Ար­ցա­խի դէմ՝ ատր­պէյ­ճա­նա­կան վտան­գա­ւոր նոր ճա­կատ

27 ­Սեպ­տեմ­բեր 2020-ը Ար­ցա­խի դէմ 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի շղթա­յա­զերծ­ման տխրահռ­չակ թո­ւա­կանն է, որ ե­րեք տա­րի յե­տոյ, նոյն օ­րե­րուն, ա­ռաջ­նոր­դեց մեր ար­ծո­ւա­բոյ­նի հա­յա­թափ­ման, բնիկ հա­յու­թեան զան­գո­ւա­ծա­յին տե­ղա­հա­նու­թեան եւ Ար­ցա­խի հայ­կա­կան պե­տու­թեան փլուզ­ման։
­Սա­կայն, Ար­ցա­խի նկատ­մամբ Ատր­պէյ­ճա­նի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը չէ ա­ւար­տած իր ռազ­մա­կան յաղ­թա­նա­կով։ ­Պա­քո­ւի հա­մար այ­սօր բա­ցո­ւած է նոր ճա­կատ մը՝ հայ­կա­կան դա­րա­ւոր ինք­նու­թեան վե­րա­ցու­մը պատ­մու­թեան է­ջե­րէն։ ­Զէն­քի ու­ժով Ար­ցա­խի բռնի գրա­ւու­մէն ետք, այ­սօր այ­լեւս հայ­կա­կան պատ­մա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը ջնջե­լու փոր­ձը կը կա­տա­րո­ւի քա­րոզ­չու­թեամբ, պե­տա­կա­նօ­րէն մշա­կո­ւած պատ­մա­կան կեղ­ծիք­նե­րով եւ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ուղ­ղո­ւած հե­տե­ւո­ղա­կան ար­շա­ւով։
­Գան­ձա­սա­րի եւ ­Դա­դի­վան­քի հայ­կա­կան ինք­նու­թիւ­նը կաս­կա­ծի տակ առ­նե­լու, զա­նոնք ­Կով­կա­սեան Ա­ղո­ւան­քի ժա­ռան­գու­թիւն ներ­կա­յաց­նե­լու եւ հայ­կա­կան կող­մը նոյ­նիսկ մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­ներ «գող­նա­լու» մէջ մե­ղադ­րե­լու ատր­պէյ­ճա­նա­կան վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը այս քա­ղա­քա­կա­նու­թեան նոր հանգ­րո­ւանն են։ ­Պա­քու այ­լեւս չի փոր­ձեր վե­րահս­կել միայն Ար­ցա­խի ներ­կան, այլ նեն­գա­բար կը մի­տի վե­րա­շա­րադ­րել Ար­ցա­խի ան­ցեա­լը։
Ա­ւե­լի մտա­հո­գիչ է, որ այդ ար­շա­ւը աս­տի­ճա­նա­բար կը տե­ղա­փո­խո­ւի նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան տա­րած­քին վե­րա­բե­րող պատ­մա­կան կեղծ պնդում­նե­րու դաշտ։ «Ա­րեւմ­տեան Ատր­պէյ­ճան հա­մայնք»-ին կող­մէ ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին գտնո­ւող ե­կե­ղե­ցի­նե­րու, վան­քե­րու եւ խաչ­քա­րե­րու «ա­ղո­ւա­նա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը» ու­սում­նա­սի­րե­լու աշ­խա­տան­քա­յին խում­բի ստեղ­ծու­մը եւ ա­նոր հրա­պա­րա­կած ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը՝ տե­ղա­հա­նո­ւած ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րու «վե­րա­դար­ձին» մա­սին պատ­մա­կան եւ մշա­կու­թա­յին հիմ­քե­րուն, կա­րե­լի չէ դի­տել որ­պէս պատ­մա­գի­տա­կան ան­մեղ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն։ ­Յա­տակ է, որ Ատր­պէյ­ճան ա­մէն ճիգ ի գործ դրած է որ­պէս­զի պատ­մա­կան կեղ­ծի­քը վե­րա­ծո­ւի քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գի։
Այս­տեղ է, որ հայ­կա­կան կող­մին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը կը դառ­նայ ա­ռանձ­նա­պէս ծանր։ ­Պե­տու­թիւ­նը չի կրնար այ­լեւս բա­ւա­րա­րո­ւիլ հեր­թա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով կամ ­Պա­քո­ւի պնդում­նե­րուն ու­շա­ցած հա­կա­դար­ձու­մով։ Ատր­պէյ­ճա­նի փոր­ձե­րուն դի­մաց՝ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան առ­ջեւ կազ­մե­լու նոր պատ­մա­կան ի­րա­կա­նու­թիւն մը, ­Հա­յաս­տա­նի պար­տա­ւո­րու­թիւնն է նոյն մի­ջազ­գա­յին հար­թակ­նե­րուն վրայ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն փաս­տագ­րել ու պաշտ­պա­նել Ար­ցա­խի հայ­կա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը։
­Մինչ ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան կեան­քը կը մնայ ներ­քին սուր հա­կադ­րու­թիւն­նե­րու մէջ, ­Պա­քու կը գոր­ծէ մէկ ռազ­մա­վա­րա­կան ուղ­ղու­թեամբ։
Ար­ցա­խի պատ­մա­կան ի­րա­ւունք­նե­րուն պաշտ­պա­նու­թիւ­նը պէտք է դառ­նայ հա­մա­հայ­կա­կան քա­ղա­քա­կան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն։ ­Խա­ղա­ղու­թեան պայ­մա­նա­գի­րի կնքու­մը ինք­նին չի կրնար նկա­տո­ւիլ որ­պէս վերջ­նա­կան նպա­տակ, ե­թէ ա­նոր ճա­նա­պար­հին հայ­կա­կան կող­մը աս­տի­ճա­նա­բար կը հրա­ժա­րի իր պատ­մա­կան եւ քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գէն։ ­Կա­րե­լի չէ խա­ղա­ղու­թիւ­նը շփո­թել լռու­թեան հետ, իսկ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը՝ միա­կող­մա­նի զի­ջում­նե­րու հետ։ Այն պա­հուն, որ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը կը ձգտի մի­ջազ­գա­յին աս­պա­րէ­զէն հե­ռաց­նել Ար­ցա­խի հայ­կա­կա­նու­թեան փաս­տը, հայ­կա­կան կող­մը այ­լեւս պէտք չէ իր լռու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նել որ­պէս խա­ղա­ղու­թեան գին։
­Պա­քու կը փոր­ձէ ջնջել հայ­կա­կան հետ­քը նախ փաս­տա­թուղ­թե­րէն, ա­պա մի­ջազ­գա­յին յի­շո­ղու­թե­նէն եւ ի վեր­ջոյ՝ պատ­մու­թե­նէն։ Այս գոր­ծըն­թա­ցին դի­մաց հայ­կա­կան պա­տաս­խա­նը պէտք է ըլ­լայ միաս­նա­կան, հե­տե­ւո­ղա­կան եւ պե­տա­կա­նօ­րէն կազ­մա­կեր­պո­ւած։
Ար­ցա­խը հա­յա­փա­թու­մը ծան­րա­գոյն կո­րուստ մը ե­ղաւ հա­յու­թեան հա­մար։ ­Սա­կայն, Ար­ցա­խի պատ­մու­թիւ­նը ու­րիշ­նե­րու ձեռ­քով վե­րա­շա­րադ­րել տա­լը պի­տի ըլ­լայ այդ կո­րուս­տի երկ­րորդ ու ա­ւե­լի խոր հե­տե­ւան­քը։ Այդ մէ­կը կան­խե­լը միայն Ար­ցա­խի հար­ցը չէ։ Այ­սօր, ա­ւե­լի քան եր­բեք՝ հա­մազ­գա­յին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն է։