Երկուշաբթի՝ 1 Յունուար 2018ին, Նոր Տարուան առաջին առաւօտուն, Ֆիքսի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ, տարուան առաջին Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ ժամը 10:30ին: Պատարագիչը շրջանի հոգեւոր հովիւ Տէր Նարեկ Քհնյ. Շահինեանն էր՝ իր մօտ ունենալով եկեղեցւոյ սարկաւագ՝ պրն. Լեւոն Ունանեանը եւ պատանի դպիր՝ Ժանօ Պարտակճեանը:
Եկեղեցւոյ դպրաց դասը ներկայ էր լրիւ կազմով՝ դպրապետ Պետրոս Սրկ. Պարսամեանի խմբավարութեամբ:
Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ Ազգային Վարչութեան անդամ եւ շրջանիս թեմական պատգամաւոր պրն. Սերգօ Յարութիւնեան:
Եկեղեցին լեցուն էր հաւատացեալներով, որոնք եկած էին աղօթք բարձրաձնելու առ Աստուած՝ Նոր Տարուան սեմին նոր յոյսով լեցուելու, բարեմաղթութիւններ կատարելու եւ զիրար հանդիպելու նորանոր եռանդով:
Ս. Պատարագի աւարտին, Տէր Հայրը բոլոր ներկաները հրաւիրեց եկեղեցւոյ ներքնասրահը, ուր տարիներէ ի վեր աւանդութիւն դարձած Նոր Տարուան կարկանդակը կը կտրուի ու կը բաժնուի բոլորին՝ գաւաթ մը սուրճի կամ թէյի ընկերակցութեամբ, տեղւոյն Տիկնանց Մարմնոյ անդամուհիներուն կողմէ պատրաստուած քաղցր խմիչքով ու իրենց սիրալիր հիւրասիրութեամբ, զոր շատ անգամներ վայելած ենք բոլորս:
Տէր Հայրը հրաւիրեց Ազգ. Վարչութեան անդամ պրն Սերգօ Յարութիւնեանը, որ իր խօսքը փոխանցէ ներկաներուն: Պրն. Յարութիւնեան անդրադարձաւ յունահայ գաղութի պատմական ընթացքին՝ մատնանշելով հանգրուանները, որոնցմէ անցած է ան տասնամեակներու ընդմէջէն, մասնաւորաբար շեշտելով եկեղեցւոյ դերը իբրեւ գաղութիս գոյատեւման հիմնաքար:
Նկատել տուաւ, թէ բազմաթիւ մարդիկ, ծառայութեան ոգիով ամրացած, իրենց կարելին տրամադրած են բոլոր ժամանակներու եւ պայմաններու մէջ, կառոյցները կանգուն պահելու համար: Իսկապէս սրտի խօսք էր իր խօսքը, որ յուզեց բոլորս:
Երբ հասաւ պահը գաթան կտրելու, Տէր Նարեկ հրաւիրեց երիտասարդ պրն. Վահան Աբիկեանը՝ գնահատելով անոր ներկայութիւնը եկեղեցիէն ներս ամէն Կիրակի առաւօտ, տարիներէ ի վեր, ինչպէս նաեւ պատանի դպիր ժանօ Պարտագճեանը՝ գնահատելով անոր ալ հետեւողական ծառայութիւնը Ս. Խորանին, եւ ամէն Կիրակի «Ճաշու Գիրք»ի ընթերցումը:
Գաթան բաժնուեցաւ բոլորին եւ տարուան բախտաւոր երիտասարդին՝ պրն. Արթուր Անտոնեանին նուէր տրուեցան երկու շիշ հայկական գինի, գեղեցիկ ծրարի մէջ ամփոփուած. իսկ գաթան կտրող երկու երիտասարդներուն Տէր Հայրը մէկական ժամագիրք նուիրեց, երկուքին ալ փոխանցելով, թէ իր եւ թէ բոլորիս սրտաբուխ մաղթանքները: Մեծ խանդավառութեամբ ծափահարեցինք երկուքին ալ՝ մաղթելով, որ օրինակ դառնան ուրիշ երիտասարդներու:
Սրտի գոհունակութեամբ մեկնեցանք սրահէն կէսօրուայ ժամերուն, մեր հետ առնելով փայլուն խաւաքարտէ շինուած լուսաւորուող «հրեշտակ» մը, որ պատրաստուած էր տիկ. Սեւան Եփրեմեանի կողմէ:
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