112 տարի առաջ՝ 1905ին, Մայիս 11ի այս օրը, Անդրկովկասի նաւթային մայրաքաղաք Բագուի կեդրոնական հրապարակներէն Պարապետի վրայ, 21ամեայ հայ յեղափոխական մը ռումբի հարուածով ահաբեկեց Բագուի նահանգապետ իշխան Նակաշիձէն։
Երիտասարդ այդ յեղափոխականը Դրաստամատ Կանայեան կը կոչուէր, որ կոչուած էր հայ ժողովուրդի նորագոյն շրջանի պատմութեան մէջ անմահանալու խիտ ու կտրուկ ԴՐՕ անունով։
Այդպէ՛ս, 11 Մայիս 1905ի օր-ցերեկով եւ բանուկ հրապարակի մը վրայ, անզուգական ԴՐՕ իր դաշնակցական յանդուգն յեղափոխականի կրակի մկրտութիւնը ստացաւ՝ 21 տարեկանին անվեհեր գործադրելով Հ.Յ.Դ. Ոսկանապատի Կեդրոնական Կոմիտէին տուած մահապատիժի որոշումը հարիւրաւոր անմեղ հայերու կոտորածը հրահրած Բագուի նահանգապետ Նակաշիձէին դէմ։
Հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման եւ, ընդհանրապէս, համառուսական յեղափոխական խմորումներու պատմութեան ամէնէն ուշագրաւ եւ ուսանելի էջերէն է Նակաշիձէի ահաբեկումը։ Սերունդներուն համար նշանակալի դասեր փոխանցող դրուագ մըն է, որ մէկէ աւելի զուգահեռներով լոյս կը սփռէ որոշապէս հայեւատրպէյճանական մերօրեայ հակադրութեան արմատներուն վրայ։
Ո՞վ էր Նակաշիձէ եւ ի՞նչ ըրած էր, որ արժանացաւ նման դաժան դատաստանի։
Ինչո՞ւ Բագուն թատերաբեմ հանդիսացաւ հայկական յեղափոխութեան այդօրինակ հատու հարուածին։
Բագուն 19րդ դարավերջին դարձած էր ոչ միայն Անդրկովկասի, այլեւ՝ ամբողջ Ցարական Կայսրութեան նաւթային կեդրոնն ու ամէնէն ճարտարարուեստական քաղաքը, ուր անխնայ մրցակցութեան մէջ էին ռուսական թէ անգլիական, հայ թէ թաթարական դրամագլուխներն ու գործատէրերը։
Իսկ 1900ականներու սկզբնաւորութեան համառուսական առաջին յեղափոխութեան խառն ժամանակներն էին։ Ցարական Ռուսաստանը, արտաքին ճակատի վրայ, ծայրագոյն արեւելքի մէջ պատերազմ կը մղէր Ճափոնի դէմ, իսկ ներքին ճակատի վրայ կը դիմագրաւէր Ս. Փեթերսպուրկէն սկսած եւ կայսրութեան ողջ տարածքը ալեկոծած ընկերային յեղափոխութեան բուռն պայթումը։
Յատկապէս Անդրկովկասը յեղափոխական ալեկոծումի մէջ էր եւ յեղափոխական տարրերը, առանց ազգային խտրութեան, միասնաբար ծառացած էին ցարական բռնատիրութեան դէմ։
Բազմազգեան մեծ խառնարան մըն էր Անդրկովկասը, յատկապէս նաւթահորերով հարուստ Բագուն, ուր հայն ու ռուսը, վրացին եւ թաթարը մէկ կողմէ, ազգամիջեան յարաբերութիւններու ճակատին վրայ, սուր մրցապայքարի մէջ էին իրարու հետ, իսկ միւս կողմէ՝ ընկերային չարաշահումներու եւ կեղեքումներու առումով, միացեալ ուժերով ծառացած էին կայսերապետական ճնշումի գործիքներուն՝ խաւարամիտ ու յետադիմական տարրերուն դէմ, շարքային պաշտօնեաներ ըլլային անոնք թէ ստրկամիտ ոստիկաններ։
Համառուսական յեղափոխութեան ալիքը հասկնալիօրէն լայն արձագանգ գտած էր Բագուի աշխատաւորութեան մէջ, անկախ անոնց՝ նաւթահորերու կամ ճարտարարուեստական մարզի բանուորներու ազգային պատկանելիութենէն։ Ի տես յեղափոխական խմորումներու այդօրինակ սաստկացումին ու ծաւալումին՝ ցարական իշխանութիւնները ամէն կարգի դաւ ու սադրանք կ’որոճային, հակակշռելու համար յեղափոխութեան վարակիչ մակընթացութեան ահագնացող ալիքը։
