Սիրով կը հրաւիրենք ձեզ ներկայ գտնուելու Հ․Յ․Դ Յունաստանի Պատանեկան Միութեան 45-րդ բանակումի հանդիսութեան, որ տեղի պիտի ունենայ

Ուրբաթ, 4 Սեպտեմբեր 2026-ին։

Ձեզի կը սպասենք երեկոյեան ժամը 19։00-էն ետք,
«Ζ’ Παιδική Εξοχή Κερατέας» բանակավայրէն ներս։

Մեր հանդիսութիւնը պիտի սկսի դրօշակի արարողութեամբ ժամը 20:00-ին եւ պիտի յաջորդէ պատանիներու պատրաստած հանդիսութիւն մը եւ ապա ճաշկերոյթ։

Մուտքի սակ՝ 15 եւրօ։

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կրնաք հեռաձայնել՝ ընկ. Աւետիս Աւետիսեանին 6980354142:

Լիայոյս ենք, որ պիտի ընդառաջէք մեր հրաւէրին եւ ձեր ներկայութեամբ պիտի պատուէք մեր տօնակատարութիւնը։

Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան միութեան
Ընդհանուր Վարիչ մարմին