ԺԱԳ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Վերջերս, Համազգայինի «Արշաւիր Գազանճեան» թատերախումբը ներկայացուց Անտոն Չեխովի «Ամուսնութեան առաջարկ» եւ «Արջը»` մէկ արարի կատակերգութիւնները։ Սակայն, քիչերը գիտեն որ աշխարհահռչակ ռուս գրողը յատուկ սէր ունէր հայ ժողովուրդին հանդէպ եւ բարձր կը գնահատէր հայկական մշակոյթը, շփուելով հանդերձ հայ արուեստի ներկայացուցիչներով։
Անտոն Չեխով բարեկամական կապեր ունէր Յովհաննէս Այվազովսկիի հետ, իրեն նկատելով «մեծ հանճար»։ Ամէն անգամ որ կ՚այցելէր Ղրիմ, կը հիւրընկալուէր հանրածանօթ ծովանկարիչի բնակարանը։
Ատեն մը, Մոսկուայի մէջ պիտի ներկայացուէր «Ճայը», իր ամենածանօթ թատերախաղերէն մէկը։ Բծախնդիր թատերագիրը, դժգոհ նախորդ ձախողած բեմայարդարութիւններէն, բեմանկարչութիւնը կը վստահի Վարդգէս Սուրենեանց գծագրիչին։ Արուեստի երկու անձնաւորութիւններու միջեւ նոյնպէս կը հաստատուին բարեկամական կապեր։
Ազդեցիկ էր Չեխովի համար այցելութիւնը` Ռուսիոյ Ռոստով շրջանի Մեծ Սալա հայաբնակ գիւղին։ Գրողը կը հիանայ հայ աղջիկներու հմայքով ու գեղեցկութեամբ։ Նաեւ կը ոգեւորուի հայ բնակիչներու հիւրասիրութեամբ։
Մթնոլորտէն ներշնչուած` կը գրէ «Գեղեցկուհիներ» պատմուածքը. կեդրոնական հերոսուհին է` «Մարիամ (Մաշա) Գունտուբեան», որուն վրայ կը սիրահարուին տղամարդիկ։
Անտոն Չեխով ծանօթացած էր հայկական համայնքներու եւ կը սիրէր հայ արուեստը։ Լրջօրէն հետաքրքրուած էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայերու տանջանքներով։ Կը պատրաստէր յօդուածներ, որոնք պիտի հրապարակուէին յատուկ ժողովածուի մը մէջ։ Հասոյթը պիտի տրամադրուէր քայքայուած հայերուն։ Սակայն` ծրագիրը մնաց կիսատ, գրողի ծանր հիւանդութեան պատճառով։
Իր գործին մեծ մասը թարգմանուած է հայերէնի եւ բազմաթիւ թատերախաղեր բարձրացած են հայկական բեմերուն վրայ։ Երեւանի թիւ 55 դպրոցը կը կրէ «Անտոն Չեխով» անունը եւ իր կիսանդրին տեղադրուած է անոր մօտ։
Անտոն Չեխով հոգատարութեամբ կատարեց իր բժշկական առաքելութիւնը, իսկ իբրեւ գրող խորացաւ մարդկային հոգեբանութեան մէջ, միշտ մարդասիրական ոգիով։ Իր վաղաժամ մահը զրկեց հայութենէն մեծ բարեկամ մը, որ խօսքով ու գործով կանգնեցաւ հայ ազգի կողքին։










