11 նորագիրներ անցան Յունաստանի Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերը

0
58

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, տե­ղի ու­նե­ցաւ 11 նո­րա­գիր­նե­րու երդ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն։ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թե­նէն ե­կող 10 ե­րի­տա­սարդ-ե­րի­տա­սար­դու­հի­ներ, ա­ռա­ւել անձ մը եւս, լրաց­նե­լով յա­տուկ դաս­տիա­րակ­չա­կան շարք, ի­րենց պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին մուտք գոր­ծե­լու Հ.Յ.Դ. շար­քե­րը՝ ծա­ռա­յու­թեան դաշ­տը ընդ­լայ­նե­լու հա­մար կու­սակ­ցա­կան, քա­ղա­քա­կան, ­Հայ դա­տի եւ հա­յա­կեր­տու­մի բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս։
­Հայ ազ­գին հա­մար ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին ներ­կայ պա­հե­րուն, նո­րա­գիր­նե­րու մուտ­քը կու­սակ­ցու­թեան շար­քե­րը կու գայ ա­պա­ցու­ցե­լու հա­յու­թեան ան­ժա­ման­ցե­լի ձգտում­նե­րուն տէր կանգ­նե­լու եւ ա­նոր դէմ լա­րո­ւած ա­մէն տե­սա­կի ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան, հո­ղա­յին եւ ար­ժէ­քա­յին սկզբունք­նե­րու ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն դի­մադ­րե­լու հաս­տա­տա­կամ կե­ցո­ւածքն ու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան բարձր գի­տակ­ցու­թիւ­նը։
Այ­նու­հե­տեւ, 11 նո­րա­գիր­նե­րը, ի­րենց ձեռ­քը դնե­լով Հ.Յ.Դ. դրօ­շին, Ծ­րա­գի­րին եւ ­Կազ­մա­կեր­պա­կան կա­նոն­նե­րուն վրայ, եր­դո­ւե­ցին եւ մուտք գոր­ծե­ցին ­Դաշ­նակ­ցու­թեան շար­քե­րը, խոս­տա­նա­լով նո­ւի­րո­ւիլ ան­սա­կարկ ծա­ռա­յա­սի­րու­թեան վեհ ի­տէա­լին։