Ռու­սաց լե­զո­ւի ու­սուց­չու­հի ­Ճու­լիեթ­թա Ե­ղո­յեա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան ու­սուց­չու­հի ­Մա­րիամ ­Պետ­րո­սեա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, «­Մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րում ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րի դե­րը որ­պէս կա­մուրջ» աշ­խա­տան­քի ծի­րէն ներս ­տեղի ունեցաւ հանդիպում, գոր­ծակ­ցե­լով ­Հա­յաս­տա­նի մէջ յու­նա­կան հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ, Յու­նաս­տա­նի մէջ հայ­կա­կան հա­մայն­քի կեան­քին իրազեկ եղող տի­կին Ա­լիս Աթ­թա­րեա­նին եւ Ե­րե­ւա­նի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի պատ­մու­թեան ճիւ­ղի սփիւռ­քա­գի­տու­թեան ամ­պիո­նի ու­սա­նո­ղու­հի ­Թե­րե­զա Մ­նա­ցա­կա­նեա­նին հետ։
­Հիւ­րե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին ­Յու­նաս­տա­նի հայ­կա­կան հա­մայն­քի ձե­ւա­ւոր­ման պատ­մու­թիւ­նը, ներ­կա­յի հա­մայն­քի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, խօ­սե­ցան կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին կեան­քի կազ­մա­կերպ­ման մա­սին ու սի­րով պա­տաս­խա­նե­ցին ի­րենց ուղ­ղո­ւած հար­ցե­րուն։ ­Նա­խագ­ծա­յին աշ­խա­տան­քի մաս­նա­կից­նե­րը` ­Լի­տա ­Սեդ­րա­կեան, ­Սար­գիս ­Մա­մի­կո­նեան եւ ­Վա­հէ Մկրտ­չեան այս հան­դի­պու­մով հնա­րա­ւո­րու­թիւն ստա­ցան պատ­կե­րա­ցում կազ­մել հայ հա­մայն­քի գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին, ո­րը ի­րենց կ­‘օգ­նէ նա­խագ­ծա­յին աշ­խա­տան­քը ու­սում­նա­սի­րե­լու եւ վեր­լու­ծու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու։