169 տա­րի ան­ցած է, բայց մին­չեւ այ­սօր դեռ լրիւ ու ստու­գա­պէս վեր­ծա­նո­ւած չէ ա­ռեղ­ծո­ւա­ծը ար­դի հայ գրա­կա­նու­թեան ռահ­վի­րա­նե­րէն ­Խա­չա­տուր Ա­բո­վեա­նի ան­յայտ վախ­ճա­նին։
­Նաեւ իր ծննդեան տա­րե­թի­ւը ճշգրտո­ւած չէ եւ 1803էն մին­չեւ 1809ի ­Հոկ­տեմ­բեր 12ը կը գոր­ծա­ծո­ւին իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ Ա­բո­վեա­նի կեն­սա­գիր­նե­րուն կող­մէ։
Իսկ ­Խա­չա­տուր Ա­բո­վեան ՄԵԾՈՒԹԵԱՆ ա­մէ­նէն խորհր­դա­ւոր եւ ա­ւե­լի բա­րա­ցու­ցա­կան ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւ­նը այն է, որ հայ գրա­կա­նու­թեան մէջ նոր դա­րաշր­ջան բա­ցող իր կո­թո­ղա­կան գոր­ծը՝ «­Վէրք ­Հա­յաս­տա­նի, Ողբ ­Հայ­րե­նա­սէ­րի» ան­մահ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը, 1840ին գրո­ւած ըլ­լա­լով հան­դերձ, ամ­բողջ 18 տա­րի ձե­ռա­գիր վի­ճա­կի մէջ մնաց՝ մին­չեւ որ ար­ժա­նա­ցաւ ա­ռան­ձին հա­տո­րով հրա­տա­րա­կու­թեան։
­Թէեւ ամ­բողջ այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ձեռ­քէ-ձեռք խլո­ւե­ցաւ ու յափշ­տա­կու­թեամբ կար­դա­ցո­ւե­ցաւ, բայց միայն 1858ին, Ա­բո­վեա­նի ան­յայտ վախ­ճան­ման 10ա­մեա­կին ա­ռի­թով, լոյս տե­սաւ տպա­րա­նէն ­Թիֆ­լի­սի ­Ներ­սի­սեան վար­ժա­րա­նին, ո­րուն ա­ռա­ջին շրջա­նա­ւարտ­նե­րէն ե­ղած էր անկրկ­նե­լի Ա­բո­վեան։
­Պարս­կա­կան գրաւ­ման տակ գտնո­ւող Ե­րե­ւա­նի մեր­ձա­կայ ­Քա­նա­քեռ ա­ւա­նը ծնած պա­տա­նի ­Խա­չա­տուր, մա­նուկ տա­րի­քին, ղրկո­ւե­ցաւ Էջ­միա­ծին՝ ու­սա­նե­լու եւ կու­սակ­րօն դառ­նա­լու հա­մար։ 1821ին ան­ցաւ ­Թիֆ­լիս, ուր թա­ղա­յին վար­ժա­րան մը յա­ճա­խե­լէ ետք, ըն­դու­նո­ւե­ցաւ նո­րա­բաց ­Ներ­սի­սեան վար­ժա­րա­նը, ո­րուն ու­սում­նա­կան շրջա­նը ա­ւար­տեց փայ­լուն ար­դիւն­քով եւ վե­րա­դար­ձաւ Էջ­միա­ծին՝ սար­կա­ւագ ձեռ­նադ­րո­ւե­լու եւ կա­թո­ղի­կո­սի քար­տու­ղա­րը դառ­նա­լու հա­մար։
Էջ­միած­նի մէջ իբ­րեւ սար­կա­ւագ ու քար­տու­ղար կեան­քի իր տա­րի­նե­րուն, Ա­բո­վեան սկսաւ հայ­րե­նա­սի­րա­կան ու քնա­րեր­գա­կան ո­տա­նա­ւոր­ներ գրել՝ ա­ռա­ւե­լա­բար գրա­բա­րով։ (Այդ շրջա­նին կը պատ­կա­նի «­Կա­րօ­տու­թիւն ­Նա­նի ­Վա­յել­չու­թեանց ­Հայ­րե­նեաց Ի­մոյ» խո­րագ­րով իր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը)։ ­Միա­ժա­մա­նակ խո­րա­ցաւ եւ հու­նա­ւո­րո­ւե­ցաւ հայ­րե­նի հո­ղին ու հայ շի­նա­կա­նին նկատ­մամբ Ա­բո­վեա­նի տա­ծած ան­հուն սի­րոյ, օ­տա­րի տի­րա­պե­տու­թեան եւ մահ­մե­տա­կան բռնա­տի­րու­թեան դէմ ա­զա­տա­սէր հա­յու ա­բո­վեա­նա­կան ընդվ­զու­մի եւ ցա­սու­մի տա­րեր­քը։
Աս­տի­ճա­նա­բար ար­մա­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ նաեւ դա­րու յա­ռա­ջըն­թա­ցին հետ քայլ պա­հե­լու՝ խա­ւա­րամ­տու­թեան ան­դուն­դին մէջ ապ­րող սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դը լու­սա­ւո­րե­լու ա­ռա­քե­լու­թեան կո­չու­մը Ա­բո­վեա­նի մէջ։
Ա­բո­վեան եր­կար ժա­մա­նակ ապ­րե­ցաւ լուռ ու խոր տա­ռա­պան­քը՝ սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին հետ հասկ­նա­լի լե­զո­ւով գրե­լու դժո­ւա­րու­թեան, գրա­բա­րով ա­զա­տու­թեան եւ հայ­րե­նա­սի­րու­թեան գա­ղա­փար­նե­րը տա­րա­ծե­լու կաշ­կան­դու­մին։ Այդ գա­ղա­փար­նե­րով ալ դա­սա­ւան­դու­թիւն կա­տա­րեց Էջ­միած­նի ­Վա­նա­կան դպրո­ցին մէջ՝ ար­ժա­նա­նա­լով իր պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն դա­տա­պար­տան­քին ու հա­լա­ծան­քին, իբ­րեւ տա­րօ­րի­նակ եւ վնա­սա­կար գա­ղա­փար­նե­րու տա­րա­ծիչ։
Վ­րայ հա­սան 1828ի ռուս-թրքա­կան պա­տե­րազ­մը եւ Ա­բո­վեան մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ փա­րե­ցաւ քրիս­տոնեայ ռուս ժո­ղո­վուր­դին հետ միաց­ման գա­ղա­փա­րին։
­Բայց 1829ին Ա­րա­րատ ­Լե­րան գա­գա­թը մագլ­ցե­լու ի­րեն ըն­ծա­յո­ւած հնա­րա­ւո­րու­թիւնն էր, որ իս­կա­կան դար­ձա­կէտ մը կազ­մեց ­Խա­չա­տուր Ա­բո­վեանի կեան­քին ու գոր­ծին մէջ։ Էս­թո­նիա­յի ­Դոր­պա­տի հա­մալ­սա­րա­նէն փրոֆ. ­Պար­րորտ Ե­րե­ւան ժա­մա­նած էր եւ Ա­րա­րա­տը մագլ­ցե­լու հա­մար ի­րեն ըն­կե­րակ­ցող հայ մը կը փնտռէր։ ­Խա­չա­տուր ­Սար­կա­ւագ կա­մա­ւոր ներ­կա­յա­ցաւ, բայց ­Ներ­սէս Աշ­տա­րա­կե­ցի ­Կա­թո­ղի­կո­սի ար­գել­քին բա­խե­ցաւ, ո­րով­հե­տեւ այդ օ­րե­րուն «սրբապղ­ծու­թիւն» կը նկա­տո­ւէր ­Սուրբ ­Լե­րան կա­տա­րը մագլ­ցե­լու ո­րե­ւէ փորձ։
Ա­բո­վեան չեն­թար­կո­ւե­ցաւ ­Կա­թո­ղի­կո­սի ար­գել­քին եւ ըն­կե­րակ­ցե­ցաւ ­Պար­րո­տին ոչ միայն «­Դէ­պի ­Լեառն ­Մա­սիս», այլ նաեւ այ­նու­հե­տեւ՝ մին­չեւ ­Դոր­պա­տի հա­մալ­սա­րան, ուր կա­տա­րե­լա­գոր­ծեց իր ու­սու­մը լե­զու­նե­րու՝ ռու­սե­րէ­նի, գեր­մա­նե­րէ­նի, ո­րոշ չա­փով ֆրան­սե­րէ­նի եւ անգ­լե­րէ­նի մէջ։
Երբ 1836ին վե­րա­դար­ձաւ Ե­րե­ւան, Ա­բո­վեան դի­մում­ներ կա­տա­րեց նո­րօծն ­Յով­հան­նէս ­Կար­բե­ցի ­Կա­թո­ղի­կո­սին, որ­պէս­զի Էջ­միած­նի մէջ ար­դիա­կան դպրոց մը հիմ­նէ, գիւ­ղա­կան ու­սու­ցիչ­ներ պատ­րաս­տե­լու հա­մար։ Ոչ միայն ըն­դա­ռա­ջում չգտաւ, այ­լեւ՝ ընդ­հան­րա­պէս հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու դռնե­րը փա­կո­ւե­ցան ու­սուց­չու­թեան դի­մում կա­տա­րող Ա­բո­վեա­նի առ­ջեւ։ Ս­տի­պո­ւե­ցաւ ­Թիֆ­լիս մեկ­նիլ եւ պե­տա­կան ու­սու­ցիչ դառ­նալ։
Ա­հա այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ՝ հա­լա­ծան­քի, ապ­րուս­տի դժո­ւա­րու­թեան եւ ա­կա­մայ օ­տար ե­րե­խա­նե­րու դա­սա­ւան­դու­թեան լծո­ւե­լու պար­տադ­րան­քին տակ, Ա­բո­վեան ապ­րե­ցաւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան իր եր­կուն­քի կա­րե­ւո­րա­գոյն շրջա­նը, ո­րուն ծնունդն ու ան­մահ կո­թո­ղա­կան վկան ե­ղաւ 1840ին ա­ւար­տած իր «­Վէրք ­Հա­յաս­տա­նի»ն։
­Դիւ­ցազ­նա­վէ­պի կը նմա­նի «­Վէրք ­Հա­յաս­տա­նի»ն, որ թէեւ վի­պա­կան կուռ մշա­կում չու­նի, բայց բա­նաս­տեղ­ծա­կան իր կրա­կով եւ ըն­թեր­ցո­ղի սիրտն ու միտ­քը վա­րար հո­սան­քի մէջ առ­նող-տա­նող իր հուժ­կու թա­փով՝ անկրկ­նե­լի բար­ձունք մը կը հան­դի­սա­նայ հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան մէջ։
Աշ­խար­հա­բա­րով եւ Քա­նա­քե­ռի բար­բա­ռով գրուած՝ նոյն­պէս Քա­նա­քե­ռի ծնունդ Ա­ղա­սիի կեր­պա­րով հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան նոր դա­րաշր­ջա­նի դրօ­շա­կի­րը քան­դա­կած ­Խա­չա­տուր Ա­բո­վեա­նի «­Վէրք ­Հա­յաս­տա­նի»ն ­հա­մակ պաշ­տա­մունքն է հայ լե­զո­ւին, հայ­րե­նի հո­ղին, քա­րին ու ջու­րին, եր­գին ու հա­ւատ­քին, այլ մա­նա­ւանդ հայ շի­նա­կա­նին, ա­նոր բա­րու­թեան եւ ազ­նո­ւու­թեան, նո­ւի­րու­մին ու ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան։
Ի­րա­ւամբ ը­սո­ւած է, որ ­Խա­չա­տուր Ա­բո­վեա­նի «­Վէրք ­Հա­յաս­տա­նի»ն ­հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի «­Նա­րեկ»ն­ է։
­Հա­յու ա­զա­տա­տենչ ո­գին ու լու­սա­ւոր միտ­քը սան­ձա­զեր­ծող ան­մահ գործ մը, ո­րուն կեր­տի­չը իր կեն­դա­նու­թեան հա­լա­ծո­ւե­ցաւ հայ թէ ռուս իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ, մին­չեւ որ այս­պի­սի օր մը՝ 1848ի Ապ­րի­լի 2ին, վաղ ա­ռա­ւօ­տեան, իր տու­նէն դուրս ե­կաւ եւ ան­յայտ ուղ­ղու­թեամբ գնաց՝ այ­լեւս եր­բեք չվե­րա­դառ­նա­լու հա­մար, ան­հետ կոր­սո­ւե­լով։
Ո­րոշ կեն­սա­գիր­ներ կը պնդեն, թէ ­Խա­չա­տուր Ա­բո­վեան Ա­րա­րատ լե­ռը բարձ­րա­ցաւ եւ կոր­սո­ւե­ցաւ։
Ու­րիշ­ներ կը պաշտ­պա­նեն այն վար­կա­ծը, որ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ եւ ­Ռու­սաս­տա­նի խո­րե­րը աք­սո­րո­ւե­ցաւ ու ան­հետ կո­րաւ։
Իսկ ­Խա­չա­տուր Ա­բո­վեա­նի ար­ժա­նի հո­գե­զա­ւա­կը հան­դի­սա­ցող Ակ­սել ­Բա­կունց կը հա­ւա­տայ, որ Ա­զա­տու­թեան մեծ եր­գի­չը գնաց Ֆ­րան­սա՝ միա­նա­լու 1848ի յե­ղա­փո­խու­թեան մեծ շար­ժու­մին։
­Բայց ինչ որ ալ ըլ­լայ բուն ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, ­Խա­չա­տուր Ա­բո­վեան միայն մարմ­նով հե­ռա­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի սրտէն ու մտքէն։
Ընդ­հա­կա­ռակն՝ հաս­տա­տեց յա­ւեր­ժա­կան ներ­կա­յու­թեան իր շուն­չը եւ առ­յա­ւէտ նո­ւա­ճեց իր ան­փո­խա­րի­նե­լի տե­ղը ­Հայ ­Հո­գիին մէջ։
Եւ ժա­ռանգ ձգեց Ար­դի ­Հա­յուն վե­րա­կանգն­ման պատ­գա­մը.
«Ո՛չ քսան, ե­րե­սուն տա­րուց ա­ւե­լի ա, իմ ա­զիզ հե՛ր, իմ սի­րե­լի ա՛զգ, որ սիրտս կրակ ա ըն­կել, էր­ւում, փո­թոթ­ւում ա. գի­շեր֊­ցե­րեկ լացն ու սուգ իմ աչ­քիցս, ա՜խն ու ո՜­խը իմ բեր­նիցս չի՛ պակ­սում, ա՜յ իմ ա­րիւ­նա­կից բա­րե­կամք, որ մէկ միտքս ու մու­րազս ձեզ պատ­մէի ու յե­տոյ հո­ղը մտնէի։ Ա­մէն օր գե­րեզ­մանս ա­ռա­ջիս տես­նում էի, ա­մէն սհաթ մա­հո­ւան հրե­ղէն սու­րը գլխիս պտտում էր, ա­մէն րո­պէի ձեր սիրտն ու դար­դը հո­գիս է­րում, մա­շում էր. լսում էի ձեր քաղցր ձէ­նը, տես­նում էի ձեր սի­րուն ե­րե­սը, ի­մա­նում էի ձեր ազ­նիւ միտքն ու կամ­քը, վա­յե­լում էի ձեր ա­զիզ սէրն ու բա­րե­կա­մու­թիւ­նը, մտա­ծում էի ձեր կորց­րած փառքն ու մե­ծու­թիւ­նը, մեր ա­ռա­ջին, է՛ն հիա­նա­լի թա­գա­ւո­րաց, իշ­խա­նաց գործքն ու կեան­քը, մեր ­Հայ­րե­նեաց, մեր սուրբ աշ­խար­քի ա­ռա­ջո­ւան սքան­չե­լիքն ու հրաշ­քը, մեր ըն­տիր ազ­գի անն­ման բնու­թիւ­նը ու ա­րած քա­ջու­թիւն­նե­րը։
Մա­սիս ա­ռա­ջիս էր կանգ­նած միշտ, որ մա­տով ցոյց էր տա­լիս, թէ ի՞նչ աշ­խար­քի ծնունդ եմ ես. դրախ­տը մտքումս էր կեն­դա­նի, որ ինձ, ե­րա­զում թէ լուրջ, միշտ մեր երկ­րի ա­նունն ու պա­տո­ւա­կա­նու­թիւ­նը իմ ա­ռաջս էր բե­րում. ­Հայկ, ­Վար­դան, Տր­դատ, ­Լու­սա­ւո­րիչ՝ քնած տեղս էլ ինձ ա­սում էին, որ ես ի­րա՛նց որ­դին եմ. Եւ­րո­պա թէ Ա­սիա՝ ինձ ան­դա­դար ձէն էին տա­լիս, թէ ­Հայ­կայ զա­ւակն եմ ես, ­Նո­յեան՝ թո­ռը, Էջ­միած­նայ՝ որ­դին, դրախ­տի՝ բնա­կի­չը. դաշ­տում թէ ժա­մում, չո­լում թէ տան՝ էն քա­րերն էլ ու­զում էին, որ սիրտս պո­կեն, հա­նեն, ուր­տեղ որ իմ ազ­գի ո­տը կո­խել ա ու է­սօր էլ կո­խում ա. շատ ան­գամ, մէկ հայ տես­նե­լիս, ու­զում էի է­լած շունչս էլ հա­նեմ, նրան տամ…»։

Ան­մահ Ա­բո­վեա­նի ժա­ռան­գու­թեան հետ հա­ղոր­դակ­ցե­լու յու­շա­տետ­րի այս հա­կիրճ է­ջը կ­’ար­ժէ փա­կել իր հռչա­կա­ւոր «­Վա­թան» քեր­թո­ւա­ծով.

Ա՜խ վա­թան, վա­թան՝ քո հո­ղին ղուր­բան,
­Քո ծխին ղուր­բան, քո ջրին ղուր­բան,
Է՞ս փառքն ու­նէիր, է՞ս պա­տիւն ա­ռաջ,
Որ հի­միկ աւ­րո­ւել, մնա­ցել ես ան­ջան:

Ե՛րբ միտք կ­’ա­նէի՝ թէ էս հո­ղե­րը,
Էս դաշտն ու սա­րերն, էս սուրբ ձո­րե­րը,
Էն­պէս մե­ծու­թիւն, էն­պէս լաւ օ­րեր
­Քա­շել են ու մնա­ցել, ա՜խ, հի­միկ ան­տէր:

­Հող ու­նենք՝ խլո­ւած, կեանք ու­նենք՝ մե­ռած,
Ա՜խ, ջրի, կրա­կի մենք ե­սիր դա­ռած,
Ո՛չ եր­կինքն տես­նի մեր սուգն ու լա­ցը,
Ո՛չ եր­կի­րը պատ­ռո­ւի մեզ տա­նի ցա­ծը :

Ա՜խ, մեր սիրտն էն­պէս ըն­չի՞ հո­վա­ցել,
Ա­րի­նը ցամ­քել, մեր կու­ռը թու­լա­ցել,
Եա­րա՜բ, կը տես­նե՞մ, ա՜խ, ես մէկ օր էլ
­Մեր սուրբ եր­կի­րը թշնա­մուց ա­զա­տել:

Էն ի՞նչ շունչ կ­’ը­լի, որ էս նոր հո­գին
­Փը­չի վեր կաց­նի քնից մեր ազ­գին.
Էն ի՞նչ ձեռք կ­’ը­լի, որ մեր աշ­խար­քին
Էլ ետ սիրտ տայ ու կանգ­նեց­նի կրկին: