Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ 11 նորագիրներու երդման արարողութիւն։ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութենէն եկող 10 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, առաւել անձ մը եւս, լրացնելով յատուկ դաստիարակչական շարք, իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին մուտք գործելու Հ.Յ.Դ. շարքերը՝ ծառայութեան դաշտը ընդլայնելու համար կուսակցական, քաղաքական, Հայ դատի եւ հայակերտումի բնագաւառներէն ներս։
Հայ ազգին համար անկիւնադարձային ներկայ պահերուն, նորագիրներու մուտքը կուսակցութեան շարքերը կու գայ ապացուցելու հայութեան անժամանցելի ձգտումներուն տէր կանգնելու եւ անոր դէմ լարուած ամէն տեսակի ազգային, քաղաքական, հողային եւ արժէքային սկզբունքներու ոտնձգութիւններուն դիմադրելու հաստատակամ կեցուածքն ու պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութիւնը։
Այնուհետեւ, 11 նորագիրները, իրենց ձեռքը դնելով Հ.Յ.Դ. դրօշին, Ծրագիրին եւ Կազմակերպական կանոններուն վրայ, երդուեցին եւ մուտք գործեցին Դաշնակցութեան շարքերը, խոստանալով նուիրուիլ անսակարկ ծառայասիրութեան վեհ իտէալին։










