Իւրայատուկ աշխատանքի մը ձեռնարկեց Յունահայոց Ազգային վարչութեան Յարաբերական մարմինը Հ.Կ.Խաչի ազգային վարժարաններուն նկատմամբ։ Մինչեւ օրս, շատ խօսուած է հայկական վարժարանի հոգեմտային դերակատարութեան մասին հայ երեխայի կազմաւորման համար։ Յունահայ գաղութը, իր կազմութեան առաջին տարիներէն, շեշտն ու կարեւորութիւնը տեսաւ հայեցի կրթութեան նպատակին մէջ, զայն համարելով կենսական ազդակ սերունդներու վերապրումի եւ յարատեւման ուղիին վրայ։
Ներկայ դարուն, ժամանակներու եւ մտայնութիւններու արմատական փոփոխութեան հոլովոյթին մէջ, ուր նաեւ մեր գաղութի դիմագիծը եւս կը կրէ ազգային ու ընկերային այլափոխման հետեւանքները, հայ դպրոցի դերը կը դառնայ աւելի հիմնական ու անկիւնադարձային, որուն մէջ ոչ միայն հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը պէտք է վերագտնէ իր նոր ձեւաչափն ու կշռոյթը, այլեւ կրթական ծրագիրները պէտք է յարմարին նորաձեւ ու արդի ընկալումներու տարբեր ու արդիական միջավայրի մը, որ պիտի սատարէ հայ վարժարանի գոյատեւման։
Այս նախանձախնդրութեամբ, ճամբայ առաւ գաղութի հայկական վարժարաններու աշակերտութեան, ուսուցչական կազմերուն եւ յարակից վարչական միաւորներուն հետ երկխօսութեան մը աշխատանքը, որուն առաջին պտուղը եղաւ հայակրթութիւնը ստացողներուն՝ աշակերտներուն հետ շփումի ու զրոյցի առիթը։ Յաջորդական ներկայացումներով «Ազատ Օր»-ի էջերէն, պիտի հրամցուին մեր դպրոցներուն մէջ գործող կրթական մշակներուն եւ հայակրթութիւնը իրենց մէջ ապրում դարձնող աշակերտներուն մտածումներն ու խոհերը։
Ստորեւ, կը ներկայացուի տասնեակ էջերու վրայ արձանագրուած՝ մատղաշ սերունդի հոգեկան աշխարհի մտածումներուն համառօտ ու ամփոփուած պատկերը, որ պատրաստուեցաւ Յարաբերական մարմինի անդամ տ. Արաքսի Միքայէլեանին կողմէ։
Ան երկար ժամեր տրամադրեց փոքրիկներուն հետ, լսելու համար նոր սերունդին ձայնը ու սուզուելու անոր ներաշխարհէն ներս։
Շատ բան ըսուեցաւ փոքր սերունդին կողմէ։ Սակայն, կը մնայ մեր փոքրիկ բալիկներուն սէրն ու հաւատքը հայ դպրոցին ու հայոց մեծասքանչ լեզուին հանդէպ։ Իրենց անուշ շրթներէն լսուեցան հայ միտքն ու հոգին ձեւաւորող՝ նոյնիսկ երբեմն աննշան երեւցող մանրամասնութիւններ, որոնք կը յատկանշեն հայ դպրոցի մը առօրեան ու անոր բարերար ազդեցութիւնը հայու ինքնութեան ու ազգային կազմաւորման մէջ։
Կ՚արժէ լսել նորահաս սերունդի խօսքը։ Հոն կը գտնուի ճշմարտութեան եւ անկեղծութեան ձայնը։ Մասնաւորապէս, անոնք պիտի դառնան մշտադալար հայեցի կրթութեան ապագայ դերակատարները։
* * *
Հայկական դպրոցը պարզապէս կառոյց մը չէ, ուր մենք կը սորվինք, այլ ամբողջ աշխարհ մը՝ լի երազանքներով եւ նոր հնարաւորութիւններով: Մեր աչքերով դպրոցը այն վայրն է, ուր կը ձեւաւորուին ո՛չ միայն գիտելիքները, այլ նաեւ մարդկային արժէքները, ընկերութիւնը եւ ապագայի նկատմամբ վստահութիւնը:
Հ. Կ. Խաչի «Զաւարեան» ու «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» ազգային նախակրթարաններու աշակերտութեան Դ., Ե. եւ Զ. կարգերը աշխուժութեամբ եւ անկեղծօրէն պատասխանեցին մեր հարցումներուն՝ արտայայտելով իրենց գաղափարները, նկարագրելով իրենց այժմեան եւ ապագայի դպրոցը, շեշտելով դրական եւ բացասական կողմերը, բայց միշտ իրենց մանկական մտածողութեամբ յուսալով լաւագոյն եւ աներեւակայելի կրթական համալիրներու մասին:
Հարցումներու արդիւնքները կը վկայեն, որ աշակերտներու 95 տոկոսը մեծ սիրով դպրոց կը յաճախեն: Դպրոցը իրենց երկրորդ տունն է, այն ապահով եւ վստահելի միջավայրը, ուր կ՚իշխէ ընկերական եւ համերաշխ մթնոլորտ, կը դասաւանդուին հետաքրքրական դասեր, կը ստեղծուին իրենց կարծիքը ազատօրէն արտայայտելու առիթներ: Աշակերտութեան փափաքն է աշխոյժ դպրոցական կեանքը՝ լեցուն խմբային եւ մտային խաղերով, ստեղծագործական եւ մարզական միջոցառումներով, պտոյտներով եւ ընկերային գիշերումներով:
Երեւակայեցին հսկայ կրթական համալիրներ. մեծ եւ լուսաւոր գրադարաններով, շարք մը մարզական դաշտերով, լողաւազան, ճաշարան, հանգիստի, քնանալու, խաղերու, թատրոնի եւ նկարչութեան սրահներով:
Զբօսանքներուն համար ալ փափաքեցան լայնատարած, ծառաշատ բակ մը նստարաններով ողողուած, մասնաւորապէս շեշտեցին «ընկերութեան» նստարանը, որն ալ առիթ պիտի տայ բարեկամներուն իրենց կապերը վերահաստատելու: Հիացումով պատմեցին մարզանքի ուսուցչուհիին հետ ստեղծած խաղերը եւ գրեթէ ամէնօրեայ մարզանքի կարեւորութիւնը:
Յուզիչ է երեխաներու կարծիքը հայկական դպրոցի եւ հայերէնի մասին: Կարեւորեցին հայկական դպրոցի դերը հայապահպանման մէջ, կապը Հայաստանի եւ հայերու հետ, հայերէն լեզուի կարեւորութիւնը իրենց ինքնազարգացման, ինքնահաստատման, ինչպէս նաեւ հայ ազգի շարունակութեան մէջ:
Շեշտեցին, որ հայերէնը ո՛չ միայն լեզու մըն է, որ պիտի սորվին պատմութիւնը աւելի լաւ հասկնալու, հայախօս երեխաներու եւ անձանց հետ շփման մէջ մտնելու, իրենց միտքը մարզելու եւ զանազան միւթենական խմբակներու մէջ գործածելու համար՝ այլ նշեցին, որ յաճախ հայերէն գիտնալը առիթ կու տայ իրենց գաղտնիքները ազատօրէն օտարներու քով արտայայտելուն:
Երեխաները մեծ ճկունութեամբ կամրջեցին ընտանիքը, հայրենիքը, հայկական աւանդութիւնները եւ մայրենի լեզուն հայկական դպրոցին մէջ: Իրենց դպրոցական կեանքէն նշեցին շարք մը նշանակալից եւ անփոփոխ աւանդութիւններ, ինչպէս՝ առաւօտեան աղօթքը, դպրոցով եկեղեցի երթալը, բոլոր հայկական տօները՝ Թարմանչաց տօն, Վարդանանց, Բարեկենդան, աւանդութիւն դարձած ազգային տարեդարձներ տօնելը, դպրոցներուն վերջին օրը պաղպաղակ ուտելը, պտոյտները, հանդէսները, բարեգործական աշխատանքը, անուշեղէնի օրը:
Հետաքրքրական է, որ հայ ուսուցիչը երեխաներու աչքերով կարեւոր դեր կը խաղայ՝ իր հոգատար եւ պատասխանատու վերաբերմունքով, ո՛չ միայն տառաճանաչում, կարդալ ու գրել, պատմութիւն եւ մշակոյթ կը սորվեցնէ, այլ նոր պատուհան կը բանայ լեզուն ապրելու գործընթացին մէջ, կը մարմնացնէ այն անձը, որ կ՚ուղղեկցի նոր սերունդին՝ իր կնիքը ձգելով իւրաքանչիւր երեխայի «հայկական ինքնահաստատման» վրայ:










