­գանգ­ման խում­բե­րը:
«­Նա­յի­րիտ» գոր­ծա­րա­նի տա­րած­քին բռնկած հրդե­հի հե­տե­ւան­քով հրշէջ­նե­րէն քա­նի մը հո­գի ծխա­հա­րո­ւած են: Հրդե­հի բռնկման պա­հուն դէպ­քի վայ­րին մէջ ոչ ոք ե­ղած է, վի­րա­ւոր­ներ եւ զո­հեր չկան: «Ար­մէնփ­րես»ի հա­ղորդ­մամբ` այս մա­սին ը­սած է ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու նա­խա­րա­րու­թեան փրկա­րար ծա­ռա­յու­թեան տնօ­րէն ­Մու­շեղ ­Ղա­զա­րեան: «Այս պա­հուն կ­՛աշ­խա­տինք 500 քա­ռա­կու­սի մեթր տա­րած­քի մը մէջ: ­Դէպ­քի վայր ժա­մա­նած շտա­պօգ­նու­թեան մե­քե­նա­նե­րը օգ­նու­թիւն ցու­ցա­բե­րած են հրշէջ­նե­րուն, ո­րոնք ա­ռաջ­նա­յին օ­ղա­կի մէջ էին: ­Հի­մա ա­նոնք կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց աշ­խա­տան­քը»,- ը­սած է ան: ­Ղա­զա­րեա­նի խօս­քով` «­Նա­յի­րիտ»ի տա­րած­քին պայ­թիւ­նի հե­տե­ւան­քով քի­միա­կան վտանգ չկայ: Այ­րո­ւող նիւ­թէն վտան­գա­ւոր ար­տա­նե­տում­ներ չկան, բնակ­չու­թեան վտանգ չի սպառ­նար:
«Կ­՛այ­րի լաք-է­թի­նոլ նիւ­թը: ­Խոր­հուրդ կը տրո­ւի մօ­տա­կայ շէն­քե­րու բնա­կիչ­նե­րուն փա­կել պա­տու­հան­նե­րը եւ հնա­րա­ւոր չա­փով չշնչել ծու­խը»,-ը­սած է ան` ա­ւելց­նե­լով, որ այժմ փրկա­րա­րա­նե­րը սա­ռեց­ման աշ­խա­տանք­ներ կը կա­տա­րեն, որ­պէս­զի հրդե­հը չտա­րա­ծո­ւի:
«­Մենք ար­դէն մե­կու­սա­ցու­ցած ենք կրա­կը, հո­վաց­ման աշ­խա­տանք­ներ կը տա­նինք, որ­պէս­զի հրդե­հը չտա­րա­ծուի»,- ա­ւել­ցու­ցած է ան: Ա.Ի.Ն. փրկա­րար ծա­ռա­յու­թեան տնօ­րէ­նը նշած է, որ դեռ յայտ­նի չէ հրդե­հի բռնկման պատ­ճա­ռը, ա­նի­կա պի­տի պարզո­ւի հրդե­հա­շիջ­ման աշ­խա­տանք­նե­րէն ետք: