Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ Ար­ցախ կ­՛այ­ցե­լեն Պել­ճի­քա­յի եւ Պ­րիւք­սէ­լի շրջա­նա­յին խորհր­դա­րան­նե­րու ե­րես­փո­խան­ներ Անտ­րէ տէ Պիւս տէ Վար­նաֆ, Էմ­մա­նո­ւէլ տէ Պոք եւ Փիեռ Քոմ­փա­նի: Ա­նոնց կ’ըն­կե­րա­նան Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի գրա­սե­նեա­կի նա­խա­գահ Գաս­պար Կա­րա­պե­տեան եւ յանձ­նա­խում­բի քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու պա­տաս­խա­նա­տու Հե­ղի­նէ Էւ­րիեան:
21 Մար­տին ա­նոնք տո­ւած են մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րու ըն­թաց­քին Անտ­րէ տէ Պիւս տէ Վար­նաֆ ը­սած է, թէ ի­րենց հա­մար շատ հե­տաքրք­րա­կան է գալ ու բա­ցա­յայ­տել ար­ցա­խեան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը` ա­ւելց­նե­լով, որ ի­րենց պաշ­տօ­նա­կից­ներն ալ ա­ւե­լի եւս կը հե­տաքրք­րո­ւին Ար­ցա­խով, երբ ա­նոնց կը բա­ցատ­րո­ւի, որ Ար­ցա­խը եր­կիր մըն է, ուր ի­րա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն կայ, մար­դիկ կը պայ­քա­րին ի­րա­կան ար­ժէք­նե­րու հա­մար, կայ միտ­քի, գոր­ծե­լու, խօս­քի ա­զա­տու­թիւն եւ այլն: Ան եր­րորդ ան­գամն ըլ­լա­լով Ար­ցախ կ­՛այ­ցե­լէ եւ հա­ճոյ­քով կը նկա­տէ, որ մեծ ա­րա­գու­թեամբ կը զար­գա­նայ եր­կի­րը:
«­Մեր այ­ցե­լու­թեան նպա­տա­կը ո՛չ միայն Ար­ցա­խը բա­ցա­յայ­տելն է, այ­լեւ կա­պի եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եզ­րեր գտնե­լը, յատ­կա­պէս ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան ա­պա­հո­վագ­րու­թեան, մշա­կու­թա­յին եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան մար­զե­րուն մէջ»,- ընդգ­ծած է Անտ­րէ տէ Պիւս տէ Վար­նաֆ:
Փիեռ Քոմ­փա­նի, որ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով Ար­ցախ կ­՛այ­ցե­լէ, իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ հան­դի­պում­նե­րու ըն­թաց­քին հասկ­ցած է, որ Ար­ցա­խի մէջ ապ­րող­նե­րը ան­ջա­տո­ղա­կան­ներ չեն, ա­նոնց պայ­քա­րը ար­ժէք­նե­րու հա­մար է:
Ցա­ւօք, ա­զա­տու­թիւ­նը ա­նոնց կը ստի­պէ գին վճա­րե­լու, հա­կա­ռակ ա­նոր որ ա­նի­կա խոր­քին մէջ ան­գին է: «­Ձեր ըն­տա­նիք­նե­րը, վստահ եմ, վճա­րած են սուղ գին, որ­պէս­զի դուք պայ­քա­րիք ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ ձեր ժո­ղո­վուր­դին հետ միա­նա­լու հա­մար»,- յայտ­նած է Փիեռ Քոմ­փա­նի, որ զար­մա­ցած է, որ տո­ւեալ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ մար­դիկ տա­կա­ւին խա­ղաղ են, հան­դարտ եւ կեան­քին նկատ­մամբ դրա­կան մօ­տե­ցում ու­նին:
Քա­ղա­քա­կան մա­կար­դա­կի վրայ բա­ւա­կան ծանր կշիռ ու­նե­ցող Ռու­սիան միշտ չէ, որ Եւ­րո­պա­յի նման կը մտա­ծէ, իսկ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ Թ­րամ­փի իշ­խա­նու­թեան գա­լը ան­կան­խա­տե­սե­լի կը դարձ­նէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ա­պա­գա­յի դիր­քո­րո­շու­մը: «Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւ­նը գո­յու­թիւ­նը պա­հե­լու հա­մար պէտք է ներ­քին աղ­բիւր­ներ գտնէ եւ նոր դա­շինք ստեղ­ծէ, որ­պէս­զի իր ճա­կա­տա­գի­րին տէ­րը ի՛նք ըլ­լայ»,- յայտ­նած է ան: