­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հա­յոց թե­մի Կ­րօ­նա­կան ժո­ղո­վի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Եր­կու­շաբ­թի 19 ­­Հոկ­տեմ­բեր 2026-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7:00-ին, ­­Գո­քի­նիոյ Ս. ­­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ դա­սա­խօ­սա­կան ձեռ­նարկ, նո­ւի­րո­ւած հայ ժո­ղո­վուր­դի ­­Թարգ­մա­նիչ վար­դա­պետ­նե­րու տօ­նին։
­­Ձեռ­նար­կին նա­խա­գա­հեց ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­­Գերշ. Տ. ­­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան։ ­­Ներ­կայ էին ­­Ֆիք­սի հո­գե­ւոր հո­վիւ Արժ. Տ. ­­Նա­րեկ քհնյ. ­­Շա­հի­նեան, Ազ­գա­յին ­­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­­Նա­զար Ա­ւա­գեան եւ ան­դամ­ներ, Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ան­դամ­ներ, տեղ­ւոյն գոր­ծօն միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, Ա­թէն­քի ­­Հո­գա­բար­ձու­թեան ան­դամ­ներ, ­­Գո­քի­նիոյ ­­Թա­ղա­յին խորհր­դոյ եւ ­­Տիկ­նանց մարմ­նոյ ան­դամ­ներ, վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէն­ներ, ու­սու­ցիչ­ներ ու մեծ թի­ւով ժո­ղո­վուրդ ու ծնող­ներ։
­­Բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց օրդ. Ա­նի ­­Կա­րա­պե­տեան։ Իր խօս­քին մէջ ան յայտ­նեց, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած են դէպ­քեր ու դէմ­քեր, ո­րոնք չեն մոռ­ցո­ւիր բնաւ եւ ի­րենց յա­տուկ ներդ­րու­մը կը բե­րեն գո­յա­պահ­պան­ման մեր ըն­թաց­քին մէջ։ Եւ ա­նոնց­մէ մին ­­Թարգ­մա­նիչ վար­դա­պետ­նե­րու տօնն է։ Ա­պա ան ներ­կա­յա­ցուց օ­րո­ւան յայ­տա­գի­րը։
Ետ­քը, ­­Հայ ­­Կա­պոյտ ­­Խա­չի «­­Զա­ւա­րեան» ազգ. վար­ժա­րա­նի խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ, գլխա­ւո­րու­թեամբ տնօ­րէ­նու­հի տիկ. ­­Հայ­կան ­­Մի­նա­սեա­նի եւ հայ ու­սուց­չու­հի­նե­րուն, ներ­կա­յա­ցու­ցին գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ա­ռա­ջին բաժ­նի յայ­տա­գի­րը։ Ա­նոնք թարգ­մա­նիչ վար­դա­պետ­նե­րու նո­ւի­րո­ւած կտոր­ներ եր­գե­ցին, ար­տա­սա­նե­ցին ու թա­տե­րա­կան կտոր մը եւս ներ­կա­յա­ցու­ցին։
Ա­պա հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ օ­րո­ւան բա­նա­խօս՝ ­­Հայ ­­Կա­պոյտ ­­Խա­չի «­­Զա­ւա­րեան» ազգ. վար­ժա­րա­նի «Հ. Ու­շագ­լեան» ման­կա­պար­տէ­զի ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի տիկ. Ա­նի Ա­բի­կեան։ Ան նախ ներ­կա­յա­ցուց ­­Հայ գի­րե­րու գիւ­տի պատ­մա­կա­նը, ո­րը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ս. ­­Մես­րոպ ­­Մաշ­տոց վար­դա­պե­տի ձե­ռամբ եւ ­­Սա­հակ ­­Պար­թեւ կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ։
Ան շեշ­տեց, թէ  սոյն տօ­նին մէջ կը բա­բա­խէ մեր ազ­գա­յին ինք­նու­թեան կեն­դա­նի սիր­տը:
Ա­նոր մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած է մեր ժո­ղո­վուր­դի հո­գե­ւոր ծննդեան վկա­յա­կա­նը: Այ­սօր մենք կը դառ­նանք ա­կա­նա­տես ու ժա­ռան­գորդ այն մե­ծա­գոյն հրաշ­քին, երբ հա­յոց գի­րե­րու գիւ­տով Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չը հա­յե­րէ­նի թարգ­մա­նո­ւե­ցաւ եւ ­­Թարգ­ման­չաց հզօր շար­ժու­մով մար­մին ա­ռաւ հայ դպրու­թիւ­նը:
Ան­կաս­կա­ծօ­րէն հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւն ջամ­բող ման­կա­վար­ժի մը հա­մար, չկայ ա­ւե­լի մեծ պար­գեւ քան ունկնդ­րել ու վա­յե­լել հայ մա­նու­կին հա­յե­րէն երգն ու խօս­քը, ա­կա­նա­տես ըլ­լալ, թէ ինչ­պէս ա­մէն մէկ բա­ռի ու փսփսու­քի ընդ­մէ­ջէն տա­ռե­րը ձեւ եւ գոյն կը ստա­նան եւ կը հիւ­սեն մեր ա­մե­նա­գե­ղե­ցիկ հե­քիա­թը: Ա­պա «Շ­նոր­հա­ւոր բո­լո­րիս ­­Թարգ­ման­չաց տօ­նը» մաղ­թան­քով ան ա­ւար­տեց իր խօս­քը։
Ա­պա Հ.Կ.­­Խա­չի «­­Զա­ւա­րեան» ազգ. վար­ժա­րա­նի այլ խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ, ներ­կա­յա­ցու­ցին գե­ղա­րո­ւես­տա­կան երկ­րորդ բաժ­նի յայ­տա­գի­րը։
­­Հարկ է նշել մեծ գնա­հա­տան­քով, որ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ընդ­հա­նուր յայ­տագրին մաս­նա­կից դար­ձան մօտ վաթ­սուն ա­շա­կերտ­ներ։ Տ­նօ­րէ­նու­հին եւ ու­սուց­չու­հի­նե­րը, ա­մե­նայն բծախնդ­րու­թեամբ պատ­րաս­տած էին օ­րո­ւան յայ­տա­գի­րը։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռով, մեծ թի­ւով ա­շա­կերտ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­մը յա­տուկ ե­րանգ տո­ւաւ ձեռ­նար­կին եւ մե­ծա­պէս քա­ջա­լե­րեց ու ներշն­չեց ներ­կա­նե­րը։
Ա­ւար­տին, օրդ. Ա­նի ­­Կա­րա­պե­տեան, հրա­ւի­րեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը որ­պէս­զի իր հայ­րա­կան պատ­գա­մով եզ­րա­փա­կէ օ­րո­ւան ձեռ­նար­կը։
Սր­բա­զան հայ­րը նախ իր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց «­­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նի մեծ թի­ւով ա­շա­կերտ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար։
Ան գնա­հա­տեց ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը, տնօ­րէ­նու­թիւնն ու ու­սուց­չա­կան կազ­մը, ո­րոնք դպրո­ցա­կան դա­սա­պա­հե­րու կող­քին լա­ւա­գոյն ձե­ւով պատ­րաս­տե­ցին գե­ղե­ցիկ յայ­տա­գիր մը։
Ա­պա ան յա­տուկ կեր­պով շնոր­հա­ւո­րեց օ­րո­ւան բա­նա­խօս՝ տիկ. Ա­նի Ա­բի­կեա­նը, որ շատ լաւ կեր­պով պատ­րաս­տեց ու ներ­կա­յա­ցուց օ­րո­ւան նիւ­թը։ Ան շնոր­հա­ւո­րեց նաեւ օրդ. Ա­նի ­­Կա­րա­պե­տեա­նը, կո­կիկ ու պատ­շաճ բաց­ման խօս­քի ներ­կա­յաց­ման հա­մար։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը յայտ­նեց, թէ հա­յե­րէն լե­զուն մեր ժո­ղո­վուր­դի սե­փա­կան գանձն է։ ­­Հա­յե­րէն լե­զուն իւ­րա­քան­չիւր հա­յու լե­զուն է։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռով, ­­Թարգ­ման­չաց տօ­նը իւ­րա­քան­չիւր հա­յու տօնն է, որ­մով մենք կը հպար­տա­նանք։
Սր­բա­զան ­­Հայ­րը ընդգ­ծեց թէ` ­­Թարգ­ման­չաց տօ­նը իր մէջ կը խտաց­նէ հա­յուն էու­թիւ­նը։
«­­Մե­զի հա­մար ան սոսկ տօն եւ թուա­կան չէ։ ­­Թարգ­ման­չա­ցը հայ լե­զուն ան­մա­հա­ցուց գիր եւ գրա­կա­նու­թեամբ, պատ­մու­թիւ­նը` ձե­ռագ­րե­րով եւ ա­ռա­ջին տպագ­րու­թեամբ, մշա­կոյ­թը` ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեամբ սե­րունդ­նե­րուն փե­խան­ցե­լով եւ ինք­նու­թիւ­նը` դպրու­թեամբ կեր­տե­լով»։
Սր­բա­զան ­­Հայ­րը նաեւ շեշ­տեց թէ` ­­Թարգ­ման­չաց տօ­նը իր էու­թեամբ կը միա­ւո­րէ հայ ըն­տա­նի­քը, դպրո­ցը եւ ե­կե­ղե­ցին ո­րոնց ջամ­բով կը կազ­մա­ւո­րո­ւի հա­յուն ինք­նու­թիւ­նը։ Իր խօս­քի ամ­փո­փու­մին, Սր­բա­զան հայ­րը քա­ջա­լե­րեց բո­լո­րին, որ­պէս­զի դպրոց­նե­րէն ու տու­նե­րէն ներս ա­ւե­լիով հա­յե­րէն խօ­սին եւ ա­պա օրհ­նեց ներ­կա­նե­րը։
Օ­րո­ւան տպա­ւո­րիչ ձեռ­նար­կի փակ­ման, օրդ. Ա­նի ­­Կա­րա­պե­տեան, յանուն Կ­րօ­նա­կան ժո­ղո­վին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ժո­ղո­վուր­դի ներ­կա­յու­թեան ու քա­ջա­լե­րան­քին հա­մար։

ԹՂԹԱԿԻՑ