Սարդարապատի թանգարանին մէջ բացուած է պղնձագործ վարպետներու Սուրիոյ դպրոցի ներկայացուցիչներու աշխատանքներու ցուցադրութիւն:
«Արմէնփրես»ի հաղորդմամբ՝ Սարդարապատի թանգարանի տնօրէն Կարէն Արիստակէսեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ Հալէպի մէջ պղնձագործութեամբ զբաղող հայկական ամենայայտնի տոհմը Գալամքարեաններու տոհմն է, որուն աշխատանքները ներկայացուած են թանգարանին մէջ:
«Գալամքարեաններու խանութը Հալէպի մէջ գործած է մինչեւ 1961 թուականը: Գալամքարեանները Արեւմտեան Հայաստանէն տեղափոխուած են Այնթապ, ուրկէ հաստատուած են Հալէպ եւ Դամասկոս: Անոնք, իբրեւ յայտնի պղնձագործներ ունէին իրենց դրոշմակնիքները, որոնք ներկայացուած են թանգարանին մէջ բացուած ցուցադրութեան»,- ըսած է Արիստակէսեան:
Ան յայտնած է, որ հաւաքածուն Հայաստանին նուիրած է Յարութիւն Գալամքարեան՝ համաձայն իր կտակին (ան մահացած է 2015ին):
Հաւաքածուն Հայաստան տեղափոխուած է Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան եւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանի աջակցութեամբ: Հաւաքածուն Հայաստան տեղափոխուած է պայմանով, որ ցուցադրուի որեւէ թանգարանի մէջ: Կարէն Արիստակէսեան նշած է, որ կը ծրագրեն ունենալ նաեւ արհեստագործական դպրոց, որովհետեւ պղնձագործական հմտութիւնները մեր մօտ չքացած են եւ այդ արհեստը վերակենդանացնելու խնդիր կայ: «Բաւական հետաքրքրական ցուցադրութիւն է, զոր բացած ենք երկու օր առաջ եւ կը ներկայացնենք մեր հանրութեան»,- ընդգծած է Արիստակէսեան: