Ք­սա­նե­րորդ դա­րու հայ գե­ղան­կար­չու­թեան հան­ճա­րեղ վար­պե­տը՝ ­Մար­տի­րոս ­Սա­րեան ա­տե­նին ը­սած էր.- «­Մի­նաս, ես քեզ­նից մեծ եմ յի­սուն տա­րով։ Ափ­սոս, ինձ քիչ ժա­մա­նակ է մնա­ցել։ Ո՞ւր էիր, մի քիչ շուտ գա­յիր։ Չ­մո­ռա­նաս, ա­րո­ւես­տը պայ­քար է սի­րում։ ­Հի­մա ես ար­դէն մե­նակ չեմ։ ­Դու էլ մե­նակ չես։ Ու­րեմն՝ շա­րու­նա­կել խի­զա­խել։ Ես հա­ւա­տում եմ քո այդ լաւ ձեռ­քին»։
Իսկ հայ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան աշ­խար­հահռչակ հան­ճա­րը՝ Ա­րամ ­Խա­չատ­րեան ա­ւել­ցու­ցած էր.- «­Մի­նա­սի խառ­նո­ւած­քը ու­ժեղ է, վառ… ­Լի­նե­լով սիմ­ֆո­նիկ շնչի ա­րո­ւես­տա­գէտ, նա թատ­րոն ներ­խու­ժեց լայն ու խո­րը մտքե­րով։ ­Նա թա­տե­րա­կան նկար­չու­թեան մէջ փո­խադ­րեց իր հզօր սիմ­ֆո­նիզ­մը»։
­Մի­նա­սի հան­ճա­րին վե­րա­բե­րեալ մեր ժո­ղո­վուր­դին ընդ­հա­նուր գնա­հա­տա­կա­նը խտա­ցուց ա­նոր սերն­դա­կից մե­ծա­տա­ղանդ նկա­րի­չը՝ ­Յա­կոբ ­Յա­կո­բեան ու վկա­յեց.- «Իբ­րեւ նկա­րիչ գի­տեմ եւ վստահ եմ, որ ա­մէն մի նկա­րիչ, կանգ­նե­լով ­Մի­նա­սի նկար­նե­րի առ­ջեւ, այն­տեղ տես­նում է իր չա­րա­ծի, իր չկա­րո­ղա­ցա­ծի, իր ե­րա­զա­ծի ի­րա­գոր­ծու­մը։ ­Մի­նա­սը մեր նկար­չու­թեան բարձ­րա­ցող աշ­տա­րակն էր, հե­ռու­նե­րից տե­սա­նե­լի ու հե­ռաս­տան­ներ բա­ցող»։
­Հայ մար­դու յի­շո­ղու­թեան մէջ այդ­պէ՛ս կը ներ­կա­յա­նայ ­Մի­նա­սի ա­րո­ւես­տը՝ ինչ­պէս որ կը վկա­յեն ­Հա­յոց ­Մե­ծե­րու հա­մընդ­հա­նուր գնա­հա­տան­քը ամ­րագ­րող հե­տա­գայ վկա­յու­թիւն­նե­րը.
— Ո­ւի­լեըմ ­Սա­րո­յեան.- Աշ­խար­հի մէջ ա­նոր պէս նկա­րիչ քիչ կայ, ե­թէ ը­սեմ չկայ, հա­ւա­տա­ցէ՛ք։ Ի՜նչ զօ­րա­ւոր է, հայ­կա­կան է, հին ու բո­լո­րո­վին նոր։ ­Զար­մա­նա­լի է…
— Ե­րո­ւանդ ­Քո­չար.- ­Մի­նա­սը նկար­չա­կան աշ­խար­հում ե­րե­ւոյթ է, նրա նկար­նե­րը զրնգուն հնչե­ղու­թիւն կ­՚ու­նե­նան ­Փա­րի­զի նման նկար­չու­թեան ա­րո­ւես­տի կենտ­րո­նում՝ ա­րո­ւեստ­նե­րի մայ­րա­քա­ղա­քում։
— ­Գառ­զու.- ­Մի­նա­սը շատ ինք­նա­տիպ ու տա­ղան­դա­ւոր նկա­րիչ է։ Ի­րեն գոյ­նե­րուն մէջ հզօր բան մը կայ, ար­տա­կարգ ուժ մը, որ շատ ժա­մա­նա­կա­կից է եւ շատ հայ­կա­կան։ ­Մի­նա­սի նկար­նե­րուն մէջ ու­ժեղ կեր­պով ­Հա­յաս­տա­նը կը զգամ։
— Հ­րանտ ­Մա­թե­ւո­սեան.- ­Նա ստեղ­ծում էր եւ ստեղ­ծել էր տա­լիս։ ­Նա ե­զա­կի էր — նա կա­րե­նում էր եւ սի­րում էր։ Ո՛չ ան­սէր կա­րե­նալն է մի բան, ո՛չ ան­կա­րող սէ­րը, իսկ նա բարձր ար­տիս­տա­կա­նու­թեան ու խոր սի­րոյ շա­ղախ էր։ Ն­րա մի կտա­ւը մի մար­դու կա­րող է հռչա­կել մեծ նկա­րիչ, նրա կտաւ­նե­րը կա­րող են մեծ նկա­րիչ­ներ հռչա­կել ի­րենց թո­ւով մարդ­կանց, բայց այդ կտաւ­նե­րից ա­մե­նա­կա­տա­րեալն իսկ եւ ոչ էլ բո­լոր կտաւ­նե­րը միա­սին՝ չեն տա­լիս այն ամ­բող­ջա­կան կա­տա­րե­լու­թիւ­նը, ին­չը որ ին­քը՝ ­Մի­նաս — խտա­ցումն էր։
Ա­հա՛ հայ­կա­կան գե­ղան­կար­չու­թեան ա­ռինք­նող այս աշ­խար­հը մեր առ­ջեւ կը բա­ցո­ւի ­Յու­լիս 20ի այս օ­րը՝ գե­ղան­կար­չա­կան վրձի­նի հան­ճա­րեղ հայ վար­պետ­նե­րէն ­Մի­նաս Ա­ւե­տի­սեա­նի ծննդեան տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով։
­Մի­նա­սը այ­սօր 90 տա­րե­կան պի­տի դառ­նար, ե­թէ 43 տա­րի ա­ռաջ չսպան­նէին զինք՝ օր ցե­րե­կով, Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նը, Ա­բո­վեան փո­ղո­ցի մայ­թին վրայ խու­ժած եւ ­Մի­նա­սը զգետ­նած ինք­նա­շար­ժով։
­Մի­նաս ­Շի­րա­կի մար­զի փոք­րիկ ­Ջա­ջուռ գիւ­ղի զա­ւակ էր, ծնած էր 20 ­Յու­լիս 1928ին։ ­Հայ­րը մշե­ցի էր, ­Մեծ Ե­ղեռ­նէն մա­զա­պուրծ փրկո­ւած եւ ­Ջա­ջուռ հաս­տա­տո­ւած դար­բին ­Կա­րա­պետ Ա­ւե­տի­սեանն էր։ ­Մայ­րը՝ ­Սո­ֆոն, ­Կար­սէն գաղ­թած քա­հա­նա­յի դուստր էր։ ­Հո­ղի մշակ­ման եւ գիւ­ղա­կան աշ­խար­հի լու­սա­ւոր­ման նո­ւի­րո­ւած պարզ, այ­լեւ հա­յու ի­րենց ար­մատ­նե­րուն փա­րած մար­դիկ էին ծնող­նե­րը։
Եւ ­Մի­նաս ­Ջա­ջու­ռի բնու­թե­նէն ու ջա­ջուռ­ցի­նե­րու յու­զաշ­խար­հէն վեր­ցուց իր ե­րան­գապ­նա­կին ողջ հարս­տու­թիւ­նը՝ գոյ­նե­րու շռայ­լանքն ու խստա­բիբ աշ­խար­հա­յեաց­քը, լոյ­սի եւ ստո­ւե­րի խոր հա­կադ­րու­թիւն­ներն ու թանձ­րա­ցեալ ըն­դե­լու­զում­նե­րը, մէկ կող­մէ ան­հուն սի­րոյ ու բա­րու­թեան եւ միւս կող­մէ դառ­նու­թեան ու ընդվ­զու­մի մի­ջեւ բուռն ա­լե­կո­ծում­նե­րը։
Ի վե­րուստ նկար­չի տա­ղան­դով օժ­տո­ւած ըլ­լա­լով հան­դերձ, ­Մի­նաս ո­րո­շեց եր­կար ճամ­բայ կտրել՝ գե­ղան­կար­չա­կան իր պատ­րաս­տու­թիւ­նը, գի­տու­թիւնն ու հմտու­թիւ­նը ուս­ման մի­ջո­ցաւ կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու հա­մար։
Ե­րե­ւա­նի մէջ ­Փա­նոս ­Թեր­լե­մէ­զեա­նի ա­նո­ւան ­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ­Վար­ժա­րա­նը եւ ­Գե­ղա­րո­ւես­տա­թա­տե­րա­կան ­Հիմ­նար­կը ա­ւար­տե­լէ ետք, 1953ին, ­Մի­նաս մաս­նա­գի­տա­կան ուս­ման հե­տե­ւե­ցաւ ­Լե­նինկ­րա­տի ­Ռե­պի­նի ա­նո­ւան ­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան Ա­կա­դե­միա­յին մէջ՝ 1960ին վկա­յո­ւե­լով պա­տո­ւոյ յի­շա­տա­կու­թեամբ։
Ե­թէ ե­րե­ւա­նեան ուս­ման տա­րի­նե­րը ­Մի­նա­սի առ­ջեւ լայն բա­ցին հայ­կա­կան ման­րան­կար­չու­թեան ան­սա­հան աշ­խար­հը, լե­նինկ­րա­տեան տա­րի­նե­րը ­Մի­նա­սին զի­նե­ցին ի­տա­լա­կան ­Վե­րած­նուն­դի նկար­չու­թեան խոր ճա­նա­չո­ղու­թեամբ եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ինք­նա­կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­մով։
­Վե­րա­դառ­նա­լով Ե­րե­ւան, ­Մի­նաս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան բե­ղուն աշ­խա­տան­քի։ ­Նոյն տա­րին իսկ տո­ւաւ իր ան­հա­տա­կան ա­ռա­ջին ցու­ցա­հան­դէ­սը՝ ռում­բի պէս ցնցիչ ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծե­լով ա­րուես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան վրայ։
Ա­ռա­ջին այդ քայ­լէն իսկ ա­րո­ւես­տի քննա­դատ­նե­րը բաժ­նո­ւե­ցան հա­կա­դիր ճամ­բար­նե­րու՝ ­Մի­նա­սի ա­րո­ւես­տին եւ տա­ղան­դին գնա­հատ­ման հար­ցին շուրջ։ ­Պաշ­տօ­նա­կան քննդա­տու­թիւ­նը եր­կար ժա­մա­նակ փոր­ձեց ան­տե­սել եւ լու­սար­ձակ­նե­րէ հե­ռու պա­հել ­Մի­նա­սի ստեղ­ծած գոր­ծե­րը, բայց ժա­մա­նա­կը քայլ առ քայլ յաղ­թա­հա­րեց ա­րո­ւես­տա­կա­նօ­րէն ­Մի­նա­սի եր­թը ար­գե­լա­կել փոր­ձող այդ պա­տո­ւար­նե­րը։
­Հան­ճա­րեղ այն­պի­սի՜ շունչ եւ թռիչք կար ­Մի­նա­սի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան մէջ, որ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ա­կա­մայ պա­տու­հան­նե­րը բա­ցին աշ­խար­հին առ­ջեւ՝ ճանչ­նա­լու եւ ըմ­բոշխ­նե­լու հա­մար ­Մար­տի­րոս ­Սա­րեա­նի ար­ժա­նա­ւոր այս ժա­ռան­գոր­դին գե­ղան­կար­չու­թիւ­նը։
­Միայն 15 տա­րի տե­ւեց ­Մի­նա­սի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան յաղ­թար­շա­ւը՝ 1960էն մին­չեւ 1975ի իր ող­բեր­գա­կան վախ­ճա­նը։ ­Բայց այդ­քանն իսկ բա­ւա­րար ե­ղաւ, որ­պէս­զի ­Մի­նաս ձեռ­նա­մուխ ըլ­լայ գե­ղան­կար­չու­թեան բո­լոր ճիւ­ղե­րու մէջ ինք­նադր­սե­ւոր­ման եւ ինք­նա­հաս­տատ­ման ար­գա­սա­բեր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան։ ­Դի­ման­կար­չու­թիւն եւ բնան­կար­չու­թիւն, գծան­կար եւ որմ­նան­կար, բե­ման­կար­չու­թիւն եւ շար­ժա­պատ­կե­րի նկար­չու­թիւն՝ բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով ­Մի­նաս իր ներդ­րու­մը ու­նե­ցաւ եւ բարձ­րար­ժէք գոր­ծե­րով հարս­տա­ցուց հայ ժո­ղո­վուր­դի մշա­կու­թա­յին գան­ձա­րա­նը։
­Հայ­րե­նի գիւ­ղաշ­խար­հը, իր վառ գոյ­նե­րով եւ խո­րա­շունչ պա­հե­րով, ան­պա­րա­գիծ հո­րի­զոն­ներ բա­ցաւ ­Մի­նա­սի վրձի­նին առ­ջեւ։ Եւ հան­ճա­րեղ ջա­ջուռ­ցին իր մէջ մթե­րո­ւած ամ­բողջ հարս­տու­թիւ­նը վե­րա­ծեց գոյ­նի եւ լոյ­սի ու, իբ­րեւ հայ­կա­կան աշ­խար­հի, բաշ­խեց մարդ­կու­թեան։
­Մի­նա­սի գե­ղան­կար­չու­թեան մէջ տի­րա­պե­տող ե­ղաւ ինչ­պէս ­Ջա­ջու­ռի բնան­կար­նե­րով հա­յոց աշ­խար­հի բնա­կան գե­ղեց­կու­թիւ­նը, նոյն­պէս եւ իր մօր կեր­պա­րով հա­յոց մայ­րա­կան աշ­խար­հի խո­րա­խոր­հուրդ յու­զաշ­խար­հը։
­Յա­տուկ լու­սար­ձա­կի ար­ժա­նի է, մա­նա­ւա՛նդ, ­Մեծ Ե­ղեռ­նի ­Յիս­նա­մեա­կին ա­ռի­թով, ­Մի­նա­սի ստեղ­ծած նկա­րա­շա­րը՝ «­Ճա­նա­պարհ. ծնող­նե­րիս յի­շո­ղու­թիւն­նե­րը» եւ «­Դէր-­Զօ­րի ճա­նա­պար­հին» ա­նո­ւա­նում­նե­րով։
­Մի­նաս յա­ջո­ղե­ցաւ իր ստեղ­ծած ա­րո­ւես­տին եւ ընտ­րած ուղ­ղու­թեան նկատ­մամբ յար­գանք պար­տադ­րել նաեւ պաշ­տօ­նա­կան Ե­րե­ւա­նին, ո­րով­հե­տեւ հայ ժո­ղո­վուր­դը իր սրտին եւ հո­գիին մէջ ան­խոր­տա­կե­լի գա­հի ար­ժա­նա­ցուց մե­ծա­տա­ղանդ նկա­րի­չին։ Ան դար­ձաւ ոչ միայն ­Հա­յաս­տա­նի նկա­րիչ­նե­րու միու­թեան գոր­ծօն ան­դամ եւ ա­նոր նա­խա­գա­հու­թեան մղիչ ու­ժը, այ­լեւ՝ գա­ղա­փա­րա­կան իր հիմ­նա­րար ներդ­րու­մը ու­նե­ցաւ 1960ա­կան­նե­րու հայ­րե­նի մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ազ­գա­յին զար­թօն­քին մէջ։
­Բայց դժբախ­տու­թիւ­նը կամ ան­հան­դուր­ժո­ղու­թեան չա­րի­քը շատ շուտ հա­րո­ւա­ծեց իր ծաղկ­ման փու­լը թե­ւա­կո­խած ­Մի­նա­սին։ 1972ին ան ապ­րե­ցաւ նկա­րի­չի մը վի­ճա­կո­ւած դա­ժա­նա­գոյն եւ դառ­նա­գոյն ող­բեր­գու­թիւ­նը, երբ հրդե­հը հրոյ ճա­րակ դար­ձուց ա­նոր աշ­խա­տա­նո­ցը՝ ա­ւե­լի քան 300 ա­ւար­տուն գոր­ծե­րու փճաց­ման պատ­ճառ դառ­նա­լով։ ­Մի­նաս եր­կար ա­միս­ներ չկրցաւ վե­րագտ­նել իր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան թա­փը։ ­Բայց իր ներ­քին կրա­կը ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր էր եւ կրցաւ յաղ­թա­հա­րել այդ հա­րո­ւածն ալ։
­Մեր ժա­մա­նակ­նե­րու հայ գե­ղան­կար­չու­թեան լու­սապ­սակ այս գա­գա­թը, սա­կայն, ան­զօր ե­ղաւ յաղ­թա­հա­րե­լու շնչա­ւոր իր մարմ­նին հաս­ցո­ւած մա­հա­ցու հա­րո­ւա­ծը 16 ­Փետ­րո­ւար 1975ին, երբ «պա­տա­հա­կան» ինք­նա­շար­ժի «ար­կած»ի տակ ֆի­զի­քա­պէս զգետ­նո­ւե­ցաւ… մին­չեւ որ 23¬24 ­Փետ­րո­ւա­րին առ­յա­ւէտ փա­կո­ւե­ցան բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու հա­յոց աշ­խար­հի գոյ­ներն ու լոյ­սի խա­ղե­րը այն­քան խո­րու­թեամբ խտա­ցու­ցած աչ­քե­րը ան­զու­գա­կան ­Մի­նա­սի։
Ինչ­պէս նա­խա­պէս՝ ­Սե­ւա­կի պա­րա­գա­յին, նոյն­պէս եւ ­Մի­նա­սի մա­հո­ւան ա­ռեղ­ծո­ւա­ծը ե­կաւ լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լու խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թեան հի­ւան­դա­գին ու կոր­ծա­նա­րա՛ր հա­կադ­րու­թիւնն ու հա­լա­ծան­քը այն բո­լոր ար­ժէք­նե­րուն եւ սրբու­թիւն­նե­րուն հան­դէպ, ո­րոնք ազ­գա­յին ի­րենց ինք­նա­հա­ւա­տար­մու­թեամբ՝ ըստ էու­թեան հար­ցա­կա­նի տակ կ­’առ­նէին ­Չա­րի­քի ­Կայս­րու­թեան ա­պազ­գա­յին դա­ւա­նանքն ու անդ­րազ­գեան ար­ժե­չա­փե­րը…
Ինչ­պէս որ ոչ ոք հա­ւա­տաց ­Սե­ւա­կի եւ ա­նոր հա­րա­զատ­նե­րուն կեան­քը խլած «ինք­նա­շար­ժի ար­կա­ծին» եւ, ընդ­հա­կա­ռակն, հայ մար­դը խորհր­դա­յին ո­ճով ա­հա­ւոր հա­շո­ւե­յար­դար մը նկա­տեց պա­տա­հա­ծը, նոյն­պէս եւ Ա­բո­վեան փո­ղո­ցի լայն մայ­թով քա­լող ­Մի­նա­սի վրայ խու­ժած ինք­նա­շար­ժի «ար­կա­ծը» չըն­կա­լո­ւե­ցաւ իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ իբ­րեւ պա­տա­հա­կան ար­կած մը…
­Հա­կա­ռակ պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու «հա­ւաս­տիա­ցում­նե­րուն», ընդ­հա­նուր էր այն հա­մո­զու­մը, որ ­Մի­նա­սին ալ գլու­խը կե­րան…
­Բայց միայն մարմ­նա­պէս հայ կեան­քէն կրցան հե­ռաց­նել գոյ­նե­րու եւ լոյ­սե­րու ա­րար­ման գե­ղան­կա­րիչ վար­պե­տը՝ ­Հա­յաս­տա­նի գոյ­նե­րուն եւ հա­յոց յու­զաշ­խար­հին հան­ճա­րեղ նկա­րի­չը։
­Թէեւ դեռ չէր բո­լո­րած 47 տա­րի­քը եւ տա­կա­ւին այն­քա՜ն տա­լիք ու­նէր բազ­մա­դա­րեան հայ մշա­կոյ­թին, այ­դու­հան­դերձ՝ ­Մի­նաս ստեղ­ծեց ա­րո­ւեստ մը եւ շնչա­ւո­րեց աշ­խարհ մը, որ հայ­կա­կան գե­ղան­կար­չու­թեան հա­րա­զատ ա­կունք­նե­րէն ա­ռաւ իր ան­մա­հա­կան թռիչ­քը եւ բարձ­րա­դիր տեղ նո­ւա­ճեց հայ մշա­կոյ­թի երկ­նա­կա­մա­րին վրայ։
Ի­րա­ւամբ՝ «­Մի­նա­սը ստեղ­ծեց իր աշ­խար­հը՝ աշ­խար­հի հա­մար… ­Լի­նե­լով մեծ ան­հատ, ­Մի­նաս Ա­ւե­տի­սեա­նը իր ազ­գի ող­բեր­գու­թիւ­նը եւ աշ­խար­հի մեղ­քը վերց­րեց իր վրայ եւ տա­ռա­պե­լով ստեղ­ծեց իր ա­րո­ւես­տը»: