Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան հրա­ւէ­րով, Չո­րեք­շաբ­թի 21 Հոկ­տեմ­բե­րին տե­ղի ու­նե­ցաւ միջ­վար­չա­կան ժո­ղով Գո­քի­նիոյ Զա­ւա­րեան կեդ­րո­նի «­Սա­րա­ճեան-­Զա­քա­րեան» սրահ­նե­րէն ներս:
Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին յանձ­նո­ւե­ցաւ Հ.Կ.­Խա­չի «­Թա­գու­հի Փա­շա­յեան» մրցա­նա­կը։ Ան կը տրո­ւի ա­մէն տա­րի այն հայ ու­սա­նո­ղին, որ ա­ւար­տած է Հ.Կ.Խ.ի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րէն մէ­կը եւ հայ ա­շա­կերտ­նե­րուն մէջ լա­ւա­գոյն նի­շով յա­ջո­ղած է յու­նա­կան պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի մուտ­քի քննու­թիւն­նե­րուն:
Սոյն մրցա­նա­կը հաս­տա­տո­ւած է Հայ Կա­պոյտ Խա­չին կող­մէ ի պա­տիւ եւ ի յի­շա­տակ միու­թեան ազ­նիւ բա­րե­րա­րու­հի Թա­գու­հի Փա­շա­յեա­նին, հաս­տա­տե­լու հա­մար այս ձե­ւով եւս, թէ Հ.Կ.­Խա­չը նե­ցուկ կը կանգ­նի հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան, քա­ջա­լե­րե­լով ու գնա­հա­տե­լով ուս­ման յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը։
2025-2026 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նին հա­մար մրցա­նա­կը ստա­ցաւ Լե­ւոն Նա­ւա­սար­դեան, որ յա­ջո­ղած է մուտք գոր­ծել Ա­թէն­քի հա­մալ­սա­րա­նի Կեն­սա­բա­նա­կան ա­րո­ւես­տա­գի­տու­թեան (Βιοτεχνολογία) բա­ժան­մուն­քին մէջ։
Շրջ. Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ.հի Լի­զէթ Քի­րա­զեան ջեր­մա­պէս շնոր­հա­ւո­րեց մրցա­նա­կա­կիր ե­րի­տա­սար­դը, իր ծնողքն ու ըն­տա­նի­քը:
Նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ կը մաղ­թենք ա­նոր, ինչ­պէս նաեւ մեր բո­լոր ու­սա­նող ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն:
Ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գե­րու քննարկ­ման ըն­թաց­քին, Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցուց վեր­ջին ա­միս­նե­րու իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ յա­ռա­ջի­կայ ծրա­գիր­նե­րը։
Յա­ջոր­դա­բար, մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թիւն­նե­րը զե­կու­ցե­ցին ի­րենց կա­տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ ծրագ­րած ձեռ­նարկ­նե­րուն մա­սին։

***

Հ.Կ. Խաչի “Փաշայեան” մրցանակի յանձնումին առիթով, Լեւոն Նաւասարդեանի հայրը պրն. Վարդան Նաւասարդեան, դիմատետրին մէջ հետեւեալ գրութեամբ  իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Հ.Կ.Խաչին։

Հ­պար­տա­նա­լու գե­ղե­ցիկ ա­ռիթ մը

Ե­րէկ ­Լե­ւո­նը ար­ժա­նա­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի պա­տուոյ պար­գե­ւին։ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չը բա­րե­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն մըն է, որ ­Յու­նաս­տա­նի հայ հա­մայն­քին մէջ կը սա­տա­րէ կրթու­թեան, ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու պահ­պան­ման։
­Լե­ւո­նը պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի հա­մալ­սա­րան­նե­րու մուտ­քի հա­մա­հել­լե­նա­կան քննու­թիւն­նե­րուն հա­յազ­գի ա­շա­կերտ­նե­րուն մի­ջեւ ա­մե­նա­բարձր ար­դիւն­քը ար­ձա­նագ­րած ըլ­լա­լուն հա­մար։
Առ­ջե­ւը մո­լե­քիւ­լա­յին կեն­սա­բա­նու­թեան եւ ծի­նա­բա­նու­թեան հե­տաքրքրա­կան աշ­խարհն է։ ­Յու­նա­կան հո­ղին վրայ մեծ­ցած, իր հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րը պահ­պա­նած եւ եր­կու մշա­կոյթ­նե­րու հարս­տու­թեամբ սնո­ւած՝ ­Լե­ւո­նը այժմ իր ա­ռա­ջին քայ­լե­րը կ­՚առ­նէ դէ­պի ա­պա­գայ մաս­նա­գի­տու­թիւ­նը։
Սր­տանց շնոր­հա­կա­լու­թիւն ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չին՝ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը անն­կատ չձգե­լու եւ մեր հա­մայն­քի բա­րի ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը պահ­պա­նե­լու հա­մար։