Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական վառ ապրումներով կ՚ողջունենք Ազգային Առաջնորդարանի Ուսումնական խորհուրդը, Ազգային վարժարաններու տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ ուսանողութիւնը՝ 2026-2027 ուսումնական տարեշրջանին կապակցութեամբ։
Արդարեւ, մարդուն մէջ մարդը տեսնելու «խորանը» ընտանիքն է իսկ «տաճարը»` դպրոցը։ Մեզի համար հայ ընտանիքը եւ հայ դպրոցը զիրար ամբողջացնող իրականութիւններ են։ Մեր սպասումն է, որ թէ՛ հայ ընտանիքը եւ թէ՛ հայ դպրոցը հայ մանուկը դաստիարակելու առողջ եւ աժմէական միջավայրը դառնան։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կ՚ըսէ. «Հայ դպրոցը իր հայաբոյր մթնոլորտով դարձած է այն միջավայրը, ուր հայութիւնը կրցած է անաղարտ պահել իր հոգեւոր, մտաւոր, մշակութային ու ազգային արժէքներու անկորնչելի գանձը»։ Այս նախանձախնդրութեամբ եւ տեսիլքով պէտք է սկսինք կրթական նոր տարեշրջանը եւ մեր երիտասարդներուն մէջ սերմանենք մարդկային եւ ազգային արժէքները։ 2026-2027 տարեշրջանին կը լրանայ նաեւ մեծագոյն լեզուաբան, հայագետ, գիտնական Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150 ամեակը։ Մեր ակնկալիքն է, որ մեր աշակերտները Աճառեանի ոգիին գիտակից կարեւորեն հայկական վարժարանը։ Ինչպէս նաեւ կը սիրենք յուսալ, նոր Հրաչեայ Աճառեաններ տեսնել մեր աշակերտներուն մէջ։
Օրհնեալ եւ բարի ուսումնական տարեշրջան։
ՍԱՀԱԿ ԵՊՍ. ԵՄԻՇԵԱՆ
Առաջնորդ Յունաստանի Հայոց Թեմին










