­Ծա­նօթ են ար­դէն յա­տուկ կա­պե­րը ­Սի­րոս կղզիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան եւ հա­յու­թեան մի­ջեւ։ ­Քիք­լա­տես կղզի­նե­րու մայ­րա­քա­ղա­քը դար­ձաւ ա­պաս­տան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ճո­ղոպ­րած հայ որ­բե­րուն հա­մար, ո­րոնք պատս­պա­րո­ւե­ցան կղզիի պատ­մա­կան որ­բա­նո­ցին մէջ, իսկ տա­րի­նե­րով քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը կը հիւ­րըն­կա­լէր Ար­ցա­խէն այ­ցե­լող զո­հո­ւած ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու զա­ւակ­նե­րը։ Այս ա­մառ` Ե­գէա­կան ծո­վի «իշ­խա­նու­հին» դի­մա­ւո­րեց հայ­կա­կա պա­րա­րո­ւես­տի դես­պան­նե­րը։
27 Օ­գոս­տո­սին, նա­ւա­յին ճամ­բոր­դու­թե­նէ ետք, Էր­մու­փո­լի ժա­մա­նեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Նա­յի­րի» հա­մոյ­թի 12-ան­դամ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը, պա­րու­սոյց ընկ. Էտ­կար Է­կեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ։ ­Նոյն ե­րե­կոն` նա­խա­տե­սո­ւած էր ե­լոյ­թը, «Ա­ւան­դու­թեան բո­ցը կը ճամ­բոր­դէ ­Սի­րոս» փա­ռա­տօ­նի ծի­րէն ներս։ ­Մաս­նակ­ցե­ցան պա­րա­խում­բեր ամ­բողջ ­Յու­նաս­տա­նէն։ ­Մի­ջո­ցա­ռու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի հրա­պա­րա­կին վրայ, ­Սի­րոս-Էր­մու­փո­լի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ։
«Ե­րե­ւան», «­Շա­լա­խօ» եւ «­Քո­չա­րի» պա­րե­րով, մեր ար­ժա­նի հա­յոր­դի­նե­րը հմա­յե­ցին տե­ղա­ցի բնակ­չու­թիւ­նը եւ օ­տար զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րը։ ­Հա­սա­րա­կու­թեան խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը ակն­յայտ էր։
­Յա­ջորդ օ­րե­րուն, պտոյտ ը­նե­լով Էր­մու­փո­լիի մէջ, պա­րա­խում­բի ան­դամ­նե­րը ստա­ցան շնոր­հա­ւո­րա­կան խօս­քեր կղզիի բնա­կիչ­նե­րուն կող­մէ։ 30 Օ­գոս­տո­սին` տե­ղի ու­նե­ցաւ խնճոյք ծո­վա­փեայ ճա­շա­րա­նի մէջ, ի պա­տիւ մաս­նա­կից պա­րա­խում­բե­րուն։ ­Յու­նա­կան հա­մոյթ­նե­րու ան­դամ­նե­րը նոյն­պէս ար­տա­յայ­տե­ցին ի­րենց դրա­կան տպա­ւո­րու­թիւ­նը հայ­կա­կան խում­բի ներ­կա­յա­ցում­նե­րէն։
Այս գե­ղե­ցիկ մի­ջո­ցա­ռու­մով փա­կո­ւե­ցաւ նա­խորդ տա­րեշր­ջա­նի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ միա­ժա­մա­նակ սկիզբ կ­՚առ­նէ յա­ջոր­դը, «­Մար­տէն ա­մառ եւ Օ­գոս­տո­սէն ձմեռ», յու­նա­կան ա­ռա­ծին հա­մա­ձայն։ Ար­դէն ­Հա­մազ­գա­յի­նի պա­րա­խում­բե­րը կը պատ­րաս­տո­ւին` ի­րենց մօտ դար­ձեալ հա­մախմ­բե­լու յու­նա­հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը, նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու հա­մար։

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԹՂԹԱԿԻՑ