Շա­բաթ՝ 9 ­Յու­նո­ւա­րի ա­ռա­ւօ­տուն, Է­լեւ­սի­նա­յի ռազ­մա­կան օ­դա­կա­նա­յէն պի­տի ա­ռա­քո­ւի Հ.Կ.­Խա­չի եւ Հ.Գ.­Խա­չի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ՝ Ար­ցա­խին հա­մար հա­ւա­քո­ւած մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան երկ­րորդ բա­ժի­նը։ Ինչ­պէս 12 ­Դեկ­տեմ­բե­րին ռազ­մա­կան օ­դա­նաւ մը փո­խադ­րած էր օգ­նու­թեան ա­ռա­ջին բա­ժի­նը, այս ան­գամ եւս, ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց եւ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու սի­րա­յօ­ժար տրա­մադրու­թեամբ, երկ­րորդ բեռ­նա­տար ռազ­մա­կան օ­դա­նա­ւը լե­ցուն է մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան ի­րե­րով եւ պատ­րաստ է վա­ղը մեկ­նե­լու դէ­պի «­Զո­ւարթ­նոց» օ­դա­կա­յանը։ Թ­ռիչ­քին դար­ձեալ պի­տի ըն­կե­րակ­ցին յու­նա­հայ գա­ղու­թի կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ո­րոնք ­Հա­յաս­տա­նի Հ.Օ.Մ.ի գրա­սե­նեա­կին եւ տե­ղա­կան կա­ռոյ­ցի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն պի­տի փո­խան­ցեն ամ­բող­ջա­կան օգ­նու­թիւ­նը, որ­պէս­զի այն ան­մի­ջա­պէս հաս­նի Ար­ցա­խի տա­ռա­պող ժո­ղո­վուր­դին։ Ն­շենք, որ մօտ ա­տե­նէն, ծրագ­րո­ւած է մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան եր­րորդ բա­ժինն ալ ու­ղար­կել ­Հա­յաս­տան։