Կիրակի, 5 Հոկտեմբեր 2025-ի օրը, Յունաստանի Հ.Կ.Խաչի 85-րդ Պատգամաւորական ժողովը անգամ մը եւս խանդավառ մթնոլորտով եւ ազգանուէր գիտակցութեան ոգիով համախմբեց Միութեան մասնաճիւղերու տասնեակ պատգամաւորները Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս, ուր յաջորդաբար վերանորոգ յանձնառութեան մեկնարկը դարձաւ բարեսիրական մեծ կազմակերպութեան համար։
Ժողովի պաշտօնական մասը յատկանշուեցաւ Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան հօր, Ազգային վարչութեան ատենապետին, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչին, Հայ դատի յանձնախումբի պատասխանատու ընկերոջ, Համազգայինի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, Հ.Յ.Դ. Երիտ. միութեան, «Ազատ Օր» օրաթերթի եւ «Արմենիքա» պարբերաթերթի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, որոնք պատուեցին Հ.Կ.Խաչի գերագոյն ժողովը։ Հ.Կ.Խաչի վարժարաններու տնօրէնները իրենց տուած զեկոյցներով, տեղեկութիւններ փոխանցեցին դպրոցներու ներկայ պատկերին շուրջ: Նաեւ, մեծ թիւով Խաչեան վեթերան ընկերուհիներ ներկայ եղան ժողովին։
Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան իր խօսքին մէջ դրուատեց միութեան աշխատանքը, նախ նշելով Հ.Օ.Մ.-ի դերակատարութիւնը հայ կեանքէն ներս, ապա իր խօսքը մասնաւորեց Հ.Կ.Խաչի բեղուն գործին վրայ, բարեսիրական, կրթական, խնամատարական եւ ազգային ուղղութիւններով։
Յաջորդաբար, Հ.Յ.Դ. Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան յատկանշականօրէն յայտնեց թէ Հ.Օ.Մ.-ը իր 115-ամեայ պատմութեամբ եւ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը իր 135-ամեայ գործունէութեամբ, միասնական երթի փայլուն ընթացքին փաստը կը ներկայացնեն հայ ժողովուրդին առջեւ։ Ան շեշտը դրաւ հայրենի եւ սփիւռքեան մարտահրաւէրներուն, Արցախի կորուստէն ետք դարձեալ համախմբուելու հրամայական անհրաժեշտութեան վրայ, թօթափելով հոգեկան ընկճուածութեան եւ երբեմն անտարբերութեան կլանիչ վտանգը, տալով նոր շունչ եւ ոգի հայակերտումի կարեւորագոյն նպատակին։
Նիստի սկիզբին կարդացուեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչին նամակը, որուն միջոցով անհուն գնահատանք կը յայտնուէր Յունաստանի միաւորի գործունէութեան մասին, նշելով անոր հայրենանուէր ծառայութիւնը ժողովուրդին եւ հայրենիքին։
Պատգամաւորական ժողովը հանգամանօրէն քննութեան ենթարկեց Շրջանային վարչութեան եւ մասնաճիւղերու լայնատարած գործունէութիւնը իր բարոյական եւ նիւթական երեսներով, մանրամասնօրէն ընդգծելով այն բոլոր իրագործումները, որոնք ծաւալ ստացան անցնող երկու տարուան ընթացքին։ Բոլոր մասնակցողները իրենց գնահատանքը յայտնեցին շրջանաւարտ վարչութեան, որ սփիւռքեան դժուար պայմաններուն տակ, կարողացաւ հայպահպանման իր առաքելութիւնը յաջողապէս կատարել, «ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար» կարգախօսը վերածելով գործնական ձեռքբերումներու։
Ժողովի գլխաւոր մասը ընթացաւ նոր տարեշրջանի գործունէութեան բանաձեւումով։ Միութեան առաքելութեան գիտակից մօտեցումով, բոլոր պատգամաւորները ներդրում ունեցան նոր առաջարկներու մշակման մէջ։ Բարեսիրական, կրթական եւ խնամատարական ծրագիրները, հայրենակիցին օգտակար դառնալու զգայնութիւնները, Հայաստանի մէջ Հ.Օ.Մ.-ի ծրագիրներուն ամբողջանուէր մասնակցութիւն ունենալու պատասխանատուութիւնը, միութենական հզօրացման կարեւորութիւնը, նիւթական աղբիւրներու անհրաժեշտութիւնը, Հ.Կ.Խաչի ազգային վարժարաններու յարատեւման հրամայականը, յունահայ զանգուածներուն հետ շփման ու հայապահպանման աշխատանքը, բոլորը հանգամանալից ուշադրութեամբ դարձան կիզակէտը ժողովի քննարկման, տալով համապատասխան որոշումներ եւ սահմանելով յանձնառու պարտականութիւններ յաջորդ վարչութիւններուն համար։
Ժողովի աւարտին, ընտրուեցաւ նոր Շրջանային վարչութիւն, բաղկացած հետեւեալ ընկերուհիներէն՝ Այտա Ալէանաք, Աննա Գազանճեան, Ատրինէ Գահվէճեան, Նոյեմի Եզեկիէլեան, Վերժին Եղիշէեան, Մէրի Խտրեան, Ճուլիա Ճանիկեան, Շողիկ Պապօղլեան եւ Լիզէթ Քիրազեան։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Յունաստանի Հ.Կ.Խաչի 85-րդ Պատգամաւորական ժողովը նորանոր յանձնառութեան ազդանշանը տուաւ կանացի մեծ կազմակերպութեան










