­Սօս – ­Վա­նի

0
77

ԱՀԱՐՈՆ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ

­Վաս­պու­րա­կան Աշ­խար­հի ­Շա­տախ գա­ւա­ռէն էր: Եւ մին­չեւ իր վեր­ջին շուն­չը մնաց գա­ւա­ռա­ցի հայ: ­Հա­յաս­տա­նի գիւ­ղա­ցի հայ:
­Պա­տա­նե­կան տա­րի­քէն ստի­պո­ւե­ցաւ լքել իր ծննդա­վայ­րը եւ յի­սուն տա­րի­նե­րէ ա­ւե­լի ապ­րե­ցաւ ի­րեն հա­մար խորթ եւ օ­տար եր­կինք­նե­րու տակ:
Իր միսն ու ոս­կո­րը, իր մար­մի­նը պտտցուց այս հո­րի­զոն­նե­րուն տակ: ­Բայց հո­գիով ու իր ներ­քին ապ­րում­նե­րով, իր ե­րե­ւա­կա­յու­թեամբ դե­գե­րե­ցաւ ­Հա­յոց աշ­խար­հին մէջ:
­Քա­լեց օ­տար ոս­տան­նե­րու կպրա­պատ պո­ղո­տա­նե­րէն՝ իբր շուք, միշտ ե­րա­զե­լով հա­յոց լեռ­նե­րու կա­ծան­նե­րը, մթին ձո­րե­րու ա­րա­հետ­նե­րը եւ հայ գիւ­ղե­րու նեղ­լիկ ու փո­շոտ փո­ղոց­նե­րը:
Իր նե­րաշ­խար­հին մէջ վերս­տեղ­ծեց ­Հա­յաս­տա­նը եւ ի­րա­կան կեան­քը ապ­րե­ցաւ այդ ­Հա­յաս­տա­նին մէջ, ան­հա­ղորդ՝ իր շուր­ջը ան­ցած-դար­ձած­նե­րուն եւ «քա­ղա­քակր­թու­թեան» յա­ռաջ­դի­մու­թիւն­նե­րուն:
­Դի­տեց օ­տար հո­ղե­րու վրայ բարձ­րա­ցած պա­լա­տան­ման նոր շէն­քե­րը՝ ապ­րե­լա­կեր­պի բո­լոր յար­մա­րու­թիւն­նե­րով, եւ իր մէջ ա­ւե­լի շեշ­տո­ւե­ցաւ կա­րօ­տը «մթում կո­րած խրճիթ»-նե­րուն, հայ­կա­կան խրճիթ­նե­րուն եւ ա­նոնց մէջ մխա­ցող թո­նիր­նե­րուն:
Իբր ­Հա­յաս­տա­նի զա­ւակ, շուք մըն էր ­Սօս-­Վա­նին օ­տար հո­ղե­րու վրայ: ­Կա­մուրջ չկրցաւ եր­կա­րել, չու­զեց եր­կա­րել ­Շա­տա­խէն՝ Ա­թէնք:
­Հայ գիւ­ղը, հայ գա­ւա­ռը ի­րեն հա­մար ա­մէն բան էին: Իր կեան­քին Ալ­ֆան ու Օ­մե­ղան:
­Սո­սին հա­մար,- ինչ­պէս սո­վոր էինք կո­չել զինք, — ա­րե­ւը կը ծա­գէր ­Նեմ­րութ կամ ­Սի­փան լեռ­նե­րու կա­տա­րէն ու մա­րը կը մտնէր ­Մա­սիս­նե­րու ե­տին: ­Հա­յա­պաշ­տու­թիւ­նը եւ ­Հա­յաս­տա­նա­պաշ­տու­թիւ­նը իր մէջ դար­ձած էին կիրք ու նաեւ կրօնք:
Իր «կա­րօ­տած սրտին հա­մար», ­Հա­յաս­տա­նէն զատ ու­րիշ հե­քիաթ գո­յու­թիւն չու­նե­ցաւ: ­Հա­յաշ­խար­հը՝ իր բար­քե­րով եւ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րով, իր առ­հա­ւա­կան ան­ցեա­լով եւ հե­քիա­թա­յին պատ­մու­թեամբ:
Օ­րե­րուն հետ չկրցաւ քայլ նե­տել: Չկրցաւ «քա­ղա­քակր­թո­ւիլ»: Օ՜, այս քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը…
Ի­րեն պէս հա­զա­րա­ւոր գա­ւա­ռա­ցի­ներ ու ­Հա­յաս­տա­նի գիւ­ղա­ցի­ներ, մէկ օ­րէն միւ­սը նե­տե­ցին «փո­թուրն» ու տրե­խը եւ զգե­ցան ար­դիա­կան զգեստ­ներ ու կար­ծե­ցին ըլ­լալ օ­րո­ւան մար­դը, «քա­ղա­քա­կիրթ» մար­դը:
­Սօ­սը՝ այդ ինք­նա­խա­բէու­թիւ­նը չկրցաւ պար­տադ­րել ի­րեն եւ ա­սի­կա յայ­տա­րա­րեց հրա­պա­րա­կաւ, ա­ռանց նո­ւաս­տու­թեան զգա­ցու­մին:
­Հայ գիւ­ղէն ե­կած էր եւ մնաց նոյն գիւ­ղա­ցին, իր բո­լոր ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րով ու նաեւ թե­րու­թիւն­նե­րով: ­Թե­րու­թիւն­ներ՝ զորս չու­րա­ցաւ եր­բեք:
Օ­րե­րուն «յար­մա­րե­լու» ճկու­նու­թիւ­նը չփոր­ձեց: Ը­սել կ­՚ու­զենք՝ դի­ւա­նա­գէտ չէր, խո­րա­մանկ չէր, կեղ­ծել չէր գի­տեր, ող­նա­յար ծռող չէր: Չկր­ցաւ ե­ղէգ դառ­նալ, որ­պէս­զի երբ հո­վե­րը փչէին՝ ա­ռաձ­գա­կա­նօ­րէն ծռէր ու վտան­գը սա­հէր իր վրա­յէն: Մ­նաց միշտ ցցո­ւած իս­կա­կան սօ­սի մը, ի՜նչ փոյթ՝ թէ փո­թո­րիկ­նե­րը յա­ճախ կոտր­տե­ցին իր ճիւ­ղե­րը: ­Բու­նը մնաց սա­կայն ան­սա­սան…: ­Կա­րե­ւո­րը ի­րեն հա­մար այս բունն էր ար­դէն:
­Հա­յոց Աշ­խար­հի ա­մէն զա­ւակ ե­թէ նմա­նէր ­Սօս-­Վա­նիին, այ­սօր, տա­րաշ­խար­հի մէջ մենք չէինք ու­նե­նար ան­շուշտ քա­ղա­քակր­թո­ւա՜ծ ու կեան­քի բո­լոր մար­զե­րուն մէջ յա­ռաջ­դի­մու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րող սփիւռ­քա­հա­յու­թիւն մը: ­Չէինք ու­նե­նար նա­՛եւ սպի­տակ ջար­դի ա­ւե­րին սար­սա­փազ­դու պատ­կե­րը մեր աչ­քե­րուն առ­ջեւ:
Ո՞րն է նա­խընտ­րե­լին: Այս հար­ցու­մին պա­տաս­խա­նող­նե­րու ջախ­ջա­խիչ մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը «հա­կա­սօ­սեան» պի­տի ըլ­լայ, հա­ւա­նա­բար:
­Ճիշդ ա­տո՛ր հա­մար ալ ­Սօս-­Վա­նին քի­չե­րէ հասկ­ցո­ւե­ցաւ: Եւ այդ քի­չե­րէն ալ շա՜տ քի­չեր միայն կրցան մօ­տե­նալ ­Սօս-­Վա­նիի սրտի դռնե­րուն:
Այդ շատ քի­չե­րուն հա­մար «փա­ղաքշա­կան» մէկ բառ ու­նէր ­Սօ­սը.
— ­Շո՜ւն-շա­նոր­դի…
Երբ ար­տա­սա­նէր այս բա­ռը կրնա­յիք վստահ ըլ­լալ, որ հայ գիւ­ղա­ցին կը յայտ­նէր իր ամ­բողջ հա­մակ­րան­քը ձե­զի հան­դէպ եւ հասկ­ցո­ւած ըլ­լա­լու գո­հու­նա­կու­թեան ժպի­տը կ­‘ու­րո­ւագ­ծո­ւէր իր ա­րե­ւա­խանձ ու կնճռոտ դէմ­քին վրայ:
Ամ­փո­փենք հայ գա­ւա­ռա­ցիի այս բնու­թագ­րու­թիւ­նը հե­տե­ւեալ կեր­պով.- Ե­թէ պա­տա­հէր, որ օր մը, ­Սօս-­Վա­նին ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար նշա­նա­կո­ւէր, կրնաք վստահ ըլ­լալ որ քսա­նը­չորս ժա­մո­ւան մէջ աշ­խար­հի բո­լոր պե­տու­թիւն­նե­րը թշնա­մի կը դառ­նա­յին մեր հայ­րե­նի­քին: Ո­րով­հե­տեւ, դի­ւա­նա­գէտ չէր, այ­սինքն՝ կեղ­ծող չէր, խա­բող չէր, շո­ղո­քոր­թող չէր, քծնող չէր, սու­տը՝ իբր ի­րաւ եւ ի­րա­ւը՝ իբր սուտ կլլեցնել փոր­ձող չէր:
Ե­թէ իբր հայ գիւ­ղա­ցի՝ իր դի­մա­գի­ծը բնու­թագ­րող այս տո­ղե­րը իր ող­ջու­թեան գրո­ւած ըլ­լա­յին եւ ինք կար­դար զա­նոնք, ա­պա­հո­վա­բար մեր ե­րե­սին պի­տի նե­տէր նոյն «փա­ղաք­շա­կան» բա­ռը.
— ­Շո՛ւն-շա­նոր­դի…

***

Իր տե՞­ղը մեր գրա­կա­նու­թեան մէջ:
­Սօս-­Վա­նիի մա­հով, ան­տա­րա­կոյս, հայ ա­ւան­դագ­րու­թիւ­նը, հե­քիա­թագ­րու­թիւ­նը եւ հայ­րե­նագ­րու­թիւ­նը կորսն­ցու­ցին ա­մէ­նէն նո­ւի­րեալ ու բազ­մա­վաս­տակ ար­տա­յայ­տիչներէն մէ­կը:
­Յի­սուն տա­րի շա­րու­նակ գրիչ շար­ժեց, մեր ժո­ղո­վուր­դի ան­ցեա­լը վե­րապ­րեց­նե­լու եւ վե­րա­կեն­դա­նաց­նե­լու հա­մար, հե­քիա­թագ­րու­թեան եւ ա­ւան­դագ­րու­թեան գծով:
Իր ման­կու­թեան եւ պա­տա­նե­կու­թեան յու­շե­րը քրքրեց, հա­յաս­տա­նա­գի­տու­թեան մա­սին հրա­տա­րա­կո­ւած փո­շե­թա­թաւ հա­տոր­նե­րը մա­ղեց, հայ գիւ­ղին ու գա­ւա­ռին ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցե­լու հա­մար մեր աշ­խար­հաց եւ բազ­մու­թիւն­նե­րուն եւ մա­նա­ւանդ՝ օ­տար հո­րի­զոն­նե­րու տակ հա­սակ նե­տող մեր նոր սե­րուն­դին:
Այս ճամ­բով իր ա­ռա­ւե­լա­գոյն սա­տա­րը բե­րաւ այն պայ­քա­րին, որ մե­րօ­րեայ հա­յե­րէ­նով կը կո­չո­ւի ազ­գա­յին դի­մագ­ծի պահ­պան­ման կամ գո­յա­տեւ­ման պայ­քար:
­Շատ ար­տադ­րեց, բայց, քիչ ժա­մա­նակ ու­նե­ցաւ զայն մա­ղե­լու, բիւ­րե­ղացնե­լու կամ խտաց­նե­լու:
Մ­նա­յուն աշ­խա­տա­կի­ցը ե­ղաւ Ա­թէն­քի «­Նոր Օր»ին եւ «Ա­զատ Օր»ին, ինչ­պէս նաեւ ար­տա­հա­յաս­տա­նի շատ մը թեր­թե­րու եւ պար­բե­րա­կան­նե­րու:
«­Նոր Օր» հրա­տա­րակ­չա­կա­նին մի­ջո­ցաւ լոյս տե­սան իր չորս հա­տոր­նե­րը.- «­Վա­հագ­նած­նունդ», «Ա­նահ­տա­կան», «­Ծամ­թելս ծովն ին­կաւ» եւ «­Ճանչ­նանք մեր հայ­րե­նի­քը»: ­Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, ­Պէյ­րու­թի մէջ հրա­տա­րա­կո­ւե­ցան իր ու­րիշ եր­կու տետ­րակ­նե­րը: ­Բո­լորն ալ հայ­րե­նի շուն­չով օ­ծուն եւ հա­յա­պաշտ ո­գիով:
Ան­թիւ են բազ­մա­թիւ թեր­թե­րու եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս «Ա­զատ Օր»ի մէջ հրա­տա­րա­կո­ւած իր հե­քիաթ­ներն ու հայ­րե­նա­գի­տու­թեան մա­սին գրած յօ­դո­ւած­նե­րը, ո­րոնք մեծ մա­սամբ ար­տատ­պո­ւե­ցան ար­տա­հա­յաս­տա­նի մեր մա­մու­լին կող­մէ:
Ու տա­կա­ւին ու­նի բլբա­ցած տետ­րակ­ներ ան­տիպ գոր­ծե­րու, ո­րոնք պի­տի սպա­սեն մե­կե­նա­սի մը՝ լոյս տես­նե­լու հա­մար: Ո՞վ կամ ո՞ր կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը տէր պի­տի կանգ­նի այս ժա­ռան­գու­թեան, որ գանձ մը կրնայ ըլ­լալ մեր գա­ւա­ռա­կան գրա­կա­նու­թեան հա­մար:

***

Իբր ու­սու­ցիչ եւ դաս­տիա­րակ ալ յի­սուն տա­րի­նե­րու թան­կա­գին վաս­տակ մը ու­նի ­Սօս-­Վա­նին:՝
­Հա­րիւ­րեակ­նե­րու կը հան­սի թի­ւը իր սա­նե­րուն, ո­րոնք դաս­տիա­րա­կո­ւե­ցան իր հա­յե­ցի շուն­չով: Իր գլխա­ւոր մտա­սե­ւե­ռու­մը ե­ղաւ հայ մա­տաղ սե­րուն­դի մտքին եւ հո­գիին մէջ դրոշ­մել ­Հա­յաս­տա­նը, հայ գա­ւա­ռը, հայ գիւ­ղը՝ ի­րենց հա­րա­զա­տու­թեամբ:
­Դա­սա­ւան­դե­լու իւ­րա­յա­տուկ ձեւ մը ու­նէր, հե­քիաթ­նե­րու եւ հայ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու կնի­քով կնքե­լու հա­մար հայ մա­տաղ հո­գի­նե­րուն մէջ ­Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յաս­տան­ցի դի­մա­գի­ծը:

***

Հի­մա, երբ կանգ­նած ենք իր թարմ հո­ղա­կոյ­տին առ­ջեւ, ի՞նչ կրնանք ը­սել, ի՞նչ մաղ­թանք կրնանք ը­նել իր հո­գիին հա­մար:
Կրկ­նե՞նք, որ,
— Օ­տար հո­ղը թե­թեւ ըլ­լայ վրադ, ­Սօ՛ս:
­Բայց, կը վախ­նանք, որ իր ճչա­ցող ձայ­նով շի­րի­մին խո­րէն մե­զի պի­տի պա­տաս­խա­նէ, գա­ւա­ռա­ցիի նոյն ան­կեղ­ծու­թեամբ.
— Ինք­նա­խա­բէու­թիւն է ձեր այդ մաղ­թան­քը: Այս հո­ղը կա­պա­րի պէս կը ճնշէ իմ վրաս…
­Գու­ցէ իր հո­գին խա­ղա­ղի, ե­թէ ը­սենք.
— Կ­՚ուխ­տենք, ­Սօ՛ս, քու եւ օ­տար հո­ղե­րու յանձ­նո­ւած բո­լոր ­Սօս-­Վա­նի­նե­րու ա­ճիւն­նե­րը օր մը հա­ւա­քել եւ յանձ­նել քու եւ մեր այն­քա՜ն պաշ­տած հայ­րե­նի հո­ղին:
Այդ պա­րա­գա­յին միայն, հա­ւա­նա­բար, լսո­ւի իր փա­ղաք­շա­կան բա­ռը.- ­Շո՛ւն, շա­նոր­դի­ներ…

«Ա­զատ Օր», 8 ­Յու­նիս 1966