ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

­Հա­յաս­տա­նի յա­րա­կից տա­րա­ծաշր­ջա­նի խնդիր­նե­րը սկսած են մտնե­լու դժո­ւար նա­խա­տե­սե­լի փու­լի մը մէջ։ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող լա­րո­ւա­ծու­թեան ուղ­ղա­կիօ­րէն մաս­նա­կից է ­Թուր­քիան։ Այս վեր­ջի­նը ուղ­ղա­կիօ­րէն մաս­նա­կից է նաեւ Ի­րա­քի եւ ­Սու­րիոյ խնդիր­նե­րուն՝ իբ­րեւ «տե­ղա­կան ջու­թակ», որ կը փոր­ձէ ետ չմնալ միւս խա­ղա­ցող­նե­րէն։
Իսկ ո­րո՞նք են «միւս­նե­րը»։
­Հա­կա­սու­րիա­կան ճամ­բա­րէն ներս, պարզ է, ա­ռա­ջին հեր­թին Ա­րեւ­մուտ­քը՝ Մ. ­Նա­հանգ­ներ եւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւ­նը։ Իսկ ա­ւե­լի մաս­նա­յա­տուկ՝ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան մէջ ­Սու­րիոյ խնդիր­նե­րուն ուղ­ղա­կի մաս­նա­կից­նե­րու ա­ռա­ջա­տար­ներն են Անգ­լիան ու Ֆ­րան­սան. ­Գեր­մա­նիան ալ՝ «տա­կից»։
Երկ­րորդ եւ մեծ պատ­կե­րին մէջ երկ­րորդ կար­գին վրայ կու գան ­Սէու­տա­կան Ա­րա­բիան՝ ­Ծո­ցի իր զի­նա­կից­նե­րով։ ­Թէեւ՝ գետ­նի վրայ այս եր­կիր­նե­րը գործ­նա­կան ա­ռու­մով նշա­նա­կա­լի դե­րա­կա­տար­ներ են։
Եր­րորդ, ­Թուր­քիան՝ տա­րա­ծաշրջա­նա­յին իր ա­խոր­ժակ­նե­րով։ ­Հասկ­նա­լի պէտք է ըլ­լայ բո­լո­րիս հա­մար, որ ­Թուր­քիան «տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին» ը­սե­լով, ա­ռա­ջին հեր­թին, ­Հա­յաս­տա­նը նկա­տի ու­նի։ Ո­րով­հե­տեւ ի­րեն սահ­մա­նա­կից եր­կիր­նե­րէն միայն ­Հա­յաս­տանն է, ո­րուն հետ հո­ղա­յին խնդիր ու­նի, թե­կուզ որ այդ մա­սին չի խօ­սո­ւիր պաշ­տօ­նա­կան մա­կար­դա­կի վրայ՝ եր­կուս­տեք։
Իսկ ­Սու­րիոյ ի նպաստ ճամ­բա­րին ղե­կա­վա­րը ­Ռու­սաս­տանն է, Ի­րա­նի ու ա­նոր տե­ղա­կան դաշ­նա­կից­նե­րու օգ­նու­թեամբ։
­Գա­լով քիւր­տե­րուն, այդ ճամ­բա­րը ներ­քուստ բա­ժան-բա­ժան վի­ճակ մը կը պար­զէ, կի­սո­ւած՝ Ա­րեւ­մուտ­քի եւ «միւս­նե­րուն» մի­ջեւ։ ­Բայց եւ այն­պէս, քրտա­կան ազ­դա­կը հա­յու­թեան հա­մար կա­րե­ւոր է ա­նոր հա­մար, որ քրտա­կան զի­նեալ ներ­կա­յու­թիւն կայ թէ՛ Ի­րա­քի, թէ՛ ­Սու­րիոյ եւ թէ նաեւ՝ ­Թուր­քիոյ մէջ։ Ա­ռա­ւել, ­Թուր­քիան քրտա­կան զի­նեալ ներ­կա­յու­թեան մէջ (գէթ ա­նոր մէկ շեր­տին մէջ) սպառ­նա­լիք կը տես­նէ իր հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան նկատ­մամբ։
Այս բո­լո­րին մէջ, մեզ հե­տաքրք­րո­ղը եւ շա­հագրգ­ռո­ղը ­Թուր­քիոյ պա­րա­գան է։
­Վեր­ջին 10 տա­րի­նե­րուն, Էր­տո­ղա­նի վա­րած ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ, ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցը, առ­նո­ւազն ներ­քին տրա­մա­բա­նու­թեան ի­մաս­տով, լուրջ դեր ու­նի։ Այս­պէ՛ս, երբ Էր­տո­ղան ույ­ղուր­նե­րու կա­պակ­ցու­թեամբ ­Փե­քի­նը կ’ամ­բաս­տա­նէր «ցե­ղաս­պա­նու­թեամբ», երբ «­Մա­ւի ­Մար­մա­րա» նա­ւուն մի­ջա­դէ­պին ա­ռի­թով Իս­րա­յէ­լի դէմ եւ պա­ղես­տին­ցի ժո­ղո­վուր­դին ի նպաստ բուռն կե­ցուածք­ներ կը դրսե­ւո­րէր, ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, այդ բո­լո­րը կ’ը­նէր իր վրա­յէն թօ­թա­փե­լու հա­մար ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ իր դէմ ե­ղած մե­ղադ­րանք­նե­րը։ Այն են­թա­թեքս­թով, որ «տե­սէ՛ք, մենք ինչ­պէ՞ս կրնանք ցե­ղաս­պա­նու­թիւն գոր­ծած ըլ­լալ, երբ պաշտ­պան կը կանգ­նինք ի­րա­ւազր­կո­ւած ույ­ղուր­նե­րուն եւ պա­ղես­տին­ցի­նե­րուն»։
Ույ­ղուր­նե­րու եւ «­Մա­ւի ­Մար­մա­րա»ի դէպ­քե­րէն հա­զիւ քա­նի մը տա­րի անց, երբ ­Սու­րիոյ դէմ չյայ­տա­րա­րուած պա­տե­րազ­մը սկսաւ, ­Թուր­քիան դիրք ճշդեց ­Դա­մաս­կո­սի օ­րի­նա­կան իշ­խա­նու­թեան դէմ։ Այս թո­հու­բո­հին մէջ, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կի նա­խօ­րեա­կին, ­Թուր­քիան փոր­ձեց մե­զի (հայ­կա­կան կող­մին) «խօսք հասկց­նել»՝ իր տե­ղա­կան, հա­կա­սու­րիա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րուն մի­ջո­ցով, պայ­թեց­նել տա­լով ­Տէր ­Զօ­րի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շար­ձան-մա­տու­ռը, ռմբա­կո­ծել տա­լով ­Հա­լէ­պի ոչ միայն հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սե­րը, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ՝ հայ­կա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը (դպրոց, ե­կե­ղե­ցի, ծե­րա­նոց, ա­կումբ­ներ ե­ւայլն)։ ­Թուր­քիան չվա­րա­նե­ցաւ իր մանկ­լա­ւիկ զի­նեալ խմբա­ւո­րում­նե­րը շղթա­յա­զեր­ծե­լու ­Քե­սա­պի դէմ՝ տե­ղա­հա­նե­լով հայ բնակ­չու­թիւ­նը։ Ը­սել չենք ու­զեր, որ ­Սու­րիոյ նկատ­մամբ ­Թուր­քիոյ կե­ցո­ւած­քը հիմ­նո­ւած էր զուտ հայ­կա­կան ազ­դա­կին վրայ։ Ան­գա­րա ու­նի իր ազ­դե­ցու­թեան գօ­տին ըն­դար­ձա­կե­լու, իր տնտե­սու­թեան հա­մար ամ­բողջ ա­րա­բա­կան շու­կա­յին մէջ տի­րա­կան խօսք ու­նե­նա­լու խնդիր­ներ եւ ա­ռա­ջադ­րանք­ներ։ Իր այս ընդ­հա­նուր վար­քա­գի­ծին մէջ ալ՝ ի մէջ այ­լոց, հայ­կա­կան կող­մին «խօսք հասկց­նե­լու» ա­ռի­թը կայ ան­շուշտ։
Ա­ւե­լորդ է խօ­սիլ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ իր բա­ցա­յայտ զի­նակ­ցու­թեան մա­սին՝ զի­նո­ւո­րա­կան եւ քա­ղա­քա­կան մա­կար­դակ­նե­րու վրայ։
­Մէկ խօս­քով՝ ­Թուր­քիոյ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը «գող սիր­տը դող» տրա­մա­բա­նու­թեան վրայ յե­նած է։
Ի­րե­րու այս դրու­թեան մէջ ­Հա­յաս­տա­նը, իբ­րեւ ան­կախ պե­տա­կան միա­ւոր, իր ը­սե­լի­քը պէտք է ու­նե­նայ։ ­Մե­զի հա­մար ան­հասկ­նա­լի է, որ երբ Էր­տո­ղան, լկտիա­բար, ը­սո­ւե­լիք-չը­սուե­լիք մե­ղադ­րանք­ներ կ’ուղ­ղէ ­Հո­լան­տա­յի հաս­ցէին, հայ­կա­կան կող­մը կը մնայ լուռ։ ­Մենք բնա­կա­նա­բար ­Հո­լան­տա­յի պաշտ­պան փաս­տա­բա­նը չենք, սա­կայն երբ ­Թուր­քիոյ բան­տե­րը լե­ցո­ւած են ա­կա­դե­մա­կան­նե­րով, լրագ­րող­նե­րով, քա­ղա­քա­կան այլ հա­յեացք­նե­րու տէր գոր­ծիչ­նե­րով, դա­տա­ւոր­նե­րով ու բարձ­րաս­տի­ճան զի­նո­ւո­րա­կան­նե­րով, երբ ­Թուր­քիոյ մէջ մա­մու­լը բա­ռա­ցիօ­րէն ճնշո­ւած է, Էր­տո­ղա­նը վեր­ջին ան­ձը պէտք է ըլ­լայ ­Հո­լան­տան ֆա­շա­կա­նու­թեամբ ամ­բաս­տա­նե­լու։ ­Գէթ ա՛յս պէտք է ը­սո­ւի Ե­րե­ւա­նի կող­մէ, թէ­կուզ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բե­րին կող­մէ։
Եր­կու տա­րի ա­ռաջ, ­Յու­նո­ւա­րին, ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի մէջ, Հ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հրա­պա­րա­կեց հռչա­կա­գիր մը, ուր կը խօ­սո­ւէր նաեւ հայ­կա­կան ի­րա­ւունք­նե­րուն տի­րու­թիւն ը­նե­լուն մա­սին։ Ն­ման կե­ցո­ւածք մը ճշդե­լը իր քա­ղա­քա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը պի­տի ու­նե­նայ. ­Պաշ­տօ­նա­կան Ե­րե­ւա­նի կող­մէ ույ­ղուր­նե­րու, պա­ղես­տին­ցի­նե­րը իբ­րեւ թէ պաշտ­պա­նե­լու, ­Սու­րիոյ մէջ հա­կա­հայ թի­րախ­ներ հա­րո­ւա­ծե­լու, նոյ­նիսկ ան­ցեալ Ապ­րի­լի պա­տե­րազ­մի հար­ցե­րով ­Թուր­քիոյ նկատ­մամբ պա­հո­ւած քար լռու­թիւ­նը ոչ միայն ըմբռ­նե­լի չէ, այլ նոյ­նիսկ կրնայ սխալ մեկ­նա­բա­նուիլ Ան­գա­րա­յի մէջ։
­Հայ­կա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան պար­տա­կա­նու­թիւնն է ա­ռի­թը չփախց­նել՝ ­Թուր­քիոյ դէմ քա­րոզ­չա­կան, քա­ղա­քա­կան ու դի­ւա­նա­գի­տա­կան հա­կա­յար­ձա­կո­ղա­կա­նի անց­նե­լու ի­մաս­տով։ ­Թուր­քիան ան­դա­դար պէտք է մղել «ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան», զայն հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն պա­հել ամ­բաս­տա­նեա­լի ա­թո­ռին։ Այս վար­քա­գի­ծը ու­նի մեծ ա­ռա­ւե­լու­թիւն մը. ան կը զօ­րաց­նէ ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան դիր­քե­րը, եւ յար­գանք կը պար­տադ­րէ մեր նկատ­մամբ։
Այս վար­քա­գի­ծը որ­դեգ­րած ­Հա­յաս­տան մը նաեւ պատ­գամ մը կ’ուղ­ղէ բո­լոր շա­հագր­գիռ կող­մե­րուն, որ «­Թող ի­մա­նան մենք չենք դառ­նար խա­ղա­լիք»…