Peace of Art կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ իր ա­մե­նա­մեայ գոր­ծը` ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 102-րդ ­տա­րե­լի­ցին ըն­դա­ռաջ, Ա.Մ.Ն.ի ­Մա­սա­չու­սէթս նա­հան­գի 7 բա­նուկ մայ­րու­ղիի վրայ ­Մարտ եւ Ապ­րիլ ա­միս­նե­րուն բարձ­րաց­նե­լով ե­լեկտ­րո­նա­յին վա­հա­նակ­ներ, իսկ Ապ­րիլ 1էն ­Պոս­թը­նի հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան ճե­պըն­թաց մայ­րու­ղիի վրայ` կոչ ը­նե­լով մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ճանչ­նա­լու 20րդ ­դա­րու ա­ռա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը:
«2017ի Ապ­րի­լը կը հա­մա­րո­ւի աշ­խար­հի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու եւ ­Հո­լո­քոս­թի յի­շա­տակ­ման ա­միս, եւ այդ ա­ռի­թով մեր վա­հա­նակ­նե­րով կոչ կ­՛ուղ­ղենք ­Թուր­քիոյ ճանչ­նա­լու ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը` յար­գե­լով յի­շա­տա­կը նաեւ բո­լոր ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու ան­մեղ նա­հա­տակ­նե­րուն:
«2016ին Հ­ռո­մի ­Պա­պը այ­ցե­լե­լով ­Հա­յաս­տան` ե­ղաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յու­շա­հա­մա­լիր` ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ, անձ­նա­պէս յար­գե­լով 1,5 մի­լիոն ան­մեղ զո­հե­րու յի­շա­տա­կը: ­Վա­հա­նա­կը կ­՛ար­տա­ցո­լէ պատ­մա­կան այն պա­հը, երբ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կոս ­Գա­րե­գին Բ.ի հետ միա­սին ­Պապ Ֆ­րան­չիս­կոս կա­թո­լիկ աշ­խար­հի ա­նու­նով խա­ղա­ղու­թեան պատ­գամ կը յղէ ­Թուր­քիոյ դէ­պի ­Մա­սի­սը թռցու­ցած ա­ղաւ­նի­նե­րով` յոր­դո­րե­լով ճանչ­նալ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը»,- ըստ «­Փա­նար­մի­նըն»ի՝ ը­սած է Peace of Art կազ­մա­կեր­պու­թեան հիմ­նա­դիր նա­խա­գահ, նկա­րիչ ­Դա­նիէլ Վա­րու­ժան ­Հե­ճի­նեա­նը:
Peace of Art կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը 2015ին տե­ղադ­րած էր հա­րիւր վա­հա­նակ` նո­ւի­րո­ւած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կին, ինչ­պէս նաեւ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան վա­հա­նակ­ներ ­Գեր­մա­նիոյ` ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման, ինչ­պէս նաեւ Հ­ռո­մի ­Պապ Ֆ­րան­չիս­կո­սին՝ ա­նոր 2015ի Ապ­րիլ 12ին ­Վա­տի­կա­նի ­Սուրբ ­Պետ­րո­սի տա­ճա­րին մէջ ի յի­շա­տակ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու ­Սուրբ ­Պա­տա­րա­գի մա­տուց­ման եւ զայն 20րդ ­դա­րու ա­ռա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ա­նո­ւա­նե­լուն հա­մար: 2003ին ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժան ­Հե­ճի­նեան հիմ­նած է Peace of Art ան­շա­հոյթ կրթա­կան մար­դա­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը: