­Ծանր ե­ղաւ կո­րուս­տը մեր գա­ղու­թին հա­մար 9 Օ­գոս­տո­սի ա­ռա­ւօ­տուն, երբ իր աչ­քե­րը փա­կեց հա­ւա­տա­ւոր դաշ­նակ­ցա­կան ըն­կեր, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ եւ ազ­գա­յին ու կու­սակ­ցա­կան պա­տաս­խա­նա­տու դիր­քե­րու վրայ եր­կար տա­րի­ներ ծա­ռա­յած Գ­րի­գոր Էր­ջէ­նեան։
­Ծա­նօթ անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը ե­ղաւ Գ­րի­գոր, ոչ միայն յու­նա­հայ գա­ղու­թէն ներս, այ­լեւ աշ­խար­հաս­փիւռ դաշ­նակ­ցա­կան ըն­տա­նի­քին հա­մար, հայ­րե­նի­քէն մին­չեւ Ս­փիւռք, քա­նի որ իր ու­նե­ցած պաշ­տօն­նե­րուն եւ մաս­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն շնոր­հիւ, մաս կազ­մած ըլ­լա­լով նաեւ Հ.Յ.Դ. Ընդհ. ժո­ղով­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րուն, հան­դի­սա­ցած էր մեր կազ­մա­կեր­պա­կան կա­ռոյ­ցի հմուտ շար­քա­յին, ազ­գա­յին եւ հա­մա­հայ­կա­կան հար­ցե­րուն հա­մար տե­սա­կէտ բա­նա­ձե­ւող ըն­կեր, որ ժո­ղո­վա­կան կեան­քին մէջ իր գա­ղա­փար­ներն ու կար­ծիք­նե­րը յա­ճախ լսե­լի եւ ըն­դու­նե­լի դարձ­նե­լու յատ­կու­թիւնն ալ ու­նէր։
Գ­րի­գոր փոքր տա­րի­քէն մտաւ ազ­գա­յին կեան­քին մէջ ու մին­չեւ վերջ մնաց հա­ւա­տա­րիմ իր կու­սակ­ցա­կան եր­դու­մին. նո­ւի­րու­մով ծա­ռա­յեց բո­լոր դիր­քե­րուն վրայ եւ պար­տա­ճա­նա­չու­թեամբ տա­րաւ ա­մէն տե­սա­կի պար­տա­կա­նու­թիւն, որ խղճմտօ­րէն ստանձ­նեց ու յա­ջո­ղու­թեամբ իր ա­ւար­տին հաս­ցուց։
Գ­րի­գոր, բո­լո­րին ծա­նօթ ­Գօ­գոն, ծնած էր 3 ­Սեպ­տեմ­բեր 1956-ին ազ­գա­յին շուն­չով լե­ցուն յար­կի մը տակ։ Իր հայ­րը՝ Անդ­րա­նի­կը, հա­ւա­տա­ւոր կու­սակ­ցա­կան եւս, կա­նու­խէն մղեց Գ­րի­գո­րը մաս­նա­կից դառ­նա­լու ակմ­բա­յին եւ միու­թե­նա­կան կեան­քին։ Ինչ­պէս բո­լոր պա­տա­նի­նե­րը, Գ­րի­գոր ե­ղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտ, ա­պա պա­տա­նե­կան եւ ե­րի­տա­սար­դա­կան շար­ժում­նե­րուն մէ­ջէն ստա­ցաւ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ազ­գա­յին եւ գա­ղա­փա­րա­կան ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րու դաս­տիա­րա­կու­թիւն, այ­նու­հե­տեւ հա­ւատ­քով եւ նո­ւի­րո­ւա­ծու­թեամբ ծա­ռա­յե­լու հա­մար, այ­լեւս որ­պէս եր­դո­ւալ դաշ­նակ­ցա­կան, հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար պա­հանջ­նե­րու ի­րա­գործ­ման տես­լա­կա­նին։
­Մարդ­կու­թեան եւ հա­յու­թեան հա­մար կա­րե­ւոր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը ըն­թաց­քին էր, որ Գ­րի­գոր սկսաւ զար­գաց­նել իր գա­ղա­փա­րա­կան հա­յեացք­նե­րը։ ­Հա­յու­թիւ­նը ար­դէն ազ­դան­շա­նը տո­ւած էր Ե­ղեռ­նի 50-ա­մեա­կի ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին նշու­մով, մինչ հայ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի նո­րա­նոր շղթա­յա­զեր­ծու­մը նոր հո­րի­զոն­ներ կը բա­նար ­Հայ դա­տի հե­տապնդ­ման ու­ղիին վրայ։ ­Միա­ժա­մա­նակ, ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը կ­՚ո­գե­ւո­րո­ւէր հա­մա­մարդ­կա­յին նոր գա­ղա­փար­նե­րու եւ ընբռ­նում­նե­րու ծա­ւա­լու­մով, ո­րոնք հա­մա­կած էին նաեւ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը, իր ազ­գա­յին վե­րա­զարթ­նու­մի ո­գե­ւո­րու­թեան մէջ։
Գ­րի­գոր մէկ ա­ւե­լի կրցաւ ըմբռ­նել այդ տա­րի­նե­րու գա­ղա­փա­րա­բա­նա­կան խմո­րում­ներն ու զար­գա­ցում­նե­րը, երբ ար­դէն որ­պէս Ա­թէն­քի Ի­րա­ւա­բա­նա­կան հա­մալ­սա­րա­նի տնտե­սա­կան բա­ժի­նի ու­սա­նող, գի­տա­կա­նօ­րէն եւս ծա­նօ­թա­ցաւ ազ­գա­յին եւ մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րու ո­լորտ­նե­րուն, ո­րոնց մէջ միշտ փնտռեց  ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րու հզօր ներ­կա­յու­թիւ­նը։
Ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին, այլ ըն­կեր­նե­րու հետ դար­ձաւ իր ապ­րած շրջա­նի Հ.Յ.Դ. կո­մի­տէի ան­դամ, նոր շունչ եւ գոր­ծու­նէու­թեան լայն աս­պա­րէզ բա­նա­լով օ­րո­ւան ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դին հա­մար։
­Տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, իր կու­սակ­ցա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը ան­ցաւ նաեւ ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի մա­կար­դա­կին, ո­րու ի­րե­րա­յա­ջորդ կազ­մե­րուն մէջ ծա­ռա­յեց եր­կար տա­րի­ներ, որ­պէս ան­դամ կամ մար­մի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ։ Ան­դամ էր նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին, ուր իր կա­րե­ւոր ներդ­րու­մը ու­նե­ցաւ ազ­գա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ներ­կա­յաց­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն յոյն հան­րա­յին կար­ծի­քին մօտ եւ հել­լէն պե­տա­կան, քա­ղա­քա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան շրջա­նակ­նե­րուն մէջ։ Իր մտե­րիմ ըն­կե­րոջ, վա­ղա­մե­րիկ Ա­րա Ար­շա­կեա­նին հետ յղա­ցան գա­ղա­փա­րը «Ար­մե­նի­քա ­Թե­մա­թա» յու­նա­լե­զու պար­բե­րա­կա­նի հրա­տա­րա­կու­թեան, որ դար­ձաւ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի բան­բե­րը յու­նա­կան քա­ղա­քա­կան գոր­ծօն­նե­րուն մօտ։
­Մաս­նակ­ցած էր մէ­կէ ա­ւե­լի Հ.Յ.Դ. Ընդհ. ­Ժո­ղով­նե­րու որ­պէս ա­պա­հո­վու­թեան խմբա­կի ան­դամ, մինչ ա­ւե­լի վերջ, ­Բիւ­րո­յի հրա­ւէ­րով, մաս­նա­կից դար­ձաւ թիւ մը ժո­ղով­նե­րու։
Գ­րի­գո­րի ծա­ռա­յու­թիւ­նը նաեւ յատ­կան­շո­ւե­ցաւ ազ­գա­յին մար­մին­նե­րուն եւ խոր­հուրդ­նե­րուն մէջ, իր ներդ­րու­մը ու­նե­նա­լով յատ­կա­պէս Ազ­գա­յին վար­չու­թեան Տն­տե­սա­կան խոր­հուր­դէն ներս։ ­Նաեւ, ան ե­ղաւ Հ.Կ.­Խա­չի տնտե­սա­կան ու տուր­քա­յին հար­ցե­րու դա­սա­ւոր­ման աշ­խա­տա­կից եւ պա­տաս­խա­նա­տու։ Ու­նէր խոր գի­տակ­ցու­թիւն եւ մտա­հո­գու­թիւն հա­յե­ցի կրթու­թեան տա­րած­ման ուղ­ղու­թեամբ, ա­մէն ճիգ ի սպաս դնե­լով Հ.Կ.­Խա­չի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու ինք­նա­բաւ գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար։
Գ­րի­գոր կա­նու­խէն կազ­մեց հա­յա­բոյր ըն­տա­նիք մը, ա­մուս­նա­ցած ըլ­լա­լով Ա­լե­նուշ ­Մա­րու­խեա­նին հետ եւ բախ­տա­ւո­րո­ւած ըլ­լա­լով եր­կու զա­ւակ­նե­րով՝ ­Ռազ­մի­կը եւ ­Նա­նօ­րը, ո­րոնք այ­սօր ի­րենց հօր օ­րի­նա­կե­լի հա­ւա­տար­մու­թեամբ մաս­նա­կից են հայ կեան­քի զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րուն։ Գ­րի­գո­րին հա­մար ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին ե­ղաւ նաեւ իր սրտա­մօ­տիկ կա­պը հան­գու­ցեալ ընկ. Հ­րայր ­Մա­րու­խեա­նին հետ, ո­րու կու­սակ­ցա­կան եւ գա­ղա­փա­րա­կան շուն­չին տակ ստա­ցաւ ազ­գա­յին լայն հո­րի­զոն­նե­րու ներշն­չող ո­գին։
­Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, Գ­րի­գոր լռու­թեամբ եւ համ­բե­րու­թեամբ դի­մագ­րա­ւեց իր ա­ռող­ջա­կան խնդիր­նե­րը, ա­ռանց եր­բեք ա­նոնց մա­սին հրա­պա­րա­կաւ կամ ըն­կե­րա­յին շրջա­նակ­նե­րու մէջ գան­գա­տե­լու։ ­Մին­չեւ վեր­ջերս, մնաց կու­սակ­ցա­կան բարձր պաշ­տօն­նե­րու վրայ եւ հա­կա­ռակ իր ա­ռող­ջա­կան խնդիր­նե­րուն, կա­նո­նա­ւո­րա­պէս իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ աշ­խա­տանք­նե­րուն։
Իր անս­պա­սե­լի ու վա­ղա­ժամ կո­րուս­տը խոր սու­գի մէջ մատ­նեց ըն­տա­նի­քը, բա­րե­կամ­նե­րը եւ ըն­կեր­նե­րը, ո­րոնք չկրցան հաշ­տո­ւիլ ա­նոր մա­հո­ւան ի­րա­կա­նու­թեան հետ։
­Թաղ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ 11 Օ­գոս­տո­սին, ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի «Ս. ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, նա­խա­գա­հու­թեամբ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր եւ ներ­կա­յու­թեամբ բազ­մա­թիւ հայ­րե­նա­կից­նե­րու։ Սր­բա­զան հօր ո­գե­շունչ քա­րո­զէն ետք գա­ղա­փա­րի ըն­կեր­նե­րու ա­նու­նով դամ­բա­նա­խօ­սեց ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան, ո­րուն խօս­քը կը ներ­կա­յաց­նենք ստո­րեւ։ ­Հուսկ, հան­գու­ցեա­լի մար­մի­նը ամ­փո­փո­ւե­ցաւ Ա­նօ ­Վու­լա­յի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը, «­Վէր­քե­րով լի» եր­գի յու­զա­խառն կշռոյ­թին տակ։
­Սի­րե­լի ընկ. Գ­րի­գոր, այս քա­նի մը տո­ղե­րը որ­պէս թարմ ծա­ղիկ կը խո­նար­հեց­նենք քաղցր յի­շա­տա­կիդ։ ­Հո­ղը թե­թեւ։

Ք.Է.

***

 Ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեա­նի դամ­բա­նա­կան խօս­քը

Ըն­կեր Գ­րի­գոր Էր­ջէ­նեա­նի, մեր սի­րե­լի ըն­կեր ­Գո­գո­յին վեր­ջին հրա­ժեշ­տը կու­տանք այս պա­հուն։ ­Մեր փոր­ձա­ռու, ծա­ռա­յա­սէր ու պատ­րաս­տա­կամ ըն­կե­րոջ, որ իր ամ­բողջ գի­տակ­ցա­կան կեան­քը նո­ւի­րեց հա­յու­թեան, ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ընդ­մէ­ջէն։ ­Մեր գա­ղու­թին եւ մեր կու­սակ­ցու­թեան հա­մար ան­դառ­նա­լի կո­րուստ մըն է իր մա­հը, ո­րու հե­տե­ւանք­նե­րուն հետ պար­տինք հաշ­տո­ւիլ աս­կէ ետք։ Ան­հա­ւա­տա­լի է մտա­ծել, թէ ան ներ­կայ պի­տի չըլ­լայ մեր ժո­ղով­նե­րուն, ան պի­տի չա­ռաջ­նոր­դէ մեր գոր­ծու­նէու­թիւնն ու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։Ո­րով­հե­տեւ ըն­կեր ­Գո­գո­յի ներ­կա­յու­թիւ­նը մեր կող­քին՝ գա­ղա­փա­րա­կան ամ­րու­թեան, սկզբուն­քայ­նու­թեան, պայ­քա­րու­նակ ո­գիի դրսեւ­րումն էր, ո­րով սոր­վե­ցանք ա­ռաջ­նոր­դո­ւիլ բո­լորս։ Ե­թէ միայն մէկ նա­խա­դա­սու­թեամբ ու­զէինք նկա­րագ­րել իր ե­զա­կի անձ­նա­ւո­րու­թիւնն ու կու­սակ­ցու­թեան մէջ ներդ­րու­մը, վստա­հա­բար իր քա­ղա­քա­կան մտա­ծե­լա­կեր­պի եւ քա­ղա­քա­կան հա­սու­նու­թեան մա­սին խօս­քը պի­տի ըլ­լար։ Ո­րով­հե­տեւ ինքն էր, կու­սակ­ցա­կան այլ ըն­կեր­նե­րու փոք­րա­թիւ խում­բի մը հետ, որ ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան քա­ղա­քա­կան կազ­մա­ւոր­ման տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին, հա­սուն քա­ղա­քա­կան կե­ցո­ւածք պար­տադ­րե­ցին ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի մեր գոր­ծու­նէու­թեան, հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան դաշ­տին մէջ կեն­սա­գոր­ծե­լով ընդ­հա­նուր քա­ղա­քա­կան ուղ­ղո­ւա­ծու­թիւնն ու բնոյ­թը։ ­Նոյն այս մթնո­լորտն էր մեր ժո­ղով­նե­րուն ըն­թաց­քին, որ բուռն վի­ճա­բա­նու­թիւն­նե­րու ա­ռիթ կու­տար յա­ճախ։ Այն էր որ խո­րա­ցուց քա­ղա­քա­կան միտ­քի զար­գա­ցու­մը եւ քննա­կան մտա­ծե­լա­կեր­պը մեր մօտ։ Ըն­կեր­նե­րու այդ խում­բը սկիզ­բը դրաւ հրա­տա­րակ­չա­կան աշ­խա­տան­քի ալ, լոյս ըն­ծա­յե­լով «Ար­մե­նի­քա ­Թե­մա­թա» յու­նա­լե­զու պար­բե­րա­կա­նը եւ ­Հայ ­Դա­տի հար­ցե­րը հրամց­նե­լով յոյն հան­րու­թեան։ ­Մա­մու­լի եւ քա­րոզ­չու­թեան հան­դէպ նոյն զգայ­նու­թիւնն ու գի­տակ­ցու­թիւ­նը պա­հեց ընկ. ­Գո­գոն նաեւ «Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թի անհ­րա­ժեշ­տու­թեան ու տա­րած­ման ա­ռըն­չու­թեամբ։Ըն­կեր ­Գո­գոն յատ­կան­շո­ւե­ցաւ գա­ղա­փա­րա­կան ա­մուր կառ­չա­ծու­թեամբ եւ կազ­մա­կեր­պա­կան սկզբուն­քայ­նու­թեամբ։ ­Հասկ­նա­լով հան­դերձ մարդ­կա­յին տկա­րու­թիւն­նե­րը, ան հա­մո­զո­ւած էր պայ­քա­րի ո­գիի ար­դիւն­քին մա­սին, որ երբ դժո­ւար կա­ցու­թիւն­նե­րու առ­ջեւ մար­դուս կը վհա­տեց­նեն ու կը հիաս­թա­փեց­նեն, լու­ծու­մը կու­գայ միայն սկզբուն­քա­յին ա­մուր ու յա­մառ պայ­քա­րին ճամ­բով։ «­Պի­տի պայ­քա­րիս, որ­քան ալ գիտ­նաս որ դժո­ւար է։ ­Յոյսդ պի­տի չկորսնց­նես, այլ յա­ւե­լեալ յա­մա­ռու­թեամբ պի­տի պայ­քա­րիս» կ­՚ը­սէր ան։Իսկ ինք՝ այդ­պէս էր թէ մեր ժո­ղով­նե­րուն ըն­թաց­քին, թէ դաշ­նակ­ցա­կան կամ ազ­գա­յին իր բո­լոր գոր­ծե­րուն մէջ։Ան խո­րա­պէս հա­ւա­տաց մեր կու­սակ­ցա­կան ու գա­ղու­թա­յին կա­ռոյց­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեան եւ ա­նոնց մի­ջո­ցաւ տա­րո­ւող կազ­մա­կեր­պա­կան գոր­ծին ի շահ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի, ի շահ հա­յու­թեան։ Իր ստանձ­նած պաշ­տօն­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն, գոր­ծակ­ցե­ցաւ շա­տե­րու հետ։ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի որ­պէս ներ­կա­յա­ցու­ցիչ կամ ան­դամ, Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ կամ ան­դամ, Հ.Յ.Դ. ­Կո­մի­տէ­նե­րու, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան Տն­տե­սա­կան եւ Ու­սում­նա­կան յանձ­նա­խում­բե­րուն մէջ կա­րե­ւոր ներդ­րու­մով, ա­պա նաեւ գա­ղու­թի ան­դամ­նե­րու կամ կու­սակ­ցա­կան ըն­կեր­նե­րու մտեր­մու­թեան մէջ, ան ամ­բող­ջու­թեամբ տէր կանգ­նե­ցաւ դաշ­նակ­ցա­կա­նի իր եր­դու­մին, հան­դի­սա­նա­լով նո­ւի­րու­մի վառ օ­րի­նակ։ Իսկ երբ կա­ցու­թիւն­նե­րը կը բար­դա­նա­յին, կամ ըն­կե­րա­կան վի­ճա­բա­նու­թիւն­նե­րու շեշ­տը կ’ա­ւել­նար, յան­կարծ ան՝ իւ­րա­յա­տուկ հիւ­մո­րի զգա­ցու­մով, դրա­կան «է­ներ­կիա» կը հա­ղոր­դէր շրջա­պա­տին։ Իր սուր միտ­քը հիւ­մո­րի ան­զու­գա­կան դրսե­ւո­րում­ներ ու­նե­ցած է, գէթ՝ ոչ շատ լայն շրջա­նակ­նե­րուն մէջ։ Այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ, զինք ճնշող ու տագ­նա­պեց­նող բազ­մա­թիւ հար­ցե­րը ­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ Ս­փիւռ­քի ի­րա­վի­ճակ­նե­րը, եր­բեք չկա­րո­ղա­ցան ճնշել իր հո­գե­կան եւ է­նէր­գե­տիկ հզօր պա­շար­նե­րուն վրայ, ո­րով­հե­տեւ ան լաւ կը գի­տակ­ցէր թէ մէկ էր թի­րա­խը։ ­Հա­յու­թեան ու­ժի ամ­բող­ջա­կան ճա­ռա­գայ­թու­մը։ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­ւա­տա­րիմ զի­նո­ւո­րի հան­գա­ման­քով, ան այս ուղ­ղու­թեամբ ա­մէն օր կը վե­րա­նո­րո­գէր իր ուխ­տը՝ ընդ­միշտ եւ նո­ւի­րա­բար ծա­ռա­յե­լով ո­րե­ւէ պաշ­տօ­նէ, եւ շատ շատ ան­գամ­ներ գե­րա­դա­սե­լով հա­ւա­քա­կա­նը անձ­նա­կա­նին։ Ա­ւե­լիով…Այս պա­հուս, պատ­րաստ ենք հրա­ժեշտ տա­լու ի­րեն։ ­Բաժ­նո­ւե­լու մեր հա­ւա­տա­ւոր, գա­ղա­փա­րա­պաշտ, վաս­տա­կա­ւոր ըն­կեր ­Գո­գո­յէն։
­Մեր խո­րին ցա­ւակ­ցու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք իր ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րուն՝ Ա­լե­նու­շին, ­Ռազ­մի­կին, ­Նա­նօ­րին, ­Սո­նա­յին ու ­Շա­հա­նին եւ բո­լոր հա­րա­զատ­նե­րուն, ո­րոնք ծա­ռա­յու­թեան նոյն ճամ­բէն կ’ուղ­ղո­ւին, օ­րի­նա­կե­լի նո­ւի­րու­մով։
­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Բիւ­րո­յի, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի, Հ.Յ.Դ. «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» կո­մի­տէու­թեան եւ Հ.Յ.Դ. բո­լոր կո­մի­տէ­նե­րու ու գա­ղա­փա­րի ըն­կեր­նե­րուն, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի, ­Հա­մազ­գա­յի­նի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ինչ­պէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ ­Պա­տա­նե­կան միու­թիւն­նե­րուն եւ յու­նա­հա­յու­թեան ա­նու­նով խո­րին ցա­ւակ­ցու­թիւն­ներ կը փո­խան­ցենք ընկ. ­Գո­գո­յի ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րուն, մօ­տիկ ու հե­ռա­ւոր ըն­կեր­նե­րուն։
­Յի­շա­տա­կը վառ պի­տի մնայ մեր հո­գի­նե­րուն մէջ։