­Հինգ­շաբ­թի՝ 8 ­Յու­նի­սին, կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը իր հեր­թա­կան նիս­տի ըն­թաց­քին, ­Շի­րա­կի մարզ­պետ նշա­նա­կեց տա­րած­քա­յին նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ Ար­թուր ­Խա­չատ­րեան, որ պի­տի փո­խա­րի­նէ ­Յով­սէփ ­Սի­մո­նեա­նին: ­Նոյն օ­րը, տա­րած­քա­յին կա­ռա­վար­ման նա­խա­րար ­Դա­ւիթ ­Լո­քեան ­Շի­րա­կի նո­րան­շա­նակ դաշ­նակ­ցա­կան մարզ­պե­տը ներ­կա­յա­ցուց մարզ­պե­տա­րա­նի աշ­խա­տա­կազ­մին, հա­մայնք­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն:
«­Յով­սէփ ­Սի­մո­նեա­նի ո­րակ­նե­րը, կա­րո­ղու­թիւ­նը կու­սակ­ցու­թիւ­նը, պե­տու­թիւ­նը օգ­տա­գոր­ծե­լու է այլ տե­ղում: ­Դա շու­տով ձեզ յայտ­նի կը դառ­նայ»,- նշեց ­Լո­քեան՝ պա­տաս­խա­նե­լով «Ա­զա­տու­թեան» թղթա­կի­ցին հար­ցու­մին, թէ ին­չո՞ւ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ո­րո­շեց ըն­դա­մէ­նը մէկ տա­րի պաշ­տօ­նա­վա­րած ­Յով­սէփ ­Սի­մո­նեա­նը փո­խա­րի­նել Ար­թուր ­Խա­չատ­րեա­նով: «Իսկ Ար­թուր ­Խա­չատ­րեա­նի տե­ղա­փո­խու­մը ­Շի­րա­կի մարզ շատ ա­ւե­լի կապ­ւում է այն տնտե­սա­կան ծրագ­րե­րին, այն ռազ­մա­վա­րա­կան խնդիր­նե­րին հետ, զորս մենք ու­զում ենք ­Շի­րա­կում ի­րա­կա­նաց­նել, կա­պո­ւած օ­տա­րերկ­րեայ ներդ­րում­նե­րի, Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը ­Շի­րա­կի մարզ բե­րե­լու եւ, նաեւ, ծրագ­րա­յին հէն­քի (հիմք) վրայ սփիւռ­քի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ­Շի­րակ ուղ­ղե­լու ա­ռու­մով»,- ա­ւել­ցուց նա­խա­րա­րը:
­Տա­րած­քա­յին կա­ռա­վար­ման նա­խա­րա­րը հա­ւաս­տիա­ցուց, որ վեց ա­միս անց, մար­զին մէջ դրա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րը տե­սա­նե­լի կը դառ­նան:
­Նո­րան­շա­նակ մարզ­պետ Ար­թուր ­Խա­չատ­րեան, որ ըն­տա­նի­քով պի­տի տե­ղա­փո­խո­ւի ­Գիւմ­րի, յայտ­նեց, որ ինք իր գերխնդի­րը կը նկա­տէ աղ­քա­տու­թեան, ար­տա­գաղ­թի ցու­ցա­նիշ­նե­րու նո­ւա­զու­մը եւ աշ­խա­տա­տե­ղե­րու ստեղ­ծու­մը:
«Աղ­քա­տու­թիւ­նը գա­լիս է նրա­նից, որ մար­դիկ աշ­խա­տանք չու­նեն: Այ­սինքն, ե­թէ կա­րո­ղա­նաս աշ­խա­տանք ստեղ­ծել՝ աղ­քա­տու­թիւ­նը կը նո­ւա­զի: Ե­թէ այս­տեղ լի­նեն աշ­խա­տա­տեղ­ներ, մար­դիկ կա­րո­ղա­նան ըն­տա­նի­քը պա­հել, ա­պա գնա­լու հա­կո­ւա­ծու­թիւ­նը կ­՛ընկ­նի»,- վստա­հե­ցուց ­Խա­չատ­րեան:
«­Յար­գե­լի շի­րակ­ցի­ներ, ինձ հա­մար պա­տիւ է ­Շի­րա­կի մարզ­պե­տի պաշ­տօ­նը ստանձ­նե­լը: Ան­կաս­կած մեր առ­ջեւ ծա­ռա­ցած խնդիր­նե­րը գի­տակ­ցե­լով եմ այս­տեղ, բայց վճռա­կա­նու­թեամբ, որ իմ գի­տե­լիք­ներն ու փոր­ձը ի նպաստ կը դնեմ մար­զում տա­րաբ­նոյթ խնդիր­նե­րի լուծ­ման հա­մար»,- ը­սաւ ­Խա­չատ­րեան՝ խօս­քը ուղ­ղե­լով մարզ­պե­տա­րա­նի աշ­խա­տող­նե­րուն: «Աշ­խա­տա­տեղ­նե­րի ստեղ­ծու­մը, ներդ­րում­նե­րի խրա­խու­սու­մը, տե­ղա­կան ար­տադ­րող­նե­րին ա­ջակ­ցե­լը, այս բո­լո­րը ինձ հա­մար ա­ռաջ­նա­յին ծրագ­րեր են», շե­շե­տեց նոր մարզ­պե­տը: