­Պետ­րոս ­Գաբ­րիէ­լեա­նի յի­շա­տա­կին

0
66

­Վեր­ջերս, ­Գա­նա­տա­յի մէջ մա­հա­ցած է նախ­կին յու­նա­հայ, տեղ­ւոյն գա­ղու­թի ան­խոնջ նո­ւի­րեալ ընկ. ­Պետ­րոս ­Գաբ­րիէ­լեան։ Ս­տո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք Ե­րեք­շաբ­թի, 26 ­Մարտ 2024-ին, ­Մոնթ­րէա­լի ­Սուրբ ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­գու­ցեա­լի թաղ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին, Հ.Յ.Դ. «­Միհ­րան ­Փա­փա­զեան» կո­մի­տէու­թեան ա­նու­նով, ընկ. ­Թա­մար ­Շա­հի­նեան ­Փօ­լա­տեա­նի կող­մէ ըն­թեր­ցո­ւած դամ­բա­նա­կա­նէն յա­պա­ւո­ւած բա­ժին մը։

­Պետ­րոս ­Գաբ­րիէ­լեան ծնած է Ա­թէնք, 26 ­Նո­յեմ­բեր 1929-ին։ ­Յա­ճա­խած է ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ազ­գա­յին ­Զա­ւա­րեան վար­ժա­րա­նը մին­չեւ 2-րդ ­դա­սա­րան։ Ան անդ­րա­նիկ զա­ւակն էր ­Պուր­սա­յէն ­Լե­ւոն ­Գաբ­րիէ­լեա­նի եւ ­Թար­սու­սէն՝ ­Մա­րի ­Պահ­չէ­ճեա­նի, եր­կուքն ալ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած որ­բեր, ո­րոնք ի­րենց հայ­կա­կան բոյ­նը կազ­մած են ­Յու­նաս­տա­նի մէջ։ ­Պետ­րոս ու­նէր քոյր մը՝ Իս­կու­հի, եւ եղ­բայր մը՝ ­Մար­տիկ։
1941-ին, ­Հա­մաշ­խար­հա­յին Երկ­րորդ պա­տե­րազ­մին, երբ գեր­մա­նա­ցի­նե­րը ­Յու­նաս­տան մուտք կը գոր­ծեն, 13 տա­րե­կան ­Պետ­րոս իր ըն­տա­նի­քին օ­ժան­դա­կե­լու նպա­տա­կով կը լծո­ւի գոր­ծի. երբ մայ­րը խո­հա­րա­րու­թիւն կ­՚ը­նէր գեր­մա­նա­ցի զի­նո­ւոր­նե­րուն մօտ, ինք ա­նոնց կօ­շիկ­նե­րը փայ­լեց­նե­լու գոր­ծով յա­ւե­լեալ ե­կա­մուտ կ­՚ա­պա­հո­վէր իր ըն­տա­նի­քին։ Իսկ հե­տա­գա­յին ալ կը նե­տո­ւի ոս­կեր­չու­թեան աս­պա­րէզ։
­Յու­նաս­տա­նի մէջ ­Պետ­րոս կը միա­նայ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան շար­քե­րուն, ուր կը վա­րէ աշ­խոյժ կու­սակ­ցա­կան, մար­զա­կան եւ մշա­կու­թա­յին գոր­ծու­նէու­թիւն։
­Յու­նաս­տա­նի տնտե­սա­կան ան­կա­յուն վի­ճա­կը կը մղեն ­Պետ­րո­սը, որ 1954-ի ­Յու­նիս 8-ին, 25 տա­րե­կան հա­սա­կին եւ ա­ռան­ձին, ժա­մա­նէ ­Գա­նա­տա, նոր կեան­քի մը տես­լա­նա­կով եւ հե­տա­գա­յին իր ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը եւս ­Գա­նա­տա բե­րե­լու մի­տու­մով։
­Մոնթ­րէա­լի մէջ, իր ա­ռա­ջին գոր­ծը կը գտնէ ­Փաստր­մա­ճեան եղ­բայր­նե­րուն մօտ, ուր եր­կու տա­րի կը զբա­ղի գոր­գա­գոր­ծու­թեամբ։ Ա­պա­գա­յին ան իր ըն­տա­նի­քին ան­դամ­նե­րուն օգ­նու­թեամբ, կը հիմ­նէ իր սե­փա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը։ 1962-ին, գոր­գի գոր­ծէն կ­՚անց­նի ու­տես­տե­ղէ­նի մարզ եւ կը հիմ­նէ «­Մա­սիս» նպա­րա­վա­ճա­ռա­տու­նը։ Ն­կա­տի առ­նե­լով յա­ճա­խորդ­նե­րու թի­ւի ա­ճը, 1965-ին, իր քրո­ջը ա­մուս­նոյն՝ Անդ­րա­նիկ ­Փօ­լա­տեա­նին հետ, կը հիմ­նեն «­Սե­ւան» վա­ճա­ռա­տու­նը, ուր տա­սը տա­րի­ներ շա­րու­նակ կը վա­րեն բե­ղուն ա­ռեւ­տուր։ «­Սե­ւան» վա­ճա­ռա­տան մի­ջո­ցաւ, ան կը ծա­նօ­թա­նայ իր ա­պա­գայ տիկ­նոջ՝ ­Գա­հի­րէէն ժա­մա­նած ­Մայ­տա ­Պո­յա­ճեա­նին։ Ա­նոնք ի­րենց բոյ­նը կը կազ­մեն 1970-ին, եւ տա­րի մը ետք, կը բախ­տա­ւո­րո­ւին մանչ զա­ւա­կով մը, որ կը կրէ իր մեծ հօր ա­նու­նը՝ ­Լե­ւոն։ ­Պետ­րոսն ու ­Մայ­տան 54 տա­րի­ներ ապ­րե­ցան սի­րով եւ հա­մե­րաշ­խու­թեամբ, ըն­տա­նե­կան սրբու­թեամբ եւ մի՛շտ շրջա­պա­տո­ւած բա­րե­կամ­նե­րով, ո­րոնք մինչ օրս, հա­ւա­տա­րիմ կը մնան, ու ի­րենց հետ կը բաժ­նեն տա­րի­նե­րու յի­շա­տակ­ներ։
