Այսու սիրով կը հրաւիրենք ձեզ ներկայ գտնուելու մեր վարժարաններու «Բաբգէն Գասապեան» գրադարանի բացման, որ տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 10 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 18:00ին:
***
Պիտի յաջորդէ հիւրասիրութիւն վարժարանի սրահէն ներս, ուր պիտի ցուցադրուին «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» վարժարանի աշակերտներու գեղանկարչական գործերը:
Աշակերտութիւն, Ուսուցչական կազմեր եւ
Տնօրէնութիւնք Հ.Կ.Խաչի Լ. եւ Ս. Յակոբեան
եւ Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան
Ազգային վարժարաններու