Տխրունի

0
310

­Թա­գու­հի ­Ղե­ւոն­դեա­նի յի­շա­տա­կին

­Միհ­րան Ք.

­Նո­րոգ հան­գու­ցեալ ­Ղե­ւոն­դեան թա­գու­հին հա­մես­տա­գոյնն էր հա­մեստ­նե­րու մէջ եւ իր ազ­նո­ւու­թեամբ ի­րեն մրցա­կից ու­նէր…իր կո­ղա­կի­ցը՝ սի­րե­ցեալ ­Կա­րոն, ո­րուն միա­նա­լու գնաց ան ­Շա­բաթ, 9 ­Յու­նո­ւա­րին:
­Մա­հո­ւան հրեշ­տա­կին գա­լուս­տը զգա­լով, ­Թա­գու­հի մը միայն պի­տի թե­լադ­րէր իր զաւ­կին ու հա­րա­զատ­նե­րուն. «չեմ ու­զեր, որ մա­հո­ւանս մա­սին օ­րա­թեր­թին մէջ կամ այ­լուր մա­հազ­դի ծա­նու­ցում տրո­ւի, որ­պէս­զի դժո­ւար այս օ­րե­րուն եւ յա­մե­ցող վա­րա­կի պայ­ման­նե­րուն տակ ծա­նօթ­ներ ու բա­րե­կամ­ներ պարտ­քի մը ծան­րու­թիւ­նը չզգան եւ գործ ու զբա­ղում չթո­ղուն յու­ղար­կա­ւո­րու­թեանս մաս­նակ­ցե­լու հա­մար…»:
Ա­հա սի­րե­ցեալն ­Թա­գու­հին, մա­հո­ւան ան­կող­նին մէջն իսկ, ու­ժաս­պառ, ո­րե­ւէ բա­րիք ը­նե­լու ան­զօր՝ կը մտա­ծէ «բա­րիք»ի մը մա­սին, ո­րուն հա­մար հա­զիւ թէ պի­տի բա­ւէին իր ու­ժե­րը…:
Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, դա­գա­ղին դի­մաց, սուրբ գրքէն ո­րոշ մէջ­բե­րում­ներ կա­տա­րե­լով գե­րա­պայ­ծա­ռը կը փոր­ձէ բա­ռե­րով բա­նա­ձե­ւել ննջե­ցեա­լին ե­կե­ղե­ցա­սէ­րի ու մեծ­հո­գու­թեան բա­րե­մաս­նու­թիւն­նե­րը, երբ սգա­կիր ներ­կա­նե­րը կեան­քի մէջ, ի կեն­դա­նու­թեան շատ ա­ւե­լիին վկա­նե­րը կը կազ­մեն եւ վա­յե­լած են ար­դէն այր ու կին՝ ­Կա­րօ եւ ­Թա­գու­հի ­Ղե­ւոն­դեան ա­մո­լին ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը:
­Հոն, խուն­կով ու ա­ղօթ­քով եւ շա­րա­կան­նե­րու տխուր մե­ղե­դիով պա­րու­րո­ւած ե­կե­ղեց­ւոյ մթնո­լոր­տին մէջ, մտքիս կու գան հին պատ­կեր­ներ՝ յի­սուն տա­րի­նե­րու խո­րե­րէն:
­Պէյ­րու­թէն գոր­ծու­ղո­ւած եմ եւ հաս­տա­տո­ւած Ա­թէնք՝ տիկ­նոջս եւ մէկ ու չորս տա­րե­կան եր­կու փոքր ե­րա­խա­նե­րուս հետ: Դ­ժո­ւար էր բա­ժա­նու­մը բա­րե­կամն­նե­րէ ու հա­րա­զատ­նե­րէ: ­Մա­նա­ւանդ ե­րա­խա­նե­րուս հա­մար ծանր էր կա­րօ­տը ի­րենց մեծ մայ­րե­րուն ու «թան­թիկ»նե­րուն: ­Յու­նա­րէնն ալ ան­ծա­նօթ էր մե­զի, որ ըստ կա­րի­քի կա­րե­նա­յինք յա­րա­բե­րիլ բժիշ­կի հետ, շրջա­պա­տի հետ…: ­Շա­տեր ե­ղան մե­զի ա­պա­ւէն եւ ի­րենց ցու­ցա­բե­րած սի­րով մեղ­մա­ցու­ցին մեր դժո­ւա­րու­թիւ­նը, կա­րօ­տի կսկի­ծը: Ա­նոնց մէջ ե­զա­կի եւ գրե­թէ ա­մէ­նօ­րեայ ե­ղաւ հո­գա­ծու­թիւ­նը սի­րե­ցեալն ­Թա­գու­հիին, որ իբ­րեւ գթա­ռատ ու հա­րա­զատ մեծ քոյր մը վե­րա­բե­րե­ցաւ տիկ­նոջս եւ իր­բեւ խնա­մոտ մեծ մայր մը՝ ե­րա­խա­նե­րուս հետ:
­Նոյն ջեր­մու­թիւ­նը վա­յե­լեց նաեւ անձս՝ իր ա­մու­սի­նէն՝ յա­ւետ սի­րե­ցեալն ­Կա­րո­յէն:
Եր­կու­քով նո­ւի­րեալ­ներ էին հան­րա­յին կեան­քին: ­Նո­րոգ հան­գու­ցեա­լը Հ.Օ.Մ.-ի՝ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ճամ­բով, ո­րուն ծա­ռա­յած է եր­կար տա­րի­ներ իբ­րեւ ժրա­ջան վար­չա­կան ան­դամ: Ինք եւ ի­րեն սերն­դա­կից հոյլ մը վար­չա­կան­ներ կա­մա­ւոր ու սեւ աշ­խա­տան­քի ան­սա­կարկ նո­ւի­րո­ւա­ծու­թիւ­նը ա­ւանդ ձգե­ցին յետ­նորդ­նե­րուն եւ ա­նոնց օ­րի­նա­կովն է, որ կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քի ­Հայ ­Կա­պոյտ խա­չեան ա­ւան­դու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կո­ւի: Իսկ իր լու­սա­հո­գի կո­ղա­կի­ցը՝ ­Կա­րոն, Հ.Յ.Դ.ի ան­դամ, մշա­կու­թա­յին մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն լիցք կու տար ա­րո­ւես­տի տար­բեր մար­զե­րու ա­տակ իր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով, իբ­րեւ ար­տա­սա­նող, մե­ներ­գող, երգ­չա­խում­բի մաս­նա­կից, թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցում­նե­րուն մէջ կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թեամբ, «կեն­դա­նի պատ­կեր»նե­րու յղա­ցու­մով…: ­Վար­պետ լու­սան­կա­րիչ էր եւ նոյն­քան վար­պետ գե­ղան­կա­րիչ: ­Նա­խախ­նա­մու­թիւ­նը տնօ­րի­նած է, որ կեն­դա­նա­կան աշ­խար­հին վի­ճա­կո­ւած ըլ­լայ մա­հո­ւան մեծ «պա­տիժ»ը՝ կեանք կո­չո­ւած նոյն­քան մեծ հրաշ­քէն վերջ: Ա­հա թէ ին­չու այդ մեծ «պա­տիժ»էն ետք, մե­զի՝ ողջ մնա­ցող­նե­րուս կը պա­հենք ան­վե­րա­դարձ մեկ­նո­ղի մը բա­րե­մաս­նու­թիւն­նե­րուն յի­շա­տա­կը միայն, ան­տե­սե­լով ող­ջու­թեա­նը՝ ա­նոր ու­նե­ցած եւ բո­լո­րիս հա­մար ի զօ­րու հա­ւա­նա­կան բաց­թո­ղում­նե­րը, թե­րու­թիւն­նե­րը:
Այս մտա­ծում­նե­րուս մէջ, մտո­վի կը պե­ղեմ ա­ւե­լի քան յի­սուն տա­րի­նե­րու յու­շերս եւ չեմ գտներ ոչ մէկ պա­տա­հար ու դէպք, որ դա­գա­ղին մէջ յա­ւէտ ննջե­ցեա­լը ոե­ւէ անձ վշտա­ցու­ցած կամ նոյ­նիսկ կեն­ցա­ղա­յին պարզ բամ­բա­սանք մը կա­տա­րած ըլ­լայ ո­րե­ւէ պա­րա­գա­յի: Եւ ես ին­ծի կ­՚ը­սեմ.
Ե­թէ ճիշդ են հրեշ­տակ­նե­րու մա­սին ը­սո­ւած­նե­րը, ա­պա ու­րեմն հրեշ­տակ մը ա­ւել­ցաւ երկն­քին մէջ:
«Եր­թաք խա­ղա­ղու­թեա՜մբ…» կը լսեմ գե­րա­պայ­ծա­ռին ձայ­նը:
­Հո­ղը թե­թեւ…: