Քալամաթայի քաղաքապետական խորհուրդը իր նիստի ընթացքին որոշեց Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան մը կանգնեցնել իր քաղաքին մէջ:
Քալամաթայի քաղաքապետ պրն. Փանաեոթիս Նիքաս՝ քաղաքի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու ներկայութեան յայտարարեց, թէ յուշարձանը Հայաստանէն պիտի բերուի ու պիտի զետեղուի «Սուրբ Նիկողայոս» եկեղեցւոյ դիմացի պուրակին վրայ. յիշեցնենք, որ եկեղեցին քաղաքի յոյն ուղղափառ Առաջնորդին կողմէ յատկացուած է հայ համայնքին՝ եկեղեցական արարողութիւններ կատարելու համար:
Պրն. քաղաքապետը աւելուց, թէ յուշարձանի կանգնեցման այս որոշումը առնուած է՝ նկատի ունենալով, որ Քալամաթայի մէջ հայ համայնքը տարիներու ընթացքին աշխոյժ ներկայութիւն եղած է: