­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգսեան Պ­րիւք­սէ­լի մէջ հան­դի­պում ու­նե­ցած է Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նի խումբ մը պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու հետ: ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը հան­դիպ­ման ա­ռի­թով շնոր­հա­ւո­րած եւ խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րուն յանձ­նած է ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան բարձր պար­գեւ­նե­րը, ո­րով պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը ան­ցեալ տա­րի պար­գե­ւատ­րո­ւած էին ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին կող­մէ:
­Մաս­նա­ւո­րա­պէս ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան մի­ջեւ խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայն­ման գոր­ծին մէջ ներդ­րած նշա­նա­կա­լի ա­ւան­դին հա­մար Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նի փոխ­նա­խա­գահ, «Եւ­րա­նեստ» խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի փոխ­նա­խա­գահ ­Ռի­շարտ ­Չար­նեց­կի պար­գե­ւատ­րո­ւած է «Մ­խի­թար ­Գօշ» մե­տա­լով:
Այս պար­գե­ւին ար­ժա­նա­ցած են նաեւ Եւ­րո­պա­կան ­Խորհրդա­րա­նի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի եւ «Եւվ­րա­նեստ» խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­ներ Եա­ցեկ ­Սա­րիուս-­Վոլս­քի, Ք­նութ Ֆ­լե­քենշ­թայն, Եւ­րո­պա­կան ­Խորհրդա­րա­նի ան­դամ, Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նին մէջ Ար­ցա­խի հետ բա­րե­կա­մու­թեան խում­բի ղե­կա­վար Ֆ­րանք Էն­կել, Ե.Խ. ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ, ­Հա­յաս­տան-Եւ­րո­միու­թիւն խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ, «Եւ­րա­նեստ» խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ Եա­րո­միր Շ­թե­թի­նա՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման գոր­ծին մէջ ներդ­րած նշա­նա­կա­լի ա­ւան­դին հա­մար, ­Հա­յաս­տան-Ե.Մ. խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ, «Եւ­րա­նեստ» խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի հա­մա­նա­խա­գահ ­Հէյ­տի ­Հաու­թա­լա՝ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Եւ­րո­պա­կան միու­թեան մի­ջեւ խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­րապնդ­ման, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման գոր­ծին մէջ ներդ­րած նշա­նա­կա­լի ա­ւան­դին հա­մար:
«Մ­խի­թար ­Գօշ» մե­տա­լով պար­գե­ւատ­րո­ւած է նաեւ Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նին մէջ Ե.Մ.-­Հա­յաս­տան բա­րե­կա­մու­թեան խում­բի նա­խա­գահ է­լե­նի ­Թէո­խա­րու­սը, որ ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան այդ բարձր պար­գե­ւին ար­ժա­նա­ցած է հայ-կիպ­րա­կան բա­րե­կա­մա­կան կա­պե­րու զար­գաց­ման, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան մի­ջեւ խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայն­ման գոր­ծին մէջ ներդրած նշա­նա­կա­լի ա­ւան­դին հա­մար:
Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ ­Չարլզ ­Թա­նո­քը պար­գե­ւատ­րո­ւած է «Ե­րախ­տա­գի­տու­թեան» մե­տա­լով՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման գոր­ծին մէջ ներդ­րած նշա­նա­կա­լի ա­ւան­դին հա­մար: