2026-ի Ապրիլ ամիսը յատկանշուեցաւ աշխուժ գործունէութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Յունաստանի ընտանիքին համար։ Սկաուտներն ու մարզիկները շարունակեցին իրենց մարզական ու սկաուտական ծրագիրները նախորդ ամիսներու թափով ու աժխուժութեամբ։
ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
Թեսաղոնիկէի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Յուշի երթ» հեծելարշաւը՝ ի յիշատակ Հայոց եւ Պոնտացիներու ցեղասպանութեանց
Ուրբաթ, 24 եւ Շաբաթ, 25 Ապրիլ 2026-ին, Թեսաղոնիկէի հայութիւնը յարգանքի տուրք մատուցեց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին՝ նաեւ մասնակից եառնալով տեղւոյն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասնաճիւղի կազմակերպած «Յուշի երթ» հեծելարշաւին։
Մօտ 70 հայ եւ յոյն մարզիկներ, Մեծն Աղեքսանդրի արձանին առջեւէն, կտրեցին 200 քիլոմեթր հեռաւորութիւն մը՝ հասնելով մինչեւ պոնտական «Սումելա» վանքը։ Սոյն նախաձեռնութիւնը, որ կը միաձուլէր հայ եւ պոնտացի ժողովուրդներու բախտակից ցաւն ու վերապրումի կամքը, հանդիսացաւ միասնականութեան հզօր պատգամ՝ վառ պահելով անմեղ զոհերու յիշատակը հայկական խաչքարին եւ յունական եկեղեցւոյ խորանին առջեւ։ Վերջաւորութեան կատարուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր հայկական եւ պոնտական պարերով։ Սոյն ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Շրջանային Վարչութեան ատոնապետուհին ինչպէս նաեւ Թեսաղոնիկէի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի աշխատանքներուն հետեւող երկու լիազոր եղբայրները։
Թեսաղոնիկէի կողովագնդակի խումբը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը մասնակցելով 3-րդ դասակարգի մրցաշարքին։
ԳՈՔԻՆԻՈՅ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
Վոլէյպոլ
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գոքինիոյ կանանց խումբը գրաւեց յունական ΕΣΠΕΔΑ մրցաշարքի 4-րդ դիրքը Final Four (վերջնական չորս) փուլէն ներս, բայց չի կարօղացաւ դասակարգ բարձրանալ։ Շնորհաւորութիւններ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վոլէիպոլի կանանց մարզիկներուն, որոնք իրենց լաւագոյնը տուին մեր Միութիւնը ներկայացնելու համար:
Պատանիներու K17 խումբը շատ հաւանական է Ատիկէի “Final four” մրցաշարքին մասնակցի եւ պայքարի մէտալի մը համար։
Փոքրերու աղջկանց եւ տղոց խումբերը կը շարունակեն մասնակցիլ զանազան մրցաշարքերու։
ԱԹԷՆՔԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
Կողովագնդակ
Աթէնքի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կազմերը կը շարունակեն իրենց մրցումները այրերու Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ, իսկ փոքրերու mini եւ junior խումբերը կը շարունակեն կատարել իրենց փորձերը ու մասնակցիլ մրցումներուն, ցոյց տալով մեծ խանդավառութիւն։ Փոքրիկները ուրախութիւնը ունեցան հիւրընկալելու պասքեթպոլի միջազգային մարզիկ Ինկա Մանուչարեանը որը այցելեց խումբը եւ զրուցեց երեխաներուն հետ, ներշնջելով բոլորին
Ճատրակ
Չափահասներու եւ փոքրիկներըու խումբերը կը շարունակեն փորձերը կանոնաւորապէս։
Լող — Թենիս
Լուղորդական խումբը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը եւ կը պատրաստուի յառաջիկայ մրցումներուն համար։
Թենիսի փոքրերու եւ մեծերու մարզումները կը շարունակուին Աթէնքի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Կիւտէնեան» մարզադաշտին մէջ։
Վազք
Վերջապէս, անգամ մը եւս գերազանց ելոյթ մը ունեցաւ վազքի մարզիկ Ալեքս Սավուլեան, Թէսաղոնիկէի Միջազգային 20-րդ Մարաթոնին։ Ալեքսը արձանագրեց նոր անձնական մրցանիշ՝ տպաւորիչ 3:08:04 ժամանակով։
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
Աթէնքի, Գոքինիոյ, Գարէայի եւ Թեսաղոնիկէի սկաուտները մասնակցեցան Ապրիլեան բոլոր ելոյթներուն, ձեռնակներուն եւ շքերթներուն՝ հպարտութիւն եւ յուզում պատճառելով բոլոր ներկաներուն։
25 եւ 26-Ապրիլին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Թեսաղոնիկէի Հայ նաւային սկաուտներու խումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ նաւասկաուտներու երկօրեայ մրցաշարքին` 2 սկաուտներով եւ 1 խմբապետով:
Մեր սկաուտները փայլեցան իրենց արդիւնքներով.
— 3-րդ տեղ թիավարութեան մրցումին՝ Աննա եւ Սոֆիա Խաչեւ:
— 1-ին տեղ առագաստանաւի մրցումին՝ Աննա Խաչեւ:
Շնորհաւորութիւննե՛ր բոլորին:
Միաժամանակ շարունակուեցան Աթէնքի, Գոքինիոյ, Գարէայի եւ Թեսաղոնիկէի շաբաթական հաւաքները, իսկ մեր աստիճանաւորները մասնակցեցան սկաուտական դպրոց-սեմինարներուն։










