Գրիգոր Զօհրապ (1861-1915)

Գրիգոր Զօհրապ (1861-1915). ­Հայ գրա­կա­նու­թեան «­Նո­րա­վէ­պի Իշ­խան»ը. Օ­րէն­քի եւ Ի­րա­ւուն­քի պաշտ­պա­նու­թեան ան­կա­շառ ի­րա­ւա­բա­նը Ն.

0
3418

­Յու­նիս 26ին կը նշենք ծննդեան տա­րե­դար­ձը հայ գրա­կա­նու­թեան «­Նո­րա­վէ­պի Իշ­խան»ին եւ Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ վեր­ջին ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի Օ­րէն­քի եւ Ի­րա­ւուն­քի պաշտ­պա­նու­թեան ան­վե­հեր ու ան­կա­շառ դա­տա­պաշտ­պան մե­ծահռ­չակ խորհրդա­րա­նա­կա­նին՝ Գ­րի­գոր ­Զօհ­րա­պին։
­Յու­նի­սեան այս­պի­սի օր մը, 157 տա­րի ա­ռաջ, ­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ հա­յա­հոծ ­Պէ­շիկ­թաշ թա­ղա­մա­սին մէջ ծնաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի մե­ծար­ժէք զա­ւա­կը, ո­րուն գրա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան եւ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թեան գա­զա­նա­բար վերջ տո­ւին թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը 1915ին, երբ ձեռ­նար­կե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ պե­տա­կա­նօ­րէն ի­րենց ծրագ­րած ու կազ­մա­կեր­պած ցե­ղաս­պա­նա­կան ա­հա­ւոր ո­ճի­րին գոր­ծադ­րու­թեան։
Գ­րի­գոր ­Զօհ­րապ նոր բո­լո­րած էր 54 տա­րի­քը, երբ հա­յաս­պա­նու­թեան ձեռ­նա­մուխ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը ա­մե­նայն վայ­րա­գու­թեամբ կտրեց կեան­քին թե­լը օս­մա­նեան խորհր­դա­րա­նի ա­մէ­նէն պեր­ճա­խօս եւ Ի­րա­ւուն­քի ու Ար­դա­րու­թեան ան­պար­տե­լի դա­տա­պաշտ­պան հայ պատ­գա­մա­ւո­րին։
Ոչ միայն իր ստեղ­ծած գրա­կա­նու­թեամբ, այ­լեւ իր ծա­ւա­լած հա­սա­րա­կա­կան-պե­տա­կան յան­դուգն գոր­ծու­նէու­թեամբ՝ Գ­րի­գոր ­Զօհ­րապ հան­դի­սա­ցաւ Ճշ­մա­րի­տին եւ Ի­րա­ւին պաշտ­պա­նու­թեան ու նո­ւի­րա­գոր­ծու­մին հա­մար ան­խոնջ պայ­քա­րող մը, որ ան­սա­կարկ ծա­ռա­յեց մէկ ու միակ սկզբուն­քի մը, իր իսկ բա­ռե­րով այն­քան պարզ ու խիտ բա­նա­ձե­ւուած այն դա­ւա­նան­քին, թէ՝
«Իմ բա­րո­յա­կանս կը կա­յա­նայ ի­րա­կա­նը՝ սու­տին, ճշմա­րի­տը՝ կեղ­ծին վե­րա­դա­սե­լուն մէջ ա­մէն տեղ եւ ա­մէն ժա­մա­նակ»։
­Կո­չու­մի եւ ա­ռա­քե­լու­թեան այդ զգա­ցո­ղու­թեամբ ալ, ինչ­պէս Հ­րանդ Ա­սա­տուր կը վկա­յէ, «գրա­կա­նու­թեան մէջ, ինչ­պէս ներ­քին կեան­քի մէջ, ­Զօհ­րապ խան­դա­վառ գե­ղա­պաշտ մըն էր։ Երբ տես­նէր սի­րուն գե­ղօր մը (պիպ­լօ), գե­ղա­րո­ւես­տա­կան շէնք մը, ա­րո­ւես­տա­գէ­տի նկար մը, չէր կրնար ան­տար­բեր աչ­քե­րով անց­նիլ ա­նոնց առ­ջե­ւէն։ ­Ներ­դաշ­նակ նո­ւագ մը իր հո­գիին խո­րը՝ թա­քուն թե­լեր թրթռաց­նե­լով, իր աչ­քե­րուն մէջ հրճո­ւան­քի փայ­լիւ­նը կը շո­ղաց­նէր միշտ»։
­Թէեւ իր աշ­խար­հա­յեաց­քով պահ­պա­նո­ղա­կան մտա­ծո­ղու­թեան տէր էր՝ հաս­տա­տո­ւած ար­ժէք­նե­րը եւ սկզբունք­նե­րը ան­խա­թար պահ­պա­նե­լու ա­ռու­մով, այ­դու­հան­դերձ իր բո­լոր ու­ժե­րով հայ քա­ղա­քա­կան մտքի զար­գաց­ման ծա­ռա­յե­լու յանձ­նա­ռու մտա­ւո­րա­կանն ու քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չը ե­ղաւ ­Զօհ­րապ, որ պատ­գա­մեց սե­րունդ­նե­րուն, թէ՝
«­Մարդ­կու­թեան գե­րա­գոյն շա­հը յա­ռաջ­դի­մու­թեան մէջ է։ ­Հա­սա­րա­կու­թիւն մը, որ հնա­մաշ բար­քեր ու­նի՝ յե­տա­դի­մե­լու դա­տա­պար­տո­ւած կը մնայ, ե­թէ իր խոր­հե­լու, զգա­լու եւ աշ­խա­տե­լու ե­ղա­նակ­նե­րը չնո­րո­գէ»։
Գ­րի­գոր ­Զօհ­րապ ինք­նա­բաւ ու ա­ւան­դա­պահ ըն­տա­նի­քի ծնունդ էր։ ­Հայ­րը` ­Խա­չիկ է­ֆեն­տին, լու­մա­յա­փոխ էր, բնիկ՝ ակ­նե­ցի։ ­Մայ­րը` Էֆ­թիկ ­Հա­նը­մը, ­Մա­լա­թիա­յէն էր։ ­Զօհ­րապ նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ ­Պէ­շիկ­թա­շի «­Մաք­րու­հեան» վար­ժա­րա­նին մէջ։ 1870ին մա­հա­ցաւ հայ­րը։ ­Մայ­րը վե­րա­մուս­նա­ցաւ նշա­նա­ւոր փաս­տա­բան Ա­ւե­տիս Եոր­տու­մեա­նի հետ եւ եր­կու որ­դի­նե­րուն՝ ­Միհ­րա­նի ու Գ­րի­գո­րի հետ տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ Օր­թա­գիւղ։ Տ­ղա­քը ի­րենց ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­ցին տեղ­ւոյն նշա­նա­ւոր «­Թարգ­ման­չաց» վար­ժա­րա­նին մէջ։ ­Հոն ալ սկիզբ ա­ռին ­Զօհ­րա­պի ա­ռա­ջին գրա­կան նա­խա­փորձ­նե­րը` ո­տա­նա­ւոր­ներ, յա­ջող շա­րադ­րու­թիւն­ներ։
1876ին ­Զօհ­րապ ըն­դու­նո­ւե­ցաւ ժա­մա­նա­կի ­Թուր­քիոյ կրթա­կան միակ բարձ­րա­գոյն հաս­տա­տու­թիւ­նը` ­Կա­լա­թա­սա­րա­յի վար­ժա­րա­նը, որ բա­ցո­ւած էր 1868 թո­ւին, ֆրան­սա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ Կ. ­Պոլ­սոյ ֆրան­սա­կան դես­պա­նի ան­մի­ջա­կան հսկո­ղու­թեամբ։ Ու­սա­նե­ցաւ երկ­րա­չա­փու­թիւն։ ­Բա­ժի­նը ա­ւար­տեց փայ­լուն գի­տե­լիք­նե­րով։ 1880 թո­ւա­կա­նին աշ­խա­տան­քի ան­ցաւ խորթ հօր ի­րա­ւա­բա­նա­կան գրա­սե­նեա­կին մէջ իբ­րեւ գրա­գիր եւ, միա­ժա­մա­նակ, սկսաւ յա­ճա­խել ­Կա­լա­թա­սա­րա­յի ի­րա­ւա­գի­տու­թեան բա­ժի­նը։ ­Սա­կայն շու­տով վար­ժա­րա­նը, որ ու­նէր 45 հայ, 2 իս­լամ, 2 հրեայ եւ 3 յոյն ու­սա­նող, փա­կո­ւե­ցաւ՝ բա­ւա­րար թո­ւով իս­լամ ա­շա­կերտ­ներ չու­նե­նա­լու պատ­ճա­ռով։ Եւ երբ 1881ին բա­ցո­ւե­ցաւ «­Հու­գու­գի» (ի­րա­ւուն­քի) վար­ժա­րա­նը, ­Զօհ­րապ շու­տով հոն ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ ու եր­կու տա­րի ու­սա­նե­լէ ետք ան­կէ հե­ռա­ցաւ՝ վկա­յա­կան չստա­նա­լով։ ­Բայց 1884ին Ադ­րիա­նա­պոլ­սոյ (Է­դիր­նէ) մէջ քննու­թիւն տո­ւաւ եւ ստա­ցաւ փաս­տա­բան-ի­րա­ւա­բա­նի վկա­յա­կան։
­Զօհ­րապ գրա­կան աս­պա­րէզ մուտք գոր­ծեց 1878ին, երբ հան­դի­պե­ցաւ ­Նի­կո­ղա­յոս ­Թիւլ­պեն­ճեա­նին եւ դար­ձաւ ա­նոր հրա­տա­րա­կած «Լ­րա­գիր» օ­րա­թեր­թին աշ­խա­տա­կի­ցը։ ­Միայն 17 տա­րե­կան էր այդ ա­տեն եւ, այ­սու­հան­դերձ, ինք­զինք կրցաւ դրսե­ւո­րել իբ­րեւ ազ­գի ճա­կա­տագ­րով մտա­հոգ հա­յը։ 1880ա­կան­նե­րու սկիզ­բը մուտք գոր­ծե­լով հրա­պա­րա­կա­խօ­սա­կան աս­պա­րէզ՝ ­Զօհ­րապ դար­ձաւ ժա­մա­նա­կի գրա­կան շարժ­ման մաս­նա­կից­նե­րէն եւ ար­դիւ­նա­ւէտ գոր­ծիչ­նե­րէն մէ­կը։ 1883ին հրա­տա­րա­կեց Ա­սիա­կան ըն­կե­րու­թեան «Երկ­րա­գունտ» հան­դէ­սը, ­Յա­կոբ ­Պա­րո­նեա­նի խմբագ­րու­թեամբ։ 1885ին, նոյն հան­դէ­սի է­ջե­րուն սկսաւ տպագ­րել իր անդ­րա­նիկ վէ­պը` «Ան­հե­տա­ցած սե­րունդ մը» վեր­նագ­րով։ 1887ին վէ­պը լոյս տե­սաւ ա­ռան­ձին գիր­քով։
1888ին ­Զօհ­րապ ա­մուս­նա­ցաւ Ք­լա­րա Եա­զը­ճեա­նի հետ։ Ու­նե­ցան չորս զա­ւակ՝ ­Լե­ւոն, ­Տո­լո­րէս, Ա­րամ եւ ­Հեր­մի­նէ։
1891ին ­Զօհ­րապ ա­ռա­ջին ան­գամ ընտ­րո­ւե­ցաւ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ե­րես­փո­խան, սա­կայն ­Ժո­ղո­վի բաց­ման նիս­տին ա­նոր ընտ­րու­թիւ­նը չվա­ւե­րա­ցո­ւե­ցաւ՝ 30 տա­րի­քը լրա­ցու­ցած չըլ­լա­լու պատ­ճա­ռով։
1892ին ­Զօհ­րա­պի խմբագ­րու­թեամբ հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ «­Մա­սիս» ազ­գա­յին, գրա­կան, քա­ղա­քա­կան հան­դէ­սը։ ­Զօհ­րա­պի գրի­չը այս շրջա­նին յատ­կա­պէս բե­ղուն ե­ղաւ։ ­Բայց տա­րի մը ետք, 1893ին հան­դէ­սը դադ­րե­ցաւ լոյս տես­նե­լէ։
­Զօհ­րա­պի գրա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը բուռն վե­րելք ապ­րե­ցաւ 1880ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րուն եւ 1890ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան։ «Ա­րե­ւելք» օ­րա­թեր­թին, ա­պա «­Մա­սիս»ի մէջ լոյս տե­սան ­Զօհ­րա­պի ա­ռա­ջին նո­րա­վէպ­նե­րը։ Իր գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան հիմ­նա­կան մա­սը ան ա­րա­րեց 1887-1893 տա­րի­նե­րուն։ Այս շրջա­նին ­Զօհ­րապ գրեց նաեւ իր երկ­րորդ, բայց ա­նա­ւարտ մնա­ցած վէ­պը` «­Նար­տիկ»ը, ինչ­պէս նաեւ իր­մէ ժա­ռանգ մնա­ցած անկրկ­նե­լի նո­րա­վէպ­նե­րուն մեծ մա­սը, նոյն­պէս՝ բազ­մա­թիւ հրա­պա­րա­կա­խօ­սա­կան յօ­դուած­ներ, ո­րոնք լայն ճա­նա­չում ա­պա­հո­վե­ցին ի­րեն իբ­րեւ գրո­ղի եւ հրա­պա­րա­կա­խօ­սի։
­Հե­տա­գա­յին, եր­կար լռու­թե­նէ յե­տոյ, 1898 թուա­կա­նէն սկսեալ, ­Զօհ­րապ դար­ձեալ ե­րե­ւաց գրա­կան աս­պա­րէ­զի վրայ, այս ան­գամ իբ­րեւ ա­նո­ւա­նի ու վաս­տա­կա­ւոր գրող եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ։
1894-95 թո­ւա­կան­նե­րը զար­հու­րե­լի էին ա­րեւմտա­հա­յե­րու հա­մար։ Սկ­սան ու մին­չեւ 1896 շա­րու­նա­կո­ւե­ցան զան­գո­ւա­ծա­յին կո­տո­րած­նե­րը։ ­Հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու մեծ մա­սը ստի­պո­ւե­ցաւ հե­ռա­նալ Կ. ­Պոլ­սէն եւ հաս­տա­տո­ւիլ Եւ­րո­պա։ ­Յու­սա­հա­տու­թեան ու տե­ղա­տո­ւու­թեան այս շրջա­նին ­Զօհ­րապ ա­կա­մայ հե­ռա­ցաւ գրա­կան աս­պա­րէ­զէն։ Ա­ռա­ւե­լա­բար փաս­տա­բա­նա­կան գոր­ծե­րով, կա­րե­ւոր դա­տա­վա­րու­թիւն­նե­րով զբա­ղե­ցաւ։ ­Պոլ­սոյ մէջ ­Զօհ­րա­պը իբ­րեւ ի­րա­ւա­բան-փաս­տա­բան յայտ­նի դար­ձաւ յատ­կա­պէս օ­տար­նե­րուն մօտ, ո­րով­հե­տեւ տի­րա­պե­տե­լով ֆրան­սե­րէ­նին՝ յա­ճախ ինք կը պաշտ­պա­նէր ա­նոնց դա­տե­րը ­Թուր­քիոյ ա­ռեւտրա­կան ա­ռա­ջին դա­տա­րա­նին մէջ։ ­Զօհ­րապ նաեւ ­Պոլ­սոյ ռու­սա­կան դես­պա­նա­տան թարգ­մանն էր ու ի­րա­ւա­գէտ-խորհր­դա­կա­նը։ Օգ­տո­ւե­լով այդ հան­գա­ման­քէն՝ ռուս օ­տա­րահ­պա­տակ­նե­րու դա­տե­րը ստանձ­նեց եւ ու­նե­ցաւ Եւ­րո­պա ա­զա­տօ­րէն եր­թե­ւե­կե­լու ի­րա­ւունք։
­Սա­կայն 1906 թո­ւին, Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ա­տե­նի ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րին կար­գադ­րու­թեամբ, ­Զօհ­րա­պին ար­գի­լո­ւե­ցաւ թրքա­կան դա­տա­րան­նե­րուն մէջ դա­տեր պաշտ­պա­նե­լը։ ­Պատ­ճա­ռը պուլ­կար յե­ղա­փո­խա­կա­նի մը դա­տա­կան պաշտ­պա­նու­թիւնն էր ­Զօհ­րա­պի կող­մէ։ Այդ պատ­ճա­ռով ալ, երբ 1908ին ­Թուր­քիոյ մէջ հռչա­կո­ւե­ցաւ ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը եւ կայս­րութեյան բո­լոր ան­կիւն­նե­րը թափ ա­ռին հա­ւաք­ներն ու ցոյ­ցե­րը՝ հա­ւա­սա­րու­թեան, եղ­բայ­րու­թեան եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կար­գա­խօս­նե­րով, ­Զօհ­րապ կը գտնո­ւէր ­Փա­րիզ, ուր ան յա­ջո­ղե­ցաւ հրա­տա­րա­կել իր ֆրան­սե­րէն ի­րա­ւա­գի­տա­կան աշ­խա­տու­թիւ­նը եւ մաս­նա­գի­տա­կան աշ­խա­տան­քի լայն աս­պա­րէզ գտնել։ ­Բայց երբ տե­ղե­կա­ցաւ ­Թուր­քիոյ մէջ սահ­մա­նադ­րա­կան կար­գե­րու հաս­տատ­ման մա­սին, մեծ յոյ­սե­րով եւ լա­ւա­տե­սու­թեամբ ­Փա­րի­զէն շտա­պեց ­Պո­լիս։
1908ի օս­մա­նեան խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թեանց ­Զօհ­րապ պատ­գա­մա­ւոր ընտ­րո­ւե­ցաւ։ Աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ խորհր­դա­րա­նա­կան գրե­թէ բո­լոր քննար­կում­նե­րուն, ա­մէն ջանք գոր­ծադ­րեց խորհր­դա­րա­նի կող­մէ ար­դա­րա­ցի օ­րէնք­ներ ըն­դու­նե­լու հա­մար։ Ինքն իր մա­սին ­Զօհ­րապ կը սի­րէր ը­սել, թէ «Ես սահ­մա­նադ­րու­թեան փաս­տա­բանն եմ»։
­Զօհ­րապ մե­ծա­պէս յար­գո­ւած եւ ե­րե­ւե­լի անձ­նա­ւո­րու­թիւն դար­ձաւ թէ՛ հայ ազ­գա­յին, թէ՛ հա­մա-օս­մա­նեան հա­սա­րա­կա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ մշա­կու­թա­յին կեան­քին մէջ։ ­Սա­կայն երբ սկսաւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը, ­Թուր­քիոյ իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը պա­հը յար­մար գտան ի գործ դնե­լու հա­յե­րու դէմ ի­րենց մշա­կած ցե­ղաս­պա­նու­թեան ծրա­գի­րը։ ­Մէկ գի­շե­րո­ւան մէջ՝ Ապ­րիլ 24ին, մե­ծա­գոյն մա­սով ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցան եւ աք­սո­րո­ւե­ցան ­Պոլ­սոյ հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րը։ ­Զօհ­րապ ա­մէն ջանք գոր­ծադ­րեց՝ ա­զա­տե­լու իր ան­մեղ ազ­գա­կից­նե­րը։ ­Դի­մեց պե­տա­կան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեա­նե­րուն, ո­րոնց­մէ շա­տե­րուն հետ մտե­րիմ յա­րա­բե­րու­թիւն ու­նէր, այդ շար­քին՝ ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Թա­լէաթ փա­շա­յին եւ վար­չա­պետ ­Սա­յիտ ­Հա­լիմ փա­շա­յին։ Ա­նոնք բո­լորն ալ դրա­կան եւ յու­սադ­րիչ պա­տաս­խան­ներ կու տա­յին։ ­Սա­կայն շու­տով ­Զօհ­րա­պին եւ ­Վարդ­գէ­սին ալ միաս­նա­բար ձեր­բա­կա­լե­ցին եւ աք­սո­րե­ցին։ Ա­նոնց ալ կը սպա­սէր նոյն դա­ժան ճա­կա­տա­գի­րը։
1915 թո­ւա­կա­նի ­Յու­լի­սին, աք­սո­րի ճա­նա­պար­հին, դա­ժա­նօ­րէն սպան­նո­ւե­ցան Գ­րի­գոր ­Զօհ­րապ եւ ­Վարդ­գէս։
­Ցե­ղաս­պան ­Թուր­քիան այդ­պէ՛ս խեղ­դեց ­Հայ­կա­կան Ի­րա­ւուն­քի եւ Ար­դա­րու­թեան խի­զախ պաշտ­պան-փաս­տա­բա­նին ան­կա­շառ ձայ­նը։
­Կեն­սա­գիր­նե­րու վկա­յու­թիւն­նե­րով եւ ար­խի­ւա­յին նիւ­թե­րով հաս­տա­տո­ւած է, որ ­Հա­յոց Ար­հա­ւիր­քի ա­ղի­տա­լի օ­րե­րուն, ­Զօհ­րապ ոչ մէկ վայր­կեան հե­ռա­ցաւ անձ­նու­րաց մար­դա­սէ­րի եւ հա­յոց Ի­րա­ւուն­քի ան­կա­շառ դա­տա­պաշտ­պա­նի իր դիր­քե­րէն: Երբ սկսան հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան եւ ազ­գա­յին ղե­կա­վա­րու­թեան զան­գո­ւա­ծա­յին ձեր­բա­կա­լու­թիւն­նե­րը, խորհր­դա­րա­նա­կան պատ­գա­մա­ւո­րի ան­ձեռնմ­խե­լիու­թիւն վա­յե­լող ­Զօհ­րա­պը սկզբնա­պէս չձեր­բա­կա­լե­ցին։ Շրջա­պա­տը կը թե­լադ­րէր ­Մեծ ­Հա­յուն, որ հե­ռա­նայ ­Թուր­քիա­յէն: ­Սա­կայն ­Զօհ­րապ մեր­ժեց բաժ­նո­ւիլ իր ժո­ղո­վուր­դէն՝ յայ­տա­րա­րե­լով, թէ՝ «ո­րո՞ւ թո­ղում սա ան­տէր ու անգ­լուխ ժո­ղո­վուր­դը. չէ՛, փախ­չիլ չեմ կրնար, պէտք է, պարտքս է մինչև վերջ պատ­նէ­շին վրայ մնալ»։
Օգ­տո­ւե­լով խորհր­դա­րա­նա­կան պատ­գա­մա­ւո­րի իր ի­րա­ւուն­քէն եւ վա­յե­լած հե­ղի­նա­կու­թե­նէն՝ ­Զօհ­րապ դի­մեց օ­րո­ւան ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար եւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու ­Թա­լէա­թին՝ հա­շիւ պա­հան­ջե­լով հա­յու­թեան սե­րուց­քին հան­դէպ գոր­ծադ­րո­ւող մեծ ո­ճի­րին հա­մար։
­Զօհ­րապ ազ­դա­րա­րած է ­Թա­լէա­թին.- «Օր մը, ա­պա­հով ե­ղէք, որ հա­շիւ պի­տի պա­հան­ջո­ւի ձեզ­մէ եւ դուք չպի­տի կա­րե­նաք ար­դա­րաց­նել ձեր ա­րարք­ները»: ­Թա­լէաթ պէյ հեգ­նան­քով հարց տո­ւած է.- «Ո՞վ պի­տի պա­հան­ջէ այդ հա­շի­ւը:
«Ե՛ս,- պա­տաս­խա­նած է ­Զօհ­րապ,- ­Խորհր­դա­րա­նի մէջ իբր հայ մեպ­հուս ձե­նէ հա­շիւ պի­տի պա­հան­ջեմ»:
­Թէեւ ճա­կա­տագ­րի­րը չար­տօ­նեց, որ ­Զօհ­րապ ի­րա­գոր­ծէ իր ազ­դա­րա­րու­թիւ­նը, բայց հայ ժո­ղո­վուր­դը ­Թեհ­լի­րեան­նե­րու ձե­ռամբ ոչ միայն հա­շիւ պա­հան­ջեց, այ­լեւ գե­րա­գոյն ար­դա­րա­դա­տու­թեամբ ար­ժա­նի պա­տի­ժին են­թար­կեց մեծ հա­յաս­պա­նին։