29-30 Ապրիլէն մինչեւ 1 Մայիս 2017, Սալամինայի Քանաքիա վայրին մէջ, տեղի ունեցաւ Յունական Սկաուտական Կազմակերպութեան (ΣΕΠ) Սարոնիքոյի շրջանի սկաուտական ճիւղերուն եռօրեայ արշաւը։ Մասնակցեցան 22 սկաուտական խումբեր՝ 40 խմբակներով։
Այս տեսակի արշաւ կը կազմակերպուի տարին մէկ անգամ, գարնան։ Նպատակն է՝ սկաուտական խաղերուն ընդմէջէն եւ աստիճանաւորներուն օգնութեամբ, որ սկաուտները զիրար ճանչնան՝ արկածախնդրական եզակի օրեր անցընելով։ Այսպէս կը զարգանայ խմբային աշխատանքի կարեւորութեան ըմբռնումը եւ ինքնազսպումի ընդունակութիւնը։
Վերոնշեալ արշաւին մասնակցեցան 285 սկաուտներ։ Այս երեք օրերու ընթացքին, անոնց դաստիարակութիւնը կþընդգրկէր հետեւեալ գործունէութիւնները.- Թիավարութիւն, հովադահոյկ, «ֆլաշ-ֆօքս», նետաձգութիւն, խոհարարութիւն, մագլցիլ «Մայմու»ի կամուրջը, ընկողմանում առանց վրանի օգնութեան եւ շատ ուրիշ սկաուտական խաղեր։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական առաջին եւ երկրորդ մասնաճիւղերէն մասնակցեցան 23 սկաուտներ։ Անոնք 5 ամիսէ ի վեր կը պատրաստուէին սոյն արշաւին համար եւ մրցակցութեան աւարտին դասաւորուեցան առաջին հնգեակին մէջ։ Անոնց պատասխանատուներն էին աստիճանաւորներ՝ Մինասեան Վիգէն եւ Շահպազեան Եղիշէ։
Այս բանակումին Եռագոյնը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշակը ծածանեցան յունական համապատասխան դրօշակներու կողքին։ Նաեւ՝ երգուեցան մեր ազգային ու Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգները։ Յոյն սկաուտները յարգանքով ընդունեցին մեր տարբեր ազգի պատկանիլը։ Անոնցմէ լուրջ թիւ մը փափաք յայտնեց սորվելու մեր ազգային քայլերգը ու ընկերակցելու դրօշակի արարողութեան ընթացքին։
Մեր սրտագին շնորհակալութիւնը բոլոր մասնակցող սկաուտներուն։ Անոնք իրենց աշխուժութեամբ, կարգապահութեամբ եւ հնարամութեամբ, անգամ մը եւս բարձր պահեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտիզմին անունը եւ հաստատեցին անոր փայլուն ապագան։ Մասնաւոր շնորհակալութիւն մեր երկու աստիճանաւոր եղբայրներուն, որոնք այս տնտեսական տագնապի տարիներուն, տրամադրուեցան ու ամիսներով անխոնջ զբաղեցան, որպէսզի հայ սկաուտին ձայնը լսելի ու յարգելի ըլլայ սկաուտութեան մեծ ընտանիքին մէջ։
Կը շնորհաւորենք բոլորին։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդ եւ Խմբապետական Կազմ