Կիրակի՝ 19 Դեկտեմբեր 2021-ին, Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ու Տիկնանց մարմնոյ կազմակերպութեամբ նշուեցաւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։ Քորոնա համաճարակի յառաջացուցած առողջապահական մտահոգիչ կացութեան պատճառով, եռօրեայ տօնի ընթացքին, Թաղային խորհուրդը կարելիութեան սահմաններուն մէջ իրագործեց առողջապահական նախարարութեան ցուցմունքներն ու դասաւորումները։
Ուրբաթ՝ 17 Դեկտեմբեր 2021-ի կէսօրէ ետք ժամը 4։00ին, Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան օրհնեց տօնի մատաղի աղը, որմէ ետք Տիկնանց մարմնոյ անդամները սկսան պատրաստութեան երկօրեայ աշխատանքին։
Տօնի նախորդող շաթաբներուն ընթացքին, Տիկնանց մարմինը լծուեցաւ տօնի աւանդական նուիրահաւաքին։ Հարկ է գոհունակութեամբ ու շնորհակալութեամբ նշել, թէ հակառակ համաճարակի շարունակուող վտանգին, մեր եկեղեցւոյ ծխականներն ու այլ հաւատացեալներ, իրենց հաւատքին կառչած կատարեցին սրտաբուխ նուէրները։
Կիրակի՝ 19 Դեկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան ժամը 9։00ին, եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ առաւօտեան ժամերգութիւն ապա Ս. պատարագ։
Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ գերշ. Տ. Գեղամ Ս. արք. Խաչերեան, ընդառաջելով Թաղային խորհուրդի հրաւէրին մատուցեց Ս. պատարագը, որու քառաձայն երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, խմբավարութեամբ պրն. Քերոբ Էքիզեանի, իսկ երգեհոնի վրայ տիկ. Լիանա Սարեանի։ Խորանին վրայ սպասարկեցին սարկաւագներ՝ պրնք. Կարապետ Քէօսէեան եւ Պետրոս Կարապետեան եւ դպիրներ՝ պրն. Գէորգ Պօղոսեան, Քրիստափոր Աբիկեան եւ Տիգրան Կարապետեան։
Ընդառաջելով Թաղային խորհուրդի յղած հրաւէրներուն, տօնին ներկայ գտնուեցան Յունաստանի մէջ Հ.Հ. դեսպան պրն. Տիգրան Մկրտչեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ պրն. Թագւոր Յովակիմեան, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ համայնքապետ գերպ. Տ. Յովսէփ Ծ. վրդ. Պէզազեան, կառոյցներու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ուխտաւոր ժողովուրդը։ Իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.ական խումբ մը սկաուտներ ներկայ գտնուեցան պատուոյ շարքը կազմակերպելու համար։ Հարկ է նշել, թէ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, տօնին առթիւ նախօրօք փոխանցած էր իր բարեմաղթութիւնները։
Քարոզէն առաջ օրուան աւետարանը ընթերցուեցաւ աշխարհաբարով։ Ապա պատարագիչ Սրբազան հայրը իր քարոզը սկսաւ «Ես եմ հովիւ քաջ» նշանաբանով։
Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան անդրադարձաւ Յովհաննու աւետարանիչի քաջ հովիւի առակին։ Ան բացատրեց, թէ Քրիստոս աշխարհ առաքուեցաւ որպէս քաջ հովիւ իր հօտին։ Անոր հետեւորդները կոչուեցան հօտ եւ Քրիստոս քաջութեամբ, իմաստութեամբ եւ զոհողութեամբ դարձաւ անոնց հովիւը։ Տիրութիւն չըրաւ անոնց այլ ծառայեց։ Եւ մինչեւ իսկ Պետրոս առաքեալին պարտականութիւն տուաւ, Իր յարութենէն ետք յանձն առնելու հօտը որպէս քաջ հովիւ։ Հետեւելով մեծ վարդապետի օրինակին, կղերականները կոչուեցան հովիւներ։ Միաժամանակ Քրիստոս զգուշացուց իր հօտը վարձկան հովիւներէն, որոնք սրտով ու հոգիով տէր չեն կանգնիր իրենց հօտին։
Սրբազան հայրը նոյն առակին մէջ իր շեշտը դրաւ նաեւ հովիւի ձայնին։ Հօտը շատ լաւ կը ճանչնայ իր քաջ հովիւին ձայնը եւ երբ լսէ կը հետեւի անոր։ Եւ Սրբազանը հայրը Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ տօնակատարութիւնը նմանցուց քաջ հովիւի ձայնին։ Ս. Յակոբի տօնը հաւատքի եւ ուխտի յատուկ օր մըն է Գոքինիոյ հայութեան մօտ։ Ամէն տարի շրջանի հայութիւնը, Սուրբի ձայնին հետեւելով եկեղեցի կը հաւաքուի մասնակից դառնալու համար պանծալի տօնախմբութեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց Հ.Հ. դեսպանի ներկայութեան համար։ Ան հաստատեց, թէ պրն. Մկրտչեանը մեր հայրենիքի՝ Հայաստանի ձայնը կը ներկայացնէ մեր եկեղեցիէն ներս։
Քարոզի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խրախուսեց հաւատացեալները, հաւատքի զօրութեամբ հետեւելու քաջ հովիւի ձայնին։
Ետքը տեղի ունեցաւ աւանդական մատաղօրհնութիւնն ու հոգեհանգիստը։ Արարողութեան աւարտին երգուեցան «Կիլիկիա» ու «Մեր հայրենիք» ոգերգները, ապա Առաջնորդ Սրբազան հայրը օրհնեց հաւատացեալ ժողովուրդը։ Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, Թեմակալ Առաջնորդ գերշ. Տ. Գեղամ Ս. արք. Խաչերեան, եկեղեցւոյ գրասենեակէն ներս ընդունեց պաշտօնական անձնաւորութեանց շնորհաւորութիւնները։ Այդ առթիւ, Թաղային խորհուրդն ու Տիկնանց մարմինը պատրաստած էին յատուկ հիւրասիրութիւն։
ԹՂԹԱԿԻՑ