Հրաւէ­րով Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Կեդր. կո­մի­տէին, Ուր­բաթ՝ 17 ­­Դեկ­տեմ­բեր 2021-ի ե­րե­կո­յեան, ­­Յու­նաս­տա­նի մէջ ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան նո­րան­շա­նակ դես­պան պ. ­­Տիգ­րան Մկրտ­չեան, ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ ծա­նօ­թա­նա­լու յու­նա­հայ գա­ղու­թին մէջ գոր­ծող միու­թիւն­նե­րու պատ­մու­թեան ու գոր­ծու­նէու­թեան։ ­­Հան­դի­պու­մին, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­­Գո­քի­նիոյ «­­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նին մէջ, ներ­կայ ե­ղան Հ.Կ.­­Խա­չի, ­­Հա­մազ­գա­յի­նի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ «Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թը։ Ե­րե­կո­յի բա­ցու­մը կա­տա­րեց Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի Կ.Կ.-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­­Յա­րու­թիւ­նեան, որ հա­կիրճ կեր­պով բա­ցատ­րեց հանդիպումին նպա­տա­կը եւ դես­պա­նին ներ­կա­յա­ցուց միու­թե­նա­կան ու կա­ռու­ցա­յին գոր­ծու­նէու­թեան շրջա­գի­ծը, որ կը գոր­ծէ տաաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր եւ իր մէջ կ­­՚ամ­փո­փէ կրթա­կան, խնա­մա­տա­րա­կան, բա­րե­սի­րա­կան, մշա­կու­թա­յին, մար­զա­կան, հայ նոր սե­րուն­դի կազ­մա­ւոր­ման եւ մա­մու­լի բնա­գա­ւառ­նե­րը։
­­Յա­ջոր­դա­բար, կա­ռոյց­նե­րու ա­նու­նով խօսք ա­ռին ընկ. ­­Լի­զա Ա­ւա­գեան, ընկ. ­Վեր­ժին ­Կա­րա­պե­տեան, եղբ. ­­Գէորգ ­­Պօ­ղո­սեան եւ ընկ. ­­Մայք ­­Չի­լին­կի­րեան, ո­րոնք տո­ւին իւ­րա­քան­չիւր կա­ռոյ­ցի մա­սին պատ­մա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ եւ ա­պա ծան­րա­ցան ա­նոնց գոր­ծու­նէու­թեան վրայ, նշե­լով այն կա­րե­ւոր կէ­տերն ու նո­ւա­ճում­նե­րը, ո­րոնք կը յատ­կան­շեն իւ­րա­քան­չիւր միու­թեան աշ­խա­տան­քի ո­լոր­տը։ ­­Ներ­կա­յա­ցու­մի ըն­թաց­քին, դես­պա­նը ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ նշեց նաեւ ­­Հայ Օգ­նու­թեան ­­Միու­թեան կող­մէ ստա­ցած յա­տուկ կրթա­թո­շա­կը, ընդ­լայ­նե­լու եւ կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու հա­մար իր բարձ­րա­գոյն ու­սու­մի ծրա­գիր­նե­րը։
Իր խօս­քը ուղ­ղե­լով ներ­կայ վար­չա­կան­նե­րուն, դես­պա­նը նշեց թէ յու­նա­հայ գա­ղու­թը հա­մե­մա­տա­բար ա­ւե­լի փոքր գա­ղութ մըն է, սա­կայն իր կազ­մա­կեր­պո­ւա­ծու­թեամբ եւ գոր­ծու­նէու­թեամբ յա­տուկ տեղ կը գրա­ւէ Ս­փիւռ­քի ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։ Ան իր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց, որ գա­ղու­թա­յին գոր­ծօն­նե­րը այն­քան աշ­խուժ աշ­խա­տանք կը տա­նին եւ լայ­նօ­րէն կը սա­տա­րեն հայ-յու­նա­կան կա­պե­րու զար­գաց­ման։
­­Դես­պա­նը հա­կիրճ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց նա­խա­պէս ­­Պալ­թեան եր­կիր­նե­րու մէջ իր ու­նե­ցած գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին, ա­պա անդ­րա­դառ­նա­լով ­­Յու­նաս­տա­նի մէջ դես­պա­նու­թեան ա­պա­գայ գոր­ծու­նէու­թեան, կա­րե­ւո­րու­թեամբ ընդգ­ծեց մշա­կու­թա­յին դի­ւա­նա­գի­տու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, ­­Յու­նաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան ի­րա­կա­նու­թեան հետ շփման մէջ ըլ­լա­լու հրա­մա­յա­կա­նը եւ եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռա­ւել հզօ­րա­ցու­մը։ ­­Դես­պա­նը յա­տուկ նշում կա­տա­րեց ­­Հա­յաս­տան, ­­Յու­նաս­տան եւ ­­Կիպ­րոս ե­ռա­կողմ ձե­ւա­չա­փի բազ­մաո­լորտ գոր­ծակ­ցու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք նաեւ դես­պա­նու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­դու­թիւն­նե­րու ծի­րէն ներս կը գտնո­ւին։
­­Ներ­կա­յա­ցում­նե­րու ա­ւար­տին, տե­ղի ու­նե­ցան հար­ցում­ներ, ո­րոնց հան­գա­մա­նօ­րէն պա­տաս­խա­նեց դես­պա­նը եւ տո­ւաւ յա­ւե­լեալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ զա­նա­զան ծրա­գիր­նե­րու մա­սին։
Ա­ւար­տին, տե­ղի ու­նե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն, ո­րու ըն­թաց­քին նաեւ ե­ղաւ մտեր­միկ զրոյց դես­պա­նին հետ, հայ-յու­նա­կան ո­լոր­տի հե­ռան­կար­նե­րուն եւ հայ կեան­քի զար­գա­ցում­նե­րուն մա­սին։ ­­Նաեւ, դես­պա­նը ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ այ­ցե­լե­լու «­­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի զա­նա­զան բա­ժին­նե­րը եւ իր հիա­ցու­մը ար­տա­յայ­տեց յու­նա­հայ գա­ղու­թի կա­ռու­ցա­յին կա­րե­լիու­թիւն­նե­րուն ու ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին։

­­Հան­դի­պում ­­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ
Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան հետ

­­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 15 ­­Դեկ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան, Կ.Կ.-ի նստա­վայ­րէն ներս, դես­պան ­­Տիգ­րան Մկրտ­չեան հան­դի­պում ու­նե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ­­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան հետ։ Հան­դի­պումին ­­ներ­կայ էին նաեւ ­­Կեդր. ­­Կո­մի­տէի ան­դամ­ներ։
­­Շի­նիչ մթնո­լոր­տի մէջ կա­յա­ցած հան­դի­պու­մի ըն­թաց­քին, եր­կու կա­ռոյց­նե­րը դես­պա­նին ներ­կա­յա­ցու­ցին ի­րենց քա­ղա­քա­կան եւ քա­րոզ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը, յատ­կա­պէս ­­Հայ դա­տի, հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան, ար­ցա­խեան հիմ­նա­հար­ցի եւ հայ­կա­կան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան փոր­ձա­դաշ­տին մէջ։
Ն­շում­ներ ե­ղան յոյն քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րուն հետ գոր­ծակ­ցու­թեան բա­ժին­նե­րուն, հայ եւ յոյն խորհր­դա­րա­նա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան մէջ գա­ղու­թա­յին ներդ­րու­մին, եր­կու եր­կիր­նե­րու խորհր­դա­րան­նե­րուն կող­մէ ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու ճա­նաչ­ման կա­րե­ւոր ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն, քա­րոզ­չա­կան եւ ցու­ցա­կան լայն աշ­խա­տանքն­րուն, ինչ­պէս նաեւ կազ­մա­կերպ ե­րի­տա­սար­դու­թեան կող­մէ տա­րո­ւած աշ­խա­տան­քին մա­սին, ներ­քին գա­ղու­թա­յին եւ ար­տա­քին յա­րա­բե­րա­կան ու քա­ղա­քա­կան իր ե­րես­նե­րով։
­­Դես­պան ­­Տիգ­րան Մկրտ­չեան բարձր գնա­հա­տեց եր­կու կաոոյց­նե­րու աշ­խա­տան­քը եւ նշեց հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը հայ­կա­կան հիմ­նախն­դիր­նե­րու յա­ռաջ մղու­մին առն­չու­թեամբ, թուր­քե­ւատր­պէյ­ճա­նա­կան սադ­րանք­նե­րու ա­ռաջ­քը առ­նե­լու կա­րե­ւո­րու­թեամբ եւ յոյն հա­սա­րա­կա­կան կար­ծի­քը միշտ ի­րա­զեկ պա­հե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեամբ։
Եր­կուս­տեք տե­ղի ու­նե­ցան միտ­քե­րու փո­խա­նա­կում­ներ յա­ռա­ջի­կայ գոր­ծու­նէու­թեան եւ գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռան­կա­րով։