­Միու­թե­նա­կան կեան­քը մի՛շտ ալ ե­ղած է ­Պետ­րո­սին էու­թեան հիմ­նա­կան նպա­տա­կը։ ­Գա­նա­տա ժա­մա­նե­լէն եր­կու տա­րի ետք, ­Պետ­րոս ­Գաբ­րիէ­լեան 13 ըն­կեր­նե­րով եւ 3 նո­րա­գիր թեկ­նա­ծու­նե­րով, իր հօր տան մէջ (679 Querbes avenue), ­Շա­բաթ, 3 ­Նո­յեմ­բեր 1956-ին, հի­մը կը դնեն «­Միհ­րան ­Փա­փա­զեան» կո­մի­տէու­թեան, ներ­կա­յու­թեամբ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րէն ժա­մա­նած հայ­կա­կան ­Նե­մե­սի­սի ազ­գա­յին հե­րոս ­Մի­սաք ­Թոր­լա­քեա­նի։ ­Պետ­րոս ­Գաբ­րիէ­լեան մաս կը կազ­մէ «­Միհ­րան ­Փա­փա­զեան» անդ­րա­նիկ կո­մի­տէի կազ­մին։
Այս կո­մի­տէու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան շնոր­հիւ, յա­ջոր­դա­բար եւ նոյն շուն­չով կը հիմ­նո­ւին քոյր միու­թիւն­նե­րը։ ­Տա­րի մը ետք, 1957-ի ­Մա­յի­սին, 9 ըն­կե­րու­հի­ներ, մե­ծա­մաս­նու­թեամբ յու­նա­հա­յեր, հի­մը կը դնեն ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թեան ­Մոնթ­րէա­լի մաս­նա­ճիւ­ղին, ներ­կա­յու­թեամբ ­Պոս­թը­նէն ժա­մա­նած զօ­րա­վար Դ­րօ ­Կա­նա­յեա­նի կո­ղա­կի­ցին՝ ­Գա­յիա­նէին։ Եօթ հո­գի­նոց վար­չու­թեան ա­ռա­ջին ա­տե­նա­պե­տը կ­՚ընտ­րեն ­Պետ­րո­սին մայ­րը՝ ­Մա­րի ­Գաբ­րիէ­լեա­նը։ ­Թէեւ ա­նուս, սա­կայն չա­փա­զանց կա­րող եւ ճար­պիկ բնա­ւո­րու­թեամբ օժ­տո­ւած տի­կին ­Մա­րին միշտ ալ ե­ղած էր ­Պետ­րո­սին ներշնչման աղ­բիւ­րը։
­Յու­նաս­տա­նէն ի վեր, ­Պետ­րոս ­Գաբ­րիէ­լեա­նը ոտ­նագն­դա­կի հմուտ մար­զիկ էր։ Ե­ղած էր գայ­լիկ եւ սկաուտ։
­Մոնթ­րէա­լի մէջ, 1958 թո­ւա­կա­նին ­Պետ­րոսն ու իր ըն­կեր­նե­րը կը հիմ­նեն Armenia soccer team-ը։ ­Սոյն նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, ըն­թացք կու տայ նո՛յն տա­րին իսկ ­Մոնթ­րէա­լի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մաս­նա­ճիւ­ղի հիմ­նադ­րու­թեան, ուր ­Պետ­րոս, ան­գամ մը եւս, մաս կը կազ­մէ հիմ­նա­դիր եւ անդ­րա­նիկ վար­չու­թեան։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կող­մէ, 1999 թո­ւա­կա­նին ­Պետ­րոս կ­՚ար­ժա­նա­նայ Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան «­Ծա­ռա­յու­թեան» շքանշա­նին, իսկ 2008-ին, Հ.Մ.Ը.Մ. «­Կամք»-ի 50-ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան առ­թիւ՝ վար­չու­թեան գնա­հա­տագ­րին։ Ան եր­բե՛ք չէր փախց­ներ ­Մա­յիս 28-ի տո­ղանցք­նե­րը։ Իր վեր­ջին հան­դի­պու­մը Հ.Մ.Ը.Մ. «­Կամք»-ին հետ ե­ղաւ 93 տա­րե­կա­նին, երբ վեր­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով մաս կազ­մեց վար­չա­կան­նե­րու հա­ւա­քին, իբր ա­մէ­նէն տա­րեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ա­կան ան­դա­մը։
1958 ­Յու­լիս 18-ին, մեկ­նա­կէ­տա­յին ժո­ղով մը կը գու­մա­րո­ւի ­Յա­կոբ ­Փաստրմա­ճեա­նի տան մէջ, ուր 14 ան­դամ­ներ, ո­րոնց մէջ նաեւ ­Պետ­րո­սը, կը նպա­տա­կադ­րեն սե­փա­կան կեդ­րոն ե­կե­ղե­ցի մը ու­նե­նա­լու հրա­մա­յա­կա­նը, եւ 17 ­Յու­նո­ւար 1961-ին դի­մու­մը կը կա­տա­րեն հիմ­նե­լու «­Սուրբ ­Յա­կոբ» ա­նու­նով նոր ե­կե­ղե­ցի մը։