Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան 78-րդ տարեդարձի նշումը վաղը գիշեր եւ երկու շաբաթ յետոյ յաջորդող պատգամաւորական ժողովը իրենց իմաստով շատ աւելի ընդարձակ են, քան կազմակերպական հաւաք մը։ Անոնք հարկ է դառնան գաղափարական վերանորոգութեան, ինքնաճանաչման եւ համախմբման առիթ, ուր հայ երիտասարդութիւնը պիտի արտայայտէ իր վաւերական ձայնը՝ հայութեան հաւաքական ուղին ձեւաւորելու գործընթացին մէջ։
Յունահայ գաղութը, իր պատմական անցեալով եւ ներկայ մարտահրաւէրներով, ունի կարեւոր մասնակցութիւն հայ ժողովուրդի ընդհանրական պայքարին մէջ։ Ինչպէս միշտ, այդ առաքելութեան կեդրոնական շարժիչ ուժը պիտի ըլլայ երիտասարդութիւնը, որ պիտի գիտակցի իր դերին, պիտի հաւատայ իր ձայնին եւ պիտի ստանձնէ իր գաղափարական պարտաւորութիւնը։
Այսօրուան երիտասարդութիւնը կը դիմագրաւէ աննախադէպ մարտահրաւէրներ՝ համաշխարհայնացման, սպառողական մտածողութեան եւ ընկերային հարթակներու պարտադրած եսակեդրոն առանձնացման իրականութեան մէջ։ Երբ տեղական ընկերային կեանքը կը պարտադրէ յարմարում, երբ ժամանակակից մտածողութիւնը կը շեշտէ անհատական հաճոյքը եւ ժամանակաւոր յաջողութիւնը, հայ երիտասարդը կը գտնուի բարդ հակադրութեան մէջ իր արմատներուն եւ միջավայրին միջեւ։ Շատեր կը հեռանան հայ կեանքի ազգային, մշակութային, քաղաքական եւ գաղափարական դաշտերէն, որոնք ցոյց պիտի տային ինքնավստահութեան, պատկանելիութեան եւ հայրենաճանաչման ուղին։
Այս պայմաններուն տակ, ինքնութեան պահպանումը պէտք է վերածուի գիտակցական պայքարի։ Այստեղ է, որ ինքնին Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան եւ ընդհանրապէս մեր քաղաքական ու հասարակական կառոյցներու պարտականութիւնը կը դառնայ վճռական։ Կարեւոր է չդիտել երիտասարդութիւնը իբրեւ կատարող տարր մը, այլ՝ իբրեւ խորհրդատու, գաղափար ստեղծող եւ ուղղութիւն տուող ուժ։ Պէտք է լսելի դարձնել երիտասարդութեան ձայնը իբրեւ հաւաքական կամքի եւ գաղափարական շարժումի արտայայտութիւն։ Հայ երիտասարդութիւնը ունի՛ խօսք, ունի՛ տեսակէտ. անոնք պէտք չէ անտեսուին կամ շրջանցուին։ Նոր սերունդը պէտք է դառնայ հայ կեանքի համատեղ կերտողը՝ ներգրաւուած կազմակերպական որոշումներու, նախաձեռնութիւններու եւ ազգային ռազմավարական պատկերացումներու ձեւաւորման մէջ։
Ներգրաւման ուժը պէտք է կեդրոնանայ հայապահպանման եւ հայրենաճանաչման վրայ։ Միաժամանակ, հայ երիտասարդը պէտք է շաղախուի կազմակերպական եւ գաղափարական համոզումներուն մէջ։ Հարկ է անոր առջեւ ուղիներ բանալ՝ մտածելու քաղաքականօրէն, ըմբռնելու համահայկական մարտահրաւէրները, հասկնալու հայրենիքի անվտանգային ու պետականական լուրջ խնդիրները եւ զգալու իր մասնակցութիւնը որպէս անմիջական իրականութիւն։ Հայրենաճանաչումը պէտք է վերածուի գիտակցական պարտականութեան, առանց սահմանուելու սոսկ զբօսաշրջային խանդավառութեան ամփոփ շրջագիծին մէջ։
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութիւնը, իր առաքելութեամբ, պէտք է դառնայ հայ գաղափարական կեանքի հիմնաքարը Յունաստանի մէջ հասակ նետող նոր սերունդին համար։ Ան պէտք է ըլլայ այն դարբնոցը, ուր պիտի կազմուին մտածողութիւն, արժէքներ եւ քաղաքական նախաձեռնութիւն։ Երիտասարդները պէտք է զգան, որ իրենց ձայնը անհրաժեշտ է։ Այս միտումով, հրամայական կը դառնայ մշակել այնպիսի դաստիարակչական եւ գաղափարական արթնացման ծրագրեր, որոնք իրար պիտի միացնեն կրթական, մշակութային եւ քաղաքական բաղադրիչները։ Ընկերային հաւաքներ, զրոյցներ, գիտական դասախօսութիւններ ու քննարկումներ, քաղաքական եւ մշակութային շփումներ, ցուցական արտայայտութիւններ, բանակումներ, իրենց ներգործող տարողութեամբ պէտք է դառնան գիտակցութեան արթնացման միջոցներ։ Պէտք է մտածել հաւաքաբար, թէ ինչպէս ներկայ երիտասարդը պիտի վերագտնէ իր քննական մտածողութիւնը, խորասուզուի հայոց պատմութեան ուսումնասիրութեան մէջ, ծանօթ դառնայ հայրենիքի ներկայ իրականութիւններուն եւ վերագտնէ իր կապը Հայ դատի ու համահայկական պահանջատիրութեան հետ։
Երիտասարդականի հիմնադրութեան նշումը եւ յաջորդող պատգամաւորական ժողովը պէտք չէ դառնան միայն ընթացիկ զարգացումներու հանգրուաններ, այլ՝վերածուին գաղափարական վերածնունդի։ Հայ երիտասարդութիւնը պէտք է դառնայ մեր ժամանակներու բարոյական չափանիշը՝ վերագտնելով իր դիմագիծը, վերամիանալով իր արմատներուն եւ առաջնորդուելով հաւատքով, գիտակցութեամբ ու գործուն ներգրաւումով։
Եթէ հայութեան ապագան պէտք է կերտուի միասնական կամքով, ապա այդ կամքը պիտի հնչէ նաեւ երիտասարդ շրթունքներուն վրայ։ Հայ երիտասարդի վաւերական ձայնը արժանի է լսուելու. անոր շուրջ պէտք է կառուցուի գաղութի յարատեւումը։
Այս ճանապարհին սկիզբը պէտք է որոնել Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան գաղափարական հարթակին վրայ։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ Հայ երիտասարդութիւնը՝ ազգային եւ գաղափարական վերակենսաւորման մարտահրաւէրներուն առջեւ









