­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 11 Յու­լիս 2018ի ա­ռա­ւօ­տեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յու­նաս­տա­նի նո­րը­տիր Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն տո­ւաւ Յու­նաս­տա­նի Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ՝ Գե­ղամ Ս. Արք. Խա­չե­րեա­նի Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նէն ներս։ Այ­ցե­լու­թեան ներ­կայ էր նաեւ Ազ­գա­յին Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. Պօ­ղոս Չո­լա­քեան։ Նո­րըն­տիր Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ՝ եղբ. Յա­կոբ Ե­թի­մեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լէ ետք ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար, ներ­կա­յա­ցուց Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թեան նոր ան­դամ­նե­րը եւ ա­պա ընդ­հա­նուր գի­ծե­րու մէջ անդ­րա­դար­ձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յու­նաս­տա­նի գոր­ծու­նէու­թեան եւ Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թեան յա­ռա­ջի­կա­յի ծրա­գիր­նե­րու մա­սին` ի մաս­նա­ւո­րի Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100ա­մեա­կի յո­բե­լինա­կան զոյգ ա­ռիթ­նե­րու առն­չու­թեամբ։
Ազ­գա­յին Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. Պօ­ղոս Չո­լա­քեան՝ ըլ­լա­լով Հ.Մ.Ը.Մ.ի ե­րաշ­խա­տա­շատ Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան եղ­բայր եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յու­նաս­տա­նի նախ­կին եր­կա­րա­մեայ սկաու­տա­պետ, պատ­մա­կան ակ­նար­կով մը նշեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յու­նաս­տա­նի յի­շա­տա­կար­ժան ի­րա­գոր­ծում­նե­րը։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան Հայ­րը իր ու­րա­խու­թիւ­նը եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց նո­րըն­տիր Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թեան այս պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան հա­մար, եւ շեշ­տեց ը­սե­լով, որ որ­քան որ թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նին հան­գա­ման­քը կը թե­լադ­րէ Թե­մէն ներս գոր­ծող միու­թիւն­նե­րու Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեանց նման պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն­ներ, այն­քան ալ փո­խա­դարձ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը կը շեշ­տէ թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դին հո­վա­նա­ւո­րե­լու, մօ­տէն հե­տե­ւե­լու, քա­ջա­լե­րե­րու եւ ա­ջակ­ցե­լու միու­թիւն­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեանց, գա­ղու­թէն ներս հայ­կա­կան կեան­քի կեն­սու­նա­կու­թեան ի խնդիր։ Յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թե­լով նո­րըն­տիր Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան Հայ­րը ան­գամ մը եւս վստա­հե­ցուց, որ Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նը քա­ջա­լեր եւ ա­ջա­կից է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը շա­րու­նա­կէ իր պատ­մա­կերտ 100ա­մեա­կով հա­րուստ ազ­գա­նո­ւէր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։