Հայաստանի պատմութեան թանգարանը Աքրոփոլիսի մէջ պիտի ցուցադրէ մեր երկիրը հնագոյն ժամանակներէն լաւագոյնս ներկայացնող նմուշներ
Հայաստանի պատմութեան թանգարանի եւ Աքրոփոլիսի թանգարանի տնօրէնները ամիսներ առաջ Յունաստանի մէջ համագործակցութեան յուշագիր մը ստորագրած էին՝ ազդարարելով երկու հաստատութիւններուն միջեւ գործակցութեան սկիզբը։
Յուշագիրը գործնական արտայայտութիւն պիտի ստանայ մեծածաւալ եւ խորհրդանշական ցուցադրութեամբ մը։ 19 Նոյեմբերին, Հայաստանի պատմութեան թանգարանը «Հնագոյն Հայաստան» խորագիրը կրող ցուցահանդէսով պիտի ներկայանայ Աքրոփոլիսի թանգարանին մէջ՝ թէ՛ յոյներուն եւ թէ՛ օտարազգի զբօսաշրջիկներուն առիթ ընծայելով բացայայտելու Հայաստանի պատմութիւնն ու մշակոյթը։
«Արմենփրես»ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին Հայաստանի պատմութեան թանգարանի գիտահետազօտական աշխատանքներու գծով տնօրէնի տեղակալ Նժդեհ Երանեան ընդգծեց, որ «Հնագոյն Հայաստան» ցուցահանդէսը Հայաստանը պիտի ներկայացնէ պատմական լայն շրջագիծի մը մէջ՝ քարէ դարէն մինչեւ քրիստոնէութեան ընդունումը։
«Մեր հաւաքածոյէն աւելի քան 170 առարկաներ երեք ամիս շարունակ պիտի ցուցադրենք Աքրոփոլիսի հեղինակաւոր թանգարանին մէջ։ Ան աշխարհի ամէնէն շատ այցելուներ ընդունող թանգարաններէն մէկն է եւ մեծ ճանաչում կը վայելէ զբօսաշրջիկներուն մօտ։ Հայաստանը թանգարանին մէջ պիտի ներկայացուի շատ կարեւոր դիտանկիւնէ մը։ Այս մեծ նշանակութիւն ունի թէ՛ մեր թանգարանին եւ թէ՛ մեր երկրին համար եւ կը նպաստէ Հայաստանի ճանաչելիութեան բարձրացման», նշեց Երանեան՝ աւելցնելով, որ ցուցադրութեան առիթով պիտի հրատարակուի նաեւ պատկերագիրք մը։
Անոր համաձայն, ցուցադրութիւնը պիտի անդրադառնայ նաեւ հնագոյն ժամանակներու հայ-յունական կապերուն, որպէսզի թէ՛ տեղացիները եւ թէ՛ օտար այցելուները կարենան ծանօթանալ Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցած պատմական յարաբերութիւններուն։
Միջազգային գործակցութիւններու ծիրէն ներս, Հայաստանի պատմութեան թանգարանը 9 Հոկտեմբերին Նիկոսիոյ Մակարիոս Գ. արքեպիսկոպոսի հիմնադրամի Բիւզանդական թանգարանին մէջ բացումը կատարած է «Հաւատք եւ ինքնութիւն. մասունքներ Հայաստանի պատմութեան թանգարանէն» խորագրով ժամանակաւոր ցուցադրութեան։
Ցուցադրութիւնը կ՚անդրադառնայ Հայաստանի եւ Կիպրոսի հասարակաց քրիստոնէական ժառանգութեան, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու պատմամշակութային կապերուն։ Հայաստանի պատմութեան թանգարանի հաւաքածոյէն ընտրուած չորս բացառիկ նմուշներ կը ներկայացնեն հայկական մշակոյթի, եկեղեցական արուեստի եւ պետական աւանդութիւններու տարբեր դրսեւորումները։
Ցուցադրութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ Սուրբ Մակար վանքէն ծագող հայկական Աւետարանը, որ Կիպրոսի Հայոց թեմի համաձայնութեամբ մշտապէս կը ցուցադրուի Բիւզանդական թանգարանին մէջ եւ հիմք հանդիսացած է այս ցուցադրութեան գաղափարին։
Հայաստանի պատմութեան թանգարանը ոչ միայն իր հաւաքածոներու նմուշները կը ներկայացնէ արտասահմանի հեղինակաւոր թանգարաններուն մէջ, այլեւ պարբերաբար ինք կը հիւրընկալէ միջազգային ցուցադրութիւններ։
Երկու տարի առաջ, Բրիտանական թանգարանին հետ գործակցութեամբ, Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ բացուեցաւ «Մայր աստուածութիւն. Անահիտէն Մարիամ» ցուցադրութիւնը, որուն ծիրէն ներս, բազմաթիւ այլ նմուշներու կողքին, ներկայացուեցան Անահիտ աստուածուհիին պրոնզէ գլուխն ու ձեռքը։
Աւելի ուշ, Լուվրի թանգարանին հետ գործակցութեամբ, Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ բացուեցաւ «Սրբազան երկխօսութիւն. Լուվրէն Հայաստանի պատմութեան թանգարան» ցուցադրութիւնը։
Շաբաթներ առաջ, Պերլինի Թանգարանային կղզիին հետ համագործակցութեամբ, Երեւանի մէջ բացուեցաւ «Առասպելներ, պաշտամունքներ եւ տիեզերագիտութիւն. Պերլինի Թանգարանային կղզին Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ» խորագրով միջազգային ցուցադրութիւնը։
Նժդեհ Երանեան կարեւոր նկատեց նաեւ 6 Հոկտեմբեր 2026-ին Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ բացուած «Անի. միջնադարեան հայկական մայրաքաղաքի հազար ու մէկ վերապրումները» խորագրով միջազգային ցուցահանդէսը։
Այս ցուցադրութեան ծիրէն ներս կը ներկայացուին Անիի հնավայրէն պահպանուած թանգարանային հաւաքածոներ, մշակութային բնօրինակ արժէքներ, արխիւային լուսանկարներ, գեղարուեստական ստեղծագործութիւններ, հրատարակութիւններ, վաւերագրական ժապաւէններ եւ այլ նիւթեր։
Նմուշներէն քանի մը հատը առաջին անգամ ըլլալով կը ցուցադրուին։ Անոնք կը ներկայացնեն Անիի ուսումնասիրութեան, պահպանութեան, վերաիմաստաւորման եւ պատմական յիշողութեան տարբեր դրսեւորումները։
Ցուցադրութիւնը կազմակերպուած է Հայաստանի պատմութեան թանգարանի, Լայփցիկի Արեւելեան Եւրոպայի պատմութեան եւ մշակոյթի Լայպնիցի հիմնարկի (GWZO), Պերլինի Ազատ համալսարանի, Պուտափեշտի Փեթեր Փազմանի կաթողիկէ համալսարանի Հայագիտութեան ամպիոնի եւ այլ գործընկերներու համագործակցութեամբ։
՞«Այս ցուցահանդէսները շատ կարեւոր են ոչ միայն այցելուներու աշխարհայեացքի ընդլայնման, այլեւ մշակութային դիւանագիտութեան տեսակէտէն։ Նման մշակութային ձեռնարկներով կը զարգանան ոչ միայն համագործակցող թանգարաններուն, այլեւ երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները։ Սակայն ես յատկապէս կ՚ուզեմ ընդգծել թանգարանագիտութեան մարզին մէջ արձանագրուող յառաջընթացը։ Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ մեր թանգարանը ունի միջազգային ցուցահանդէսներ հիւրընկալելու, կապերու զարգացման շնորհիւ նոր կարելիութիւններ ստեղծելու եւ մասնագիտական այցելութիւններ կազմակերպելու անհրաժեշտ պայմանները», նշեց Երանեան։
Ան տեղեկացուց, որ մինչեւ տարեվերջ նախատեսուած են նաեւ քանի մը այլ ցուցադրութիւններ, որոնց մանրամասնութիւնները առայժմ կարելի չէ հրապարակել։
«Հայաստանի պատմութեան թանգարանը իր տարածքով, հաւաքածոներով եւ ցուցադրութիւններով միջազգային թանգարաններուն հետ համահաւասար մակարդակով կը ներկայանայ, եւ այցելուներուն նոր անակնկալներ կը սպասեն։ Կը կարծեմ, որ անոնք պիտի շարունակեն հետեւիլ մեր գործունէութեան եւ թանգարան պիտի այցելեն՝ հետաքրքրական ցուցադրութիւններ դիտելու եւ նոր տեղեկութիւններ ձեռք բերելու համար», եզրափակեց Նժդեհ Երանեան։