Ահա՛ պատմական այս ենթահողին վրայ, խռովայոյզ Բագուի նահանգապետի իր դիրքէն, թաթարական ծագումով Նակաշիձէն ձեռնամուխ եղաւ յեղափոխական խմորումներու յենարանը հանդիսացող Բագուի աշխատաւորութիւնը ազգային հողի վրայ պառակտելու, իրարու դէմ զինեալ թշնամանքի մղելու եւ, այդպիսով, յեղափոխական ուժերու ժողովրդային յենարանը ջլատելու դաւադրութեան։
Իսկ նման սադրանքի յաջողութեան համար պատրաստի հող էր թուրք-թաթար զանգուածը, բանուորութեամբ հանդերձ, իր խաւարամտութեան ու կրօնամոլութեան հետեւանքով։
Մանաւանդ որ ինչպէս Օսմանեան Կայսրութեան մէջ, նոյնպէս եւ Ցարական Կայսրութեան հովանիին տակ հրահրուած էր թաթարներու (ի դէպ՝ նաե՛ւ վրացիներու) ամբոխային այն տրամաբանութիւնը, թէ իբր հայերը՝ սակաւաթիւ ըլլալով հանդերձ, ե՛ւ մեծ կշիռ ունէին մեծահարուստներու շարքին, ե՛ւ բարեկեցիկ կեանք ապահոված էին իրենց բանուորներուն…
Նահանգապետ Նակաշիձէ առաւելագոյն նենգամտութեամբ իւղ թափեց հայ-թաթարական հակադրութեանց ու թշնամանքի այդ դրսեկ կայծերուն վրայ՝ գաղտնաբար զինելով նաեւ թաթար ազգայնամոլական խմբաւորումները, որոնց գլխաւորութեամբ 6 Փետրուար 1905ին, Բագուի տարբեր շրջաններուն մէջ, թաթար խուժանը յարձակեցաւ հայերու եւ անոնց խանութներուն ու հաստատութեանց վրայ՝ քանդելով, կողոպտելով եւ սպաննելով… Թուրք-թաթար ամբոխին կատաղութիւնը շարունակուեցաւ երեք օր՝ հակառակ անոր, որ առաջին օրը անակնկալի եկած հայութիւնը շատ արագ ինքնապաշտպանութեան եւ հակահարուածի դիմեց՝ Դաշնակցութեան եւ անոր յաղթ բռունցքը մարմնաւորող հայդուկապետ Նիկոլ Դումանի ղեկավարութեամբ։
Թէեւ թուրք-թաթար ամբոխի խժդուժութեանց սանձ դրուեցաւ, բայց երկուստեք հարիւրաւոր զոհեր ու վիրաւորներ ինկան, իսկ Բագուի հայութիւնը ենթարկուեցաւ նիւթական հսկայական կորուստներու։
Այս աստիճան ծանր յանցագործութեան գլխաւոր պատասխանատուն էր նահանգապետ Նակաշիձէն։ Անոր սադրանքը անպատիժ պէտք չէ մնար՝ թէ՛ նոյնինքն յանցագործը արդար դատաստանի արժանացնելու համար, թէ՛ նման սադրանքներու եւ յանցագործութեանց կրկնումը կանխարգիլելու նպատակով։
Եւ նահանգապետին դէմ մահապատիժ որոշեց ոչ միայն Դաշնակցութիւնը՝ յանձին Բագուի Հ.Յ.Դ. Ոսկանապատի Կ. Կոմիտէի, այլեւ՝ ռուս ընկերվարական-յեղափոխական կուսակցութիւնները իրենց կարգին մահապատիժի վճիռ արձակեցին Նակաշիձէի դէմ։ Մինչեւ անգամ Ռուս Սոցիալիստ-Յեղափոխականները դիմեցին Դաշնակցութեան այն խնդրանքով, որ ռուսական կուսակցութեան վերապահուի պատիւը բոլոր յեղափոխականներու օրհնութիւնը վայելող Նակաշիձէի ահաբեկման այդ որոշումին գործադրութեան։
Դաշնակցութիւնը ընդառաջեց Ռուս Սոցիալիստ-Յեղափոխականներու դիմումին, բայց այս վերջինի կողմէ կատարուած Նակաշիձէի ահաբեկման գործողութիւնը անյաջող անցաւ։
Ցարիզմի նենգ պաշտօնատարը անպայման պէտք է պատժուէր եւ, ի վերջոյ, պատժուեցա՛ւ Դաշնացութեան անկեղծ զինուոր ԴՐՕի ձեռամբ։
ԴՐՕ այդ շրջանին կը ծառայէր ռուսական բանակին մէջ, բայց հազիւ լսած Փետրուար 6ի թուրք-թաթար ամբոխի խժդուժութեանց լուրը՝ փութացած էր Բագու ու ինքզինք տրամադրած Նիկոլ Դումանի եւ Հ.Յ.Դ. Ոսկանապատի Կ. Կոմիտէին։
ԴՐՕ նաեւ կամաւոր իր թեկնածութիւնը առաջարկեց Նակաշիձէի ահաբեկումի գործադրութեան համար, երբ ռուս յեղափոխականներու առաջին փորձը ձախողեցաւ։
Դուման իր հաւանութիւնը տուաւ ԴՐՕի դիմումին։
Գործողութեան կազմակերպման պատասխանատուութիւնը վստահուեցաւ Հ.Յ.Դ. Բագուի Կ. Կոմիտէի անդամներէն Աբրահամ Գիւլխանդանեանի, իսկ անփորձ ահաբեկիչին՝ Դրոյին պիտի աջակցէր Գանձակեցի Կռօ անունով նոյնպէս երիտասարդ յեղափոխական մը։ Եւ 11 Մայիս 1905ին Նակաշիձէ ստացաւ իր արժանի պատիժը։
Նակաշիձէն նահանգապետարան փոխադրող ձիակառքը, շրջապատուած ձիաւոր թիկնապահներով, ամէն օր կ’անցնէր Պարապետի հրապարակէն։ Գործողութեան համար ճշդուած օրը՝ Մայիս 11ին, Կռօ դիրք բռնած պէտք է ըլլար հրապարակ տանող փողոցին ծայրը, իսկ Դրօ՝ իբրեւ հրապարակին վրայ զբօսնող անցորդ, տոպրակի մը մէջ դրած մահարկու ռումբը, պիտի սպասէր Կռոյի ազդանշանին՝ թէ նակաշիձէի կառքը կը մօտենար։ Բայց այդ օր Կռօ ընդհանրապէս չէր երեւցած, իսկ Ա. Գիւլխանդանեան պահ մը երեւցած ու անհետացած էր։ Դրօ առանձին մնացած էր… հրապարակին վրայ գտնուող թուրք-թաթար պտղավաճառ մը, մայթին վրայ շարած էր իր վաճառած միրգերը. թարմ կեռաս ունէր. Դրօ պտղավաճառին ապսպրեց տոպրակ մը կեռաս եւ մինչ վաճառորդը կը լեցնէր տոպրակը, յանկարծ լսուեցան ձիակառքի եւ ձիաւորներու ձայներ։ Առանց այլայլելու, Դրօ իր ձեռքի տոպրակէն հանեց պատրաստի ռումբը, արագօրէն վազեց յառաջացող կառքի ուղղութեամբ եւ նետեց ռումբը։ Ահաւոր պայթիւնին հետեւեցաւ հրապարակի խուճապահար անցորդներու մեծ իրարանցումը։ Դրօ խառնուեցաւ ամբոխին եւ անհետացաւ…
Նակաշիձէ, անոր սպասաւորը, թիկնապահներ եւ կեռասի պտղավաճառը տեղն ու տեղը մահացան։
Ահ ու սարսափը պատեց կայսերապետական ուժերուն եւ ցարական ոստիկանութեան։
Բագուի Հ.Յ.Դ. Ոսկանապատի Կ. Կոմիտէն, հայ ժողովուրդին եւ ընդհանրապէս Անդրկովկասի հանրային կարծիքին ուղղուած երկու անջատ յայտարարութիւններով, ստանձնեց պատասխանատուութիւնը Նակաշիձէի մահապատիժին։ Իսկ Հ.Յ.Դ. Կովկասեան Պատասխանատու Մարմինը, յատկապէս ցարական պաշտօնէութեան ուղղուած երրորդ յայտարարութեամբ մը, ազդարարեց Նակաշիձէի ահաբեկման ի պատասխան հակահայ նոր դաւեր սադրող ուժերուն, թէ աւելի հատու պիտի ըլլայ հայ յեղափոխականներու յաջորդ հարուածը։
Անշուշտ որոշ ժամանակի համար զգաստացան ռուս պաշտօնատարները, նոյնպէս եւ թուրք-թաթար ազգայնամոլ շարժումներու պարագլուխները։
Բայց հրձիգութիւնը գործուած էր արդէն եւ ազգամիջեան լարուածութիւնն ու թշնամանքը մէկանգամընդմիշտ սանձազերծուած էին՝ անդարձ դուրս մղուած էին զիրենք սանձող կախարդական սրուակէն…
Անտառի Օրէնքով՝ փոքր ազգերը պէտք է զոհաբերուէին, իբրեւ պարզ խաղաքարեր, մեծապետական ինչ-ինչ շահերու ձեռքբերման եւ աշխարհաքաղաքական հաշիւներու կարգաւորման ծառայելու համար…
11 Մայիս 1905ին Նակաշիձէի ահաբեկումը հայ ժողովուրդին հատու պատասխանն էր թէ՛ փոքր ազգերը զոհաբերելու պատրաստ մեծապետական ուժերուն, թէ՛ անոնց ձեռքը կոյր գործիքի վերածուած ազգայնամոլներուն։
Իսկ ԴՐՕի յանդուգն քայլն ու ընդհանրապէս Անդրկովկասի հայոց ինքնապաշտպանութեան կռուանները ամրապնդելու Նիկոլ Դումանի ռազմավարութիւնը ահազանգ, մղիչ ուժ եւ ներշնչման աղբիւր դարձան հայոց սերունդներուն, որպէսզի միշտ պատրաստ գտնուին մեծապետական աշխարհի սադրալի հարուածներուն եւ ազգամիջեան արիւնալի ցնցումներու հրահրումին։
11 Մայիս 1905
11 Մայիս 1905. ԴՐՕ գործադրեց Բագուի նահանգապետ Նակաշիձէն ահաբեկելու ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ որոշումը Ն.