Ատր­պէյ­ճա­նի յա­ջորդ յար­ձա­կու­մը պի­տի ըլ­լայ Ար­ցա­խէն հա­րաւ եւ հիւ­սիս ուղ­ղու­թիւն­նե­րով: ­Փետ­րո­ւար 28ին, «­Ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիին մէջ ի­րա­վի­ճա­կի սրման ներ­քին եւ ար­տա­քին գոր­ծօն­նե­րը» նիւ­թով քննարկ­ման ժա­մա­նակ, նշած է «տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րոն»ի տնօ­րէն, քա­ղա­քա­գէտ ­Ռի­չըրտ ­Կի­րա­կո­սեան:
Ա­նոր խօս­քով` Ատր­պէյ­ճան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ չի մտա­ծեր մարդ­կա­յին կո­րուստ­նե­րու մա­սին: «­Վեր­ջին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով՝ ատրպէյ­ճա­նա­կան կող­մը ըն­դա­մէ­նը փոր­ձեց ստու­գել, թէ որ­քա՞ն լաւ զի­նո­ւած են հայ­կա­կան կող­մե­րը: Ա­նոնք ըն­դա­մէ­նը կ­՝ու­զէին ստու­գել` ի՞նչ փո­խո­ւած է Ապ­րի­լեան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն յե­տոյ:
Ն­շո­ւած տե­սան­կիւ­նէն` ա­նոնց հա­մար ա­տի­կա ձա­խո­ղու­թիւն էր, ի հար­կէ, ա­նոնք սուղ վճա­րե­ցին»,- ընդգծած է ­Կի­րա­կո­սեան:
­Ըստ քա­ղա­քա­գէ­տին, ա­նոնք փոր­ձած են խա­բել ռազ­մա­կան տե­սան­կիւ­նէն, քա­նի որ կ­՝ու­զէին պա­հել ի­րենց գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ի­րա­կան նպա­տա­կը: «Ա­նոնք նաեւ կ­՝ու­զէին խա­բել պաշտ­պա­նող կող­մը եւ ցոյց տալ, որ իբր թէ հեր­թա­կան յար­ձա­կու­մը այդ ուղ­ղու­թեամբ պի­տի ըլ­լայ»,- ա­ւել­ցու­ցած է ­Կի­րա­կո­սեան: