­Յու­նո­ւար 3ին մեր ժո­ղո­վուր­դը կը նշէ ծննդեան տա­րե­դար­ձը հայ գրա­կա­նու­թեան նո­րա­գոյն շրջա­նի տա­ղան­դա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն Ս­տե­փան Ա­լա­ջա­ջեա­նի, որ 1960ա­կան­նե­րուն լոյս տե­սած իր «Ե­ղէգ­նե­րը չխո­նար­հո­ւե­ցին» վէ­պով ան­մա­հու­թիւն նո­ւա­ճեց։
Ի­րա­ւա՛մբ հայ ժո­ղո­վուր­դի «չխո­նար­հո­ւող ե­ղէգ­նե­րուն» պատ­գա­մա­բեր ար­ձա­կա­գի­րը ե­ղաւ Ս. Ա­լա­ջա­ջեան, որ նաեւ իր կեն­սագ­րու­թեամբ իւ­րօ­րի­նակ վկայ մը դար­ձաւ… հայ «չխո­նար­հո­ւող ե­ղէ­գի»։
Ա­լա­ջա­ջեան իր գրի­չով շնչա­ւո­րեց պատ­գա­մը 19րդ ­դա­րա­վեր­ջին թափ ա­ռած եւ 20րդ ­դա­րու ա­ռա­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն պատ­մա­կան իր շրջա­նը ա­ւար­տած հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին։ Թշնա­մա­կան ու ե­ղեռ­նա­գործ հա­րո­ւած­նե­րու տակ չկքե­լու եւ չխո­նար­հո­ւե­լու, այ­լեւ՝ օ­տա­րի լու­ծին դէմ կե­նաց-մա­հու պայ­քար մղե­լու եւ սե­փա­կան հայ­րե­նի­քի ա­զա­տու­թիւնն ու ան­կա­խու­թիւ­նը նո­ւա­ճե­լու հայ ազ­գա­յին ­Պատ­գա­մը, Ա­լա­ջա­ջեա­նի գրչին տակ, սե­րունդ­նե­րուն մա­տու­ցո­ւե­ցաւ «Չ­խո­նար­հող Ե­ղէգ­ներ»ու սրտա­ռուչ պատ­կե­րով։
Թր­քա­կան լու­ծին եւ եա­թա­ղա­նին դէմ հայ ժո­ղո­վուր­դի հե­րո­սա­կան ծա­ռա­ցու­մը, մա­նա­ւա՛նդ գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան գնով պատ­մու­թեան թա­ւալգ­լոր ան­կու­մի ա­նի­ւը շրջե­լու եւ ա­զա­տու­թիւն նո­ւա­ճե­լու հայ­կա­կան մար­տու­նա­կու­թիւ­նը ի­րենց յաղ­թա­հա­սակ մարմ­նա­ւո­րու­մը գտան Ա­լա­ջա­ջեա­նի ապ­րե­ցու­ցած մարդ­կա­յին «Ե­ղէգ­ներ»ոն մէջ, ո­րոնք ա­հա­ւոր ճնշում­նե­րու եւ հա­րո­ւած­նե­րու են­թար­կո­ւե­լով հան­դերձ՝ բնաւ «չխո­նար­հո­ւե­ցին»…
«­Մարդն ապ­րել է ու­զում, ազգն ապ­րել է ու­զում, հայ­րե­նի­քը ա­զա­տու­թիւն է ու­զում, գա­ղա­փար­նե­րի հա­մար մար­դը պար­տա­ւոր է գնալ կռո­ւի» պատ­գա­մով՝ Ս. Ա­լա­ջա­ջեան ստեղ­ծեց «Ե­ղէգ­նե­րը Չ­խո­նար­հո­ւե­ցին» վէ­պին եր­կու հա­տոր­նե­րը, ո­րոնք լոյս ըն­ծա­յո­ւե­ցան ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յիս­նա­մեա­կին առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցած մե­ծա­գոյն ցոյ­ցէն յե­տոյ, 1966 եւ 1967 թո­ւա­կան­նե­րուն:
Ինչ­պէս գրա­կա­նա­գէտ ­Սե­ւակ Ար­զու­մա­նեան հե­տա­գա­յին պի­տի նշէր «Ս­տե­փան Ա­լա­ջա­ջեան» խո­րագ­րով իր մե­նագ­րու­թեան մէջ՝ Ա­լա­ջա­ջեան «իր գե­ղե­ցիկ տա­ղան­դը փայ­լուն կեր­պով հաս­տա­տում է այս վէ­պով: ­Նա մեծ ա­րո­ւես­տի ու­ժով պատ­կե­րել է հռչա­կա­ւոր զէյ­թուն­ցի­նե­րի վեր­ջին հե­րո­սա­մար­տը 1915 թուա­կա­նի Ե­ղեռ­նից յե­տոյ:
«­Զէյ­թու­նի վեր­ջին հե­րո­սա­մար­տի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան տա­րեգ­րու­թիւնն է Ա­լա­ջա­ջեա­նի այս վէ­պը, հե­րո­սա­կան մի ասք-պա­տում, ո­րը կեր­պար­նե­րի տի­պա­կա­նաց­մամբ, հո­գե­բա­նա­կան խտա­ցում­նե­րով, յու­զա­կան նե­րազ­դե­ցու­թեան ու­ժով, ան­շուշտ, 1960ա­կան թո­ւա­կան­նե­րի հա­յոց վի­պա­սա­նու­թեան նո­ւա­ճում­նե­րից մէ­կը ե­ղաւ»:
Ս­տե­փան Ա­լա­ջա­ջեան նաեւ հայ­րե­նա­դար­ձի իր կեն­սագ­րու­թեամբ՝ տա­րա­գիր հա­յու­թեան յետ-Ե­ղեռ­նեան Ա­ռա­ջին ­Սե­րուն­դի իւ­րա­յա­տուկ պատ­գա­մա­բեր մը հան­դի­սա­ցաւ։ 1946ին ներ­գաղ­թեց ­Հա­յաս­տան, խորհր­դա­յին կար­գե­րուն «յար­մա­րո­ւե­լու» տի­րա­կան հո­սան­քին հետ քայլ պա­հող­նե­րէն ե­ղաւ, ­Կո­մու­նիզ­մի ամ­բող­ջա­տի­րա­կան իշ­խա­նա­պե­տու­թեան աս­տի­ճան­նե­րէն բարձ­րա­ցաւ վեր, հա­սա­րա­կա­կան-պե­տա­կան գոր­ծիչ ալ դար­ձաւ, բայց իր մտքին ու հո­գիին խո­րե­րէն միշտ ալ ու­րիշ «Աս­տու­ծոյ» երկր­պա­գեց։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զա­տու­թեան եւ ան­կա­խու­թեան Աս­տո­ւա­ծը բնաւ չլքեց Ա­լա­ջա­ջեա­նի նե­րաշ­խար­հը։
­Տա­րա­բախտ կեանք մը ու­նե­ցաւ Ս. Ա­լա­ջա­ջեան։ ­Կո­կոր­դի քաղց­կեղ յայտ­նո­ւե­ցաւ մօ­տը եւ ստոյգ մա­հէ փրկո­ւե­ցաւ 1980ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան, երբ վի­րա­հա­տե­ցին եւ ձայ­նա­յին լա­րե­րը հե­ռա­ցու­ցին։ Մ­նաց ա­ռանց մարմ­նա­կան ձայ­նի, կեան­քին մնա­ցեալ ժա­մա­նա­կը ա­րո­ւես­տա­կան խօ­սա­փող օգ­տա­գոր­ծեց, բայց գրի­չը բնաւ ձեռ­քէն վար չդրաւ եւ ան­դուլ իր սիրտն ու միտ­քը բաց պա­հեց ինչ­պէս իր պաշ­տած Աս­տու­ծոյ, նոյն­պէս եւ իր պատ­գա­մին ար­ձա­գան­գող ըն­թեր­ցող­նե­րուն առ­ջեւ։
­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման ա­ռա­ջին իսկ օ­րե­րուն, 1991ին, Ս. Ա­լա­ջա­ջեան իր կար­գին ար­տա­գաղ­թեց ­Հա­յաս­տա­նէն եւ մին­չեւ իր վախ­ճա­նը մնա­յուն բնա­կու­թիւն հաս­տա­տեց ­Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ։ ­Յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն իր «հայ­րե­նա­թո­ղու­թիւ­նը» թի­րախ չդար­ձաւ քար­կո­ծու­մի, ոչ ալ 1991էն ետք իր ու­նե­ցած հա­կա­խորհր­դա­յին սուր քննա­դա­տու­թիւն­նե­րը վե­րա­պա­հու­թեամբ ըն­կա­լո­ւե­ցան։ Այդ­պէ՛ս, ­Հա­յու ­Հայ­րե­նա­սի­րու­թեան նոր բո­վան­դա­կու­թիւն նե­րար­կող պատ­գա­մա­բե­րը դար­ձաւ Ա­լա­ջա­ջեան՝ իր թէ՛ հայ­րե­նա­դար­ձու­թեամբ, թէ՛ հայ­րե­նի­քէն ֆի­զի­քա­կան հե­ռա­ցու­մով…
­Տա­ղան­դա­ւոր գրո­ղը ծնած էր ­Հա­լէպ, ­Սու­րիա, զէյ­թուն­ցի Ե­ղիա Ա­լա­ջա­ջեա­նի յար­կին տակ։ Կր­թա­կան ու գրա­կան իր կազ­մա­ւո­րու­մը ստա­ցած ե­րի­տա­սարդ էր ար­դէն, երբ 1946ին ըն­տա­նեօք տե­ղա­փո­խո­ւե­ցան ­Հա­յաս­տան ու հաս­տա­տո­ւե­ցան ­Զէյ­թուն թա­ղա­մա­սը։
1951ին ա­ւար­տեց Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նի բա­նա­սի­րա­կան բաժ­նի հո­գե­բա­նու­թեան եւ տրա­մա­բա­նու­թեան հիմ­նար­կը, իսկ 1957ին Խ.Ս.Հ.Մ. Գ­րող­նե­րի ­Միու­թեան ա­ռըն­թեր գրա­կան բարձ­րա­գոյն դա­սըն­թաց­նե­րը (­Մոս­կո­ւա): 1957-1963ին մաս կազ­մեց «­Սո­վե­տա­կան Գ­րա­կա­նու­թիւն» ամ­սագ­րի խմբագ­րու­թեան, իբ­րեւ ար­ձա­կի բաժ­նի վա­րիչ: 1966-1967ին ստանձ­նեց «­Հա­յաս­տան» հրա­տա­րակ­չու­թեան գե­ղա­րո­ւես­տա­կան գրա­կա­նու­թեան խմբագ­րու­թեան վա­րի­չի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։ 1967էն 1975, ե­ղաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Սո­վե­տա­կան Գ­րող­նե­րի ­Միու­թեան վար­չու­թեան քար­տու­ղար։ Իսկ 1980էն ետք ստանձ­նեց Հ.Խ.Ս.Հ. մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան Ե. ­Չա­րեն­ցի ա­նո­ւան գրա­կա­նու­թեան եւ ա­րո­ւես­տի թան­գա­րա­նին տնօ­րէ­նու­թիւ­նը։
1991 թո­ւին Ս. Ա­լա­ջա­ջեան ար­տա­գաղ­թեց ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ եւ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Լոս Ան­ճե­լըս, ուր հիմ­նեց եւ հրա­տա­րա­կեց «­Հա­մայ­նա­պատ­կեր» ամ­սա­գի­րը։ Իր կեան­քին վեր­ջին 19 տա­րի­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նէն հե­ռու ապ­րե­լով հան­դերձ՝ Ա­լա­ջա­ջեան ոչ մէկ պա­րա­գա­յի խզո­ւե­ցաւ հայ­րե­նի ի­րա­կա­նու­թե­նէն։ ­Թա­փով շա­րու­նա­կեց գրել ինչ­պէս գե­ղա­րո­ւես­տա­կան նոր եր­կեր, նոյն­պէս եւ յու­շագ­րա­կան գոր­ծեր։ 2008ին ար­ժա­նա­ցաւ Հ.Հ. մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան ոս­կեայ մե­տա­լին՝ առ ի գնա­հա­տանք տաս­նա­մեակ­նե­րու իր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան վաս­տա­կին եւ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան ծա­ռա­յու­թեան։
Ս. Ա­լա­ջա­ջեա­նի գրա­կան ա­ռա­ջին գոր­ծը՝ «­Ծո­վուն եր­գը» ո­տա­նա­ւո­րը լոյս տե­սած է 1939ին, 15 տա­րե­կա­նին, ­Պէյ­րութ հրա­տա­րա­կո­ւող «­Պա­տա­նե­կան Ար­ձա­գանգ» պար­բե­րա­թեր­թի է­ջե­րուն։ Իսկ 1942ին, ­Հա­լէ­պի «­Տիգ­րիս» տպա­րա­նը լոյս ըն­ծա­յած է 18ա­մեայ հե­ղի­նա­կին քեր­թո­ւած­նե­րու ե­րե­խայ­րի­քը՝ «Վշ­տի ծա­ղիկ­ներ» գրքոյ­կը, 47 է­ջով։
­Հա­յաս­տան ներ­գաղ­թելէ ետք, Ս. Ա­լա­ջա­ջեան նե­տո­ւե­ցաւ ար­ձա­կագ­րու­թեան աս­պա­րէզ եւ 1953էն սկսեալ, յա­ջոր­դա­բար, լոյս ըն­ծա­յեց «Ա­նա­պա­տում», «­Պար­տու­թիւն», «­Փիւ­նիկ» ու «Ա­ռանց հայ­րե­նի­քի» վի­պակ­նե­րը, նաեւ՝ «Ե­ռա­թեւ ծիա­ծան», «­Մադ­լէնն ապ­րում է ­Փա­րի­զում» եւ «Ար­ծիւն ու հո­վի­ւը» պատ­մուածք­նե­րու ժո­ղո­վա­ծու­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ «Այ­գի­նե­րի աշ­խար­հում» ակ­նար­կը։
­Բայց Ա­լա­ջա­ջեա­նի տա­ղան­դին լիար­ժէք դրսե­ւո­րու­մը կա­պո­ւե­ցաւ «Ե­ղէգ­նե­րը չխո­նար­հո­ւե­ցին» երկ­հա­տոր վէ­պի հրա­տա­րա­կու­թեան հետ՝ 1966ին եւ 1967ին։ ­Հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժու­մէն վեր­ցո­ւած կեր­պար­նե­րով ու դրո­ւագ­նե­րով՝ հե­ղի­նա­կը նո­րո­վի շուն­չով ըն­թեր­ցո­ղին հաս­ցուց հայ ժո­ղո­վուր­դի հե­րո­սա­կան խո­յան­քին խոր­հուրդն ու պատ­գա­մը։ Ոչ միայն գա­ղա­փա­րա­կան իր խոր­քով, այ­լեւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան իր մշա­կու­մով՝ Ա­լա­ջա­ջեա­նի ար­ձա­կը վե­րա­նո­րո­գեց հայ գրա­կա­նու­թիւ­նը։ ­Պա­տու­մի ան­մի­ջա­կա­նու­թիւ­նը եւ հա­ղոր­դա­կա­նու­թիւ­նը, պարզ ու գե­ղե­ցիկ ո­ճով կեր­պար­նե­րու եւ պա­հե­րու հո­գե­բա­նա­կան շնչա­ւո­րու­մը կազ­մե­ցին հիմ­քը Ա­լա­ջա­ջեա­նի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ո­ճին՝ «Ե­ղէգ­նե­րը չխո­նար­հո­ւե­ցին» գոր­ծը ար­ժա­նաց­նե­լով հայ ժա­մա­նա­կա­կից գրա­կա­նու­թեան գլուխ-գոր­ծոց­նե­րու պա­տո­ւան­դա­նին։
­Քա­ջա­լե­րո­ւած իր վէ­պին գտած յա­ջո­ղու­թե­նէն, Ա­լա­ջա­ջեան թա­փով շա­րու­նա­կեց ստեղ­ծա­գոր­ծել։ 1977ին լոյս ըն­ծա­յեց «­Վե­րած­նունդ» ժո­ղո­վա­ծուն, ուր տեղ գտաւ ա­նոր «­Զար­մա­նա­լի ­Հա­յաս­տան» գոր­ծը։ ­Հե­տե­ւե­ցաւ «Ա­նա­ռա­գաստ նա­ւակ­ներ» վի­պա­կը, 1978ին, 128 է­ջով։ Իսկ 1980-1981ին ի­րա­րու ե­տե­ւէ լոյս ըն­ծա­յեց «Ա­պա­ռաժ­նե­րը ար­տա­սո­ւել գի­տեն» եւ «Ոս­կե­գոյն ծիր­կա­թին» վի­պակ­նե­րը։
Ա­լա­ջա­ջեան փոր­ձեց եւ յա­ջո­ղե­ցաւ նաեւ շար­ժան­կա­րի հա­մար բե­մագ­րու­թիւն­նե­րու մշա­կու­մին մէջ։ ­Հեն­րիկ ­Մա­լեա­նի հետ հա­մա­հե­ղի­նակ ե­ղաւ, 1980ին, ­Հայ­ֆիլ­մի գլուխ-գոր­ծոց­նե­րէն հա­մա­րո­ւող՝ ժո­ղովրդա­յին մեծ ըն­դու­նե­լու­թեան ար­ժա­նա­ցած «Կ­տոր մը եր­կինք» ժա­պա­ւէ­նի բե­մագ­րու­թեան։ Ա­լա­ջա­ջեա­նի հե­ղի­նա­կու­թիւնն է, նոյն­պէս ­Հայ­ֆիլ­մի կող­մէ նկա­րա­հա­նո­ւած, «­Ճեր­մակ ա­նուրջ­ներ» ժա­պա­ւէ­նին բե­մագ­րու­թիւ­նը։
­Հայ­րե­նի­քի մէջ Ա­լա­ջա­ջեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծած վեր­ջին եր­կը ե­ղաւ «Չս­պիա­ցած վէրք» երկ­հա­տոր վէ­պը, 1989-1990ին։
Իսկ 1991էն ետք, ար­դէն ­Լոս Ան­ճե­լըս հաս­տա­տուած, Ա­լա­ջա­ջեան լոյս ըն­ծա­յեց «­Լու­սա­ւո­րեալ խո­րան­ներ» յու­շագ­րու­թիւ­նը, 1993ին. «…Եւ Ատ­րու­շան­ներ» խո­րագ­րով դար­ձեալ յու­շագ­րա­կան գոր­ծը, 1995ին։ ­Յա­ջոր­դեց «­Ճամ­բեզ­րի վրայ» ժո­ղո­վա­ծուն, 1998ին։ «­Վաթ­սու­նա­կանք»ը՝ 2002ին։ «­Ձայն բազ­մաց»ը՝ 2008ին։ «­Հայ մա­մու­լի է­ջե­րում (1957-2005)»ը՝ 2008ին, ուր մէկ­տե­ղո­ւած են բազ­մա­վաս­տակ գրո­ղին ու խմբագ­րին յօ­դո­ւած­նե­րու, ակ­նարկ­նե­րու, քննա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեանց, գրա­խօ­սա­կան­նե­րու, դի­ման­կար­նե­րու եւ հար­ցազ­րոյց­նե­րու ընտ­րա­նին։ «­Յոր­ձա­նու­տը»՝ 2009ին, դար­ձեալ յու­շեր: «­Վեր­ջին հունձ­քը»՝ 2010ին։
Ա­լա­ջա­ջեա­նի գոր­ծե­րը թարգ­մա­նո­ւած են ռու­սե­րէ­նի, անգ­լե­րէ­նի, ֆրան­սե­րէ­նի, չե­խե­րէ­նի, պուլ­կա­րե­րէ­նի, էս­տո­նե­րէ­նի եւ բազ­մա­թիւ այլ լե­զու­նե­րու՝ ար­ժա­նա­նա­լով ա­ռան­ձին հրա­տա­րա­կու­թեանց։
­Նաեւ ինք՝ Ս. Ա­լա­ջա­ջեան տա­ղան­դա­ւոր թարգ­մա­նիչ էր։ ­Շէյքս­փի­րի եւ ­Ժան-­Փօլ ­Սարթ­րի կա­րե­ւոր գոր­ծե­րը հա­յա­ցու­ցած է։
«Չ­խո­նար­հո­ւող Ե­ղէգ­նե­րու» մե­ծա­տա­ղանդ պատ­գա­մա­բե­րին ծննդեան տա­րե­դար­ձին նշու­մը ա­ռիթ թող ըլ­լայ վե­րա­նո­րո­գո­ւե­լու Ս­տե­փան Ա­լա­ջա­ջեա­նի ի­մաս­տուն խոր­հուր­դով.-
«­Միշտ էլ ա­ւագ­նե­րը կար­ծում են, որ ի­րենց ան­ցեա­լը դաս­տիա­րակ կը դառ­նայ ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րի հա­մար: Ես էլ եմ այդ­պէս կար­ծում. նոր սե­րուն­դը իր ներ­կա­յի մէջ կը ձգտի՝ ա­ւագ­նե­րի ան­ցեալն ի­մա­նա­լով՝ դա­սեր վերց­նել նրա­նից»: